Մամլոյ հաղորդագրութիւն «Աւրորայի Աղօթք»ին

Աշխար­հի վրայ մո­լեգ­նող պա­տերազմնե­րու եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու են­թա­պատ­կե­րին վրայ խիստ անհրա­ժեշտ կը դառ­նան խա­ղաղու­թեան եւ մար­դա­սիրա­կան գա­ղափար­նե­րու դրսե­ւորումնե­րը արո­ւես­տի բնա­գաւա­ռին մէջ։ Ուստի, մեծ յու­զումով եւ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեամբ հան­րութեան դա­տին պէտք է յանձնենք Աւ­րո­րայի Աղօթ­քը տե­սահո­լովա­կը, որու շուրջ աշ­խա­տանքնե­րը, պայ­մա­նաւո­րուած հա­մավա­րակով եւ մեր Հայ­րե­նիքի ցնցումնե­րով, տե­ւած են շուրջ 4 տա­րի։

Չա­փազանց յու­զիչ, բայց շատ վեհ գա­ղափա­րով այս ստեղ­ծա­գոր­ծութիւնն աղօթք է ու­ղո­ւած Տի­րամօր՝ բո­լոր պա­տերազմնե­րուն որ­բա­ցող ան­մեղ մա­նուկնե­րուն հա­մար։ Որ­բեր, որոնք բո­լորէն շատ աւե­լի ծանր կը կրեն պա­տերազմնե­րու ու ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու հե­տեւանքնե­րը։ Ու­րեմն, բո­լորս՝ յատ­կա­պէս աշ­խարհի բո­լոր մայ­րե­րը, պէտք է միանան Աւ­րո­րային՝ հաս­տա­տելու հա­մար թէ պա­տերազ­մը չա­րիք է, որ ամէն վայրկեան կա­րող է թա­կել իւ­րա­քան­չիւրի դու­ռը…։

Եր­գի հե­ղինակ՝ Յաս­միկ Հախ­վերդեան

Գոր­ծի­քաւո­րու­մը՝ Karen & SevakProduction

Տե­սահո­լովա­կի ռե­ժիսոր՝ Հրանդ Մով­սի­սեան

Հնչիւ­նա­յին ռե­ժիսոր՝ Հմա­յակ Ռոս­տո­մեան

Եր­գը կը կա­տարէ պոլ­սա­հայ երգչու­հի Սիպիլը

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ