Լոյս տեսաւ Վարդան Մատթէոսեանի աշխատութիւնը

Լոնտո­նի Bloomsbury Publishing ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ճիւ­­­ղե­­­­­­­րէն մէ­­­կը՝ I. B. Tauris հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տու­­­նը, վեր­­­ջերս լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յեց հա­­­յագէտ դոկտ. Վար­­­դան Մատ­­­թէոսեանի անգլե­­­րէն աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թիւնը՝ The Politics of Naming the Armenian Genocide։ Language, History and «Medz Yeghern» («Հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը անո­­­ւանե­­­լու քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թիւնը. լե­­­զու, պատ­­­մութիւն եւ Մեծ Եղեռն»), որ հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան նոր՝ «Հա­­­յերը ար­­­դի եւ վաղ ար­­­դի աշ­­­խարհին մէջ» մա­­­տենա­­­շարին առա­­­ջին հա­­­տորը կը կազ­­­մէ։

Տաս­­­նա­­­­­­­մեակի մը տքնա­­­ջան ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան ար­­­դիւնք այս գիր­­­քը կը քննէ «Մեծ Եղեռն» անո­­­ւան ծա­­­գումն ու զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մը։ Հա­­­յոց դէմ գոր­­­ծո­­­­­­­ւած եղեռ­­­նը (ոճի­­­րը) լայ­­­նօ­­­­­­­րէն ըն­­­դունո­­­ւած է պատ­­­մա­­­­­­­բան­­­նե­­­­­­­րու կող­­­մէ իբ­­­րեւ 20րդ դա­­­րու ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան դա­­­սական պա­­­րագա­­­ներէն մէ­­­կը, բայց անոր ճշգրիտ իրա­­­ւական սահ­­­մա­­­­­­­նու­­­մը սուր պայ­­­քա­­­­­­­րի ու բա­­­նավէ­­­ճի առար­­­կայ դար­­­ձած է մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան մէջ։ Դոկտ. Մատ­­­թէոսեան իր ու­­­շադրու­­­թիւնը սե­­­ւեռած է պատ­­­մագրու­­­թեան մէջ ան­­­տե­­­­­­­սուած ու սխալ մէկ­­­նա­­­­­­­բանո­­­ւած նիւ­­­թի մը վրայ, որ­­­դեգրե­­­լով պատ­­­մա­­­­­­­կան, լե­­­զուա­­­կան, գրա­­­կան ու քա­­­ղաքա­­­կան բազ­­­մա­­­­­­­կող­­­մա­­­­­­­նի մօ­­­տեցում մը։ Ան հե­­­տաքննած է հա­­­յոց զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին ջարդն ու ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը անո­­­ւանող եզ­­­րե­­­­­­­րուն զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մը հին ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րէն մին­­­չեւ ար­­­դի շրջա­­­նը, որուն հա­­­մար օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած է հայ եւ օտար մա­­­տենա­­­գիտու­­­թեան ու պար­­­բե­­­­­­­րական մա­­­մու­­­լի մե­­­ծածա­­­ւալ հա­­­ւաքա­­­ծոյ մը։ «Եղեռն» բա­­­ռի մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թե­­­­­­­նէն սկսե­­­լով, հե­­­ղինա­­­կը ցոյց տո­­­ւած է, թէ ինչպէ՞ս անոր գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան աս­­­տի­­­­­­­ճանա­­­կան բնաշրջու­­­մը՝ «ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն» բա­­­ռի ծնունդին (1944) եւ ոճի­­­րի մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ճա­­­նաչ­­­ման ի խնդիր պա­­­հան­­­ջա­­­­­­­տիրու­­­թեան զու­­­գընթաց։ Աղէ­­­տալի պատ­­­մա­­­­­­­կան դէպք մը կո­­­չելու քա­­­ղաքա­­­կանու­­­թեան ու քա­­­ղաքա­­­կան խա­­­ղերուն այս խո­­­րաթա­­­փանց հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւնը կ՚ընդգրկէ ու­­­շա­­­­­­­դիր քննար­­­կումը ան­­­ցեալ եր­­­կու տաս­­­նա­­­­­­­մեակ­­­նե­­­­­­­րուն «Մեծ Եղեռն» անո­­­ւան օգ­­­տա­­­­­­­գործման եւ շա­­­հագործման՝ Վա­­­տիկա­­­նի, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նա­­­հանգնե­­­րու կող­­­մէ, եւ անոր ար­­­ձա­­­­­­­գանգնե­­­րուն հայ­­­կա­­­­­­­կան ոլոր­­­տին մէջ։

«Հա­­­յոց ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը զիս յատ­­­կա­­­­­­­պէս չէր հե­­­տաքրքրած իբ­­­րեւ հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւննե­­­րու գլխա­­­ւոր նիւթ, մին­­­չեւ որ այս դա­­­րաս­­­կիզբին «Մեծ Եղեռն» անու­­­նը մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին բե­­­մահար­­­թակ մտաւ եւ անոր իմաս­­­տը հաս­­­տա­­­­­­­տելու հե­­­ղինա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէ կամ անհրա­­­ժեշտ գի­­­տու­­­թե­­­­­­­նէ զուրկ դե­­­րակա­­­տար­­­ներ ժխտման գոր­­­ծի­­­­­­­քի վե­­­րածե­­­ցին զայն», կ՚ըսէ դոկտ. Մատ­­­թէոսեան։ «Ահա այստեղ է, որ հա­­­յերէ­­­նը երե­­­ւան կու գայ իբ­­­րեւ ան­­­տե­­­­­­­սուած ու էական աղ­­­բիւր՝ հասկնա­­­լու, թէ անու­­­նը ի՞նչ կը նշա­­­նակէ լե­­­զուն խօ­­­սող­­­նե­­­­­­­րուն հա­­­մար, որոնք եղած են ու կը մնան նման հե­­­ղինա­­­կու­­­թիւն ու գի­­­տելիք ու­­­նե­­­­­­­ցող միակ ան­­­ձե­­­­­­­րը։ Աշ­­­խա­­­­­­­տեցայ

հաս­­­տա­­­­­­­տել «եղեռն» բա­­­ռի տար­­­բեր իմաստնե­­­րը պատ­­­մութեան ըն­­­թացքին, զու­­­գադրե­­­լով “ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն” բա­­­ռի գոր­­­ծա­­­­­­­ծու­­­թեան հայ­­­կա­­­­­­­կան մի­­­ջավայ­­­րին մէջ 1945էն սկսեալ, ինչպէս եւ հաշ­­­տեցնել այդ իմաստնե­­­րը՝ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը անուանե­­­լու քա­­­ղաքա­­­կան ներ­­­կայ մի­­­տումնե­­­րուն հե­­­տե, կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ան։ «Կը կար­­­ծեմ որոշ ներդրում մը կա­­­տարած ըլ­­­լալ, որ աւե­­­լի լաւ ըմբռնո­­­ւի ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նագի­­­տական հար­­­ցե­­­­­­­րու հան­­­դէպ բազ­­­մա­­­­­­­կող­­­մա­­­­­­­նի մօ­­­տեց­­­ման մը անհրա­­­ժեշ­­­տութիւ­­­նը, միաժա­­­մանակ սե­­­ղանի վրայ դնե­­­լով տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րու եւ վեր­­­լուծումնե­­­րու հան­­­րա­­­­­­­գու­­­մար մը, որ ու­­­սումնա­­­սիրող­­­նե­­­­­­­րուն մատ­­­չե­­­­­­­լի չէր»։

Փրոֆ. Պետ­­­րոս Տէր Մա­­­թոսեան (Նեպ­­­րասքա­­­յի հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան, Լին­­­քըն)՝ «Հա­­­յերը ար­­­դի եւ վաղ ար­­­դի աշ­­­խարհին մէջ» մա­­­տենա­­­շարի գլխա­­­ւոր խմբա­­­գիրը, կը յայտնէ. «Իրա­­­պէս ոգե­­­ւորո­­­ւած ենք Վար­­­դան Մատ­­­թէոսեանի բարձրո­­­րակ գիր­­­քի հրա­­­տարա­­­կու­­­թեամբ, որ հրա­­­պարակ կ՚ել­­­լէ ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան պա­­­հու մը, երբ ժխտո­­­ղական­­­նե­­­­­­­րը, ըլ­­­լայ թրքա­­­կան պե­­­տու­­­թիւնն ու իր կար­­­գուսար­­­քը կամ առան­­­ձին ան­­­հատներ, կ՚օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծեն ու կը շա­­­հագոր­­­ծեն «եղեռն» հաս­­­կա­­­­­­­ցու­­­թիւնը՝ Օս­­­մա­­­­­­­նեան կայսրու­­­թեան բնիկ հայ բնակ­­­չութեան դէմ Ա. Աշ­­­խարհա­­­մար­­­տին գոր­­­ծո­­­­­­­ւած ոճիր­­­նե­­­­­­­րը բնո­­­րոշող «ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւն» բա­­­ռէն խու­­­սա­­­­­­­փելու հա­­­մար։ Դոկտ. Մատ­­­թէոսեանի միջ­­­գի­­­­­­­տակար­­­գա­­­­­­­յին (interdisciplinary) մօ­­­տեցու­­­մը եւ բծախնդիր հե­­­տազօ­­­տու­­­թիւնը հաս­­­կա­­­­­­­ցու­­­թեան ծա­­­գու­­­մը կը լու­­­սա­­­­­­­բանէ գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րու եւ պարզ ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մար՝ գծե­­­լով անոր ճա­­­նապար­­­հը 20-րդ եւ 21-րդ դա­­­րերուն»։

Դոկտ. Վար­­­դան Մատ­­­թէոսեան, որ ներ­­­կա­­­­­­­յիս Միացեալ Նա­­­հանգնե­­­րու Արե­­­ւելեան թե­­­մի Ազ­­­գա­­­­­­­յին Առաջ­­­նորդա­­­րանի (Նիւ Եորք) դի­­­ւանա­­­պետի պաշ­­­տօ­­­­­­­նը կը վա­­­րէ, պատ­­­մութեան եւ գրա­­­կանու­­­թեան մաս­­­նա­­­­­­­գէտ է։ Վեր­­­ջին 35 տա­­­րինե­­­րուն հա­­­յերէն, անգլե­­­րէն եւ սպա­­­ներէն 8 հա­­­տոր հրա­­­տարա­­­կած է՝ հա­­­յոց պատ­­­մութեան, գրա­­­կանու­­­թեան ու լե­­­զուի մա­­­սին, եւ սպա­­­ներէ­­­նի ու անգլե­­­րէնի թարգմա­­­նած՝ 22 գիրք։ Խմբագ­­­րած է հա­­­յերէն, սպա­­­ներէն եւ անգլե­­­րէն կարգ մը հա­­­տոր­­­ներ, եւ հրա­­­տարա­­­կած՝ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւններ, թարգմա­­­նու­­­թիւններ եւ հրա­­­պարա­­­կագ­­­րա­­­­­­­կան յօ­­­դուած­­­ներ հայ եւ օտար մա­­­մու­­­լին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ