«Կոմիտաս» կրկին կը բեմադրուի

Առաջին ներ­կա­յացու­մը Իս­թանպու­լի 24-որդ փա­ռատօ­նի ըն­թացքին կա­տարո­ւած «Կո­միտաս» 11 ամ­սո­ւայ ընդհա­տու­մէ մը ետք Կո­միտաս վար­դա­պետի մա­հուան տա­րելի­ցին, 22 Հոկ­տեմբե­րին դար­ձեալ կը բե­մադ­րո­ւի։

«Եոլ­ճու» (Ճամ­բորդ) թա­տերա­խումբը այս մա­սին կ՚ընէ հե­տեւեալ հա­ղոր­դագրու­թիւնը. «Անա­տոլո­ւի հա­զարա­ւոր ժո­ղովուրդա­կան եր­գե­րը հա­ւաքե­լով հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թին մեծ ժա­ռանգ մը աւան­դած Կո­միտաս վար­դա­պետի կեան­քը Յակւբ Մա­միկո­նեանի խմբա­վարու­թեան ներ­քեւ Լու­սա­ւորիչ Երգչա­խումբի մաս­նակցու­թեամբ կրկին կը բե­մադ­րո­ւի Գումգա­բուի Որ­դո­ւոց Որոտ­ման Եկե­ղեց­ւոյ մէջ»։

Թատ­րերգու­թեան հե­ղինակն է Ահ­մետ Սա­մի Էօզ­պուտաք, որ ստանձնած է նաեւ բե­մադ­րութիւ­նը։ Ֆեհ­մի Գա­րաաս­լա­նի մարմնա­ւորած «Կո­միտաս» 22-23 Հոկ­տեմբեր թո­ւական­նե­րուն թրքե­րէն եւ 24 Հոկ­տեմբե­րին ալ թրքե­րէն վեր­նա­գիրով ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րով պի­տի բե­մադ­րո­ւի։ Այս բե­մադ­րութեան հե­տեւե­լու հա­մար տոմ­սակնե­րը կա­րելի է ապա­հովել mobiletcom եւ babasahne.com հաս­ցէ­ներէն

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ