Հայաստանեան Օրակարգ

Արցախեան պա­տերազ­մի պար­տութիւ­նով աւար­տե­լէն ետք Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­կան դաշ­տը կը շա­րու­նա­կէ բա­ւակա­նին եռուն երե­ւոյթ մը պար­զել։ Մէկ կող­մէ Թուրքիոյ նա­խագա­հի իրա­կանու­թեան մէջ յստակ պատ­գամ մը փո­խան­ցե­լէ հե­ռու յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, միւս կող­մէ Իլ­համ Ալիեւի առ­կայ բո­լոր տա­րակար­ծութիւննե­րով հան­դերձ Հա­յաս­տա­նի հետ խա­ղաղու­թեան դա­շինք մը կնքե­լու հա­մար աճա­պարան­քը շատ հե­ռու են կա­յուն օրա­կարգ մը ի գործ դնե­լէ։ Նա­խորդ շա­բաթո­ւայ ըն­թացքին երկրի օրա­կար­գը ծան­րա­բեռ­նուած էր մէկ կող­մէ տուն վե­րադար­ձող հինգ զի­նուոր­նե­րու պատ­ճա­ռած ու­րա­խու­թիւնով, միւս կող­մէ շրջա­նային վար­չութիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րու հե­տեւանքնե­րով։

Նի­կոլ Փա­շինեանի գլխաւորած դա­շին­քը ծանր պար­տութիւ­նով մը դուրս եկաւ Կիւմրիի եւ Կո­րիսի ընտրու­թիւննե­րէն։ 17 Հոկ­տեմբե­րին կա­յացող ընտրու­թիւննե­րուն մաս­նակցու­թիւնը մնաց 32 տո­կոսի սահ­մաննե­րով։

Յա­ռաջի­կայ Նո­յեմ­բեր եւ Դեկ­տեմբեր ամիս­ներու ըն­թացքին եւս պի­տի կա­յանան շրջա­նային ընտրու­թիւններ։ Ընտրու­թիւննե­րը եւ անոնց ար­դիւնքնե­րը բա­ւակա­նին խօ­սուն են, այն առու­մով թէ ժո­ղովուրդը իր ընտրու­թեան մէջ կը կա­րեւո­րէ նաեւ թեկ­նա­ծուի յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Այսպէս 20 Յու­նի­սին իշ­խող կու­սակցու­թեան ի նպաստ քո­ւէար­կած կիւմրե­ցիներ վեր­ջին ընտրու­թիւննե­րուն զօ­րակ­ցե­ցան ընդդի­մադիր թեկ­նա­ծուին։

Այս շա­բաթո­ւայ կա­րեւոր ան­ցուդարձնե­րէն մէկն ալ պոլ­սա­հայոց ծա­նօթ դի­ւանա­գէտի մը՝ Ար­սէն Աւա­գեանի Պարսկաս­տա­նի Աւագ Դես­պան նշա­նակո­ւիլըն էր։ Ար­սէն Աւա­գեան Թուրքիոյ մէջ պաշ­տօ­նավա­րած շրջա­նին ար­ժա­նացած էր բա­ւական լայն շրջա­նակի մը հա­մակ­րանքին։ Ան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան Թուրքիոյ մէջ պաշ­տօն ստանձնած առա­ջին դի­ւանա­գէտն էր եւ իր մտա­ւորա­կան պա­շար­նե­րով ոչ միայն տեղ­ւոյն հայ հա­մայնքին, այլ թուրք մտա­ւորա­կան շրջա­նակ­նե­րու մէջ ալ որոշ համ­բա­ւի մը տի­րացած էր։ Այդտեղ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցան իր հրա­տարա­կած ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րը չեր­քէզնե­րու, իթ­թի­հատա­կան­նե­րու եւ դա­շնակ­ցա­կան­նե­րու հա­մագոր­ծակցու­թեան նիւ­թե­րով։

«Ակօս»ի անու­նով յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք մեր վա­ղեմի բա­րեկամ Ար­սէն Աւա­գեանին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ