Արմութլուի զբօսաշրջութեան հեռանկարներ

«Ակօս»ի հայերէն էջերու ընթերցողներուն ծանօթ անուն մըն է ակադէմական Էրսոյ Սոյտան։ Ան մեր նախորդ թիւերուն յայտնուած է պատմամշակութային բնոյթի զանազան յօդուածներով։ Սոյտան այժմ կը պաշտօնավարէ Քասթամոնու համալսարանի մէջ իբրեւ արուեստի պատնութեան մասնագէտ։ Ան 22 Հոկտեմբերին «Եալովայի Հետազօտումներու Համագումար»ին զեկուցեց նիւթ ունենալով Արմութլու գաւառի պատմական ու մշակութային աւանդը։ Բացի փոխանցած գիտելիքներէ, մեր սիրելի բարեկամը միտքեր փոխանակեց նաեւ տուեալ տարածքի զբօսաշրջական կարողութիւններուն մասին։ Էրսոյ Սոյտանի զեկոյցը որոշ կրճատումներով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան։

ՏՈՑ. ՏՈՔԹ. ԷՐՍՈՅ ՍՈՅՏԱՆ

ersoy.soydan@gmail.com

Եալո­վա քա­ղաքի Ար­մութլու գա­ւառը նոյ­նա­նուն թե­րակղզիի ծայ­րա­մասին, 18 քմ. ծո­վափով, պատ­մա­կան ջեր­մուկնե­րով եւ անա­ղարտ բնու­թիւնով Մար­մա­րա ծո­վու կա­րեւոր զբօ­սաշրջա­կան վայ­րե­րէն մէկն է։

Գա­ւառի զբօ­սաշրջա­կան յատ­կութիւննե­րուն մէջ ջեր­մուկնե­րը աւե­լի կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցած են։ Ծո­վային լո­գան­քի եղա­նակը կար­ճա­տեւ ըլ­լա­լուն, հիւ­րա­նոց­նե­րու հա­մար շատ ալ հե­տաքրքրա­կան չե­ղած Ար­մութլու, աւե­լի ամա­ռանոց­նե­րով ու­շագրաւ է։

2006-ին այս գա­ւառը –Զբօ­սաշրջա­կան թեր­մալ տա­րածք- ըլ­լա­լով յայտնո­ւեցաւ եւ այդ թո­ւականէն ետք ջեր­մուկ բաղ­նիքներ ու­նե­ցող նոր հիւ­րա­նոց­ներ բա­ցուե­ցան։ Այսպէ­սով զար­գա­նալ սկսաւ առող­ջա­պահա­կան զբօ­սաշրջու­թիւնը։ Ան­տա­րածածկ թե­րակղզին յատ­կա­պէս իր գիւ­ղե­րով էքո­լոկիական զբօ­սաշրջու­թեան ալ կա­րեւոր նե­րուժ ու­նի։

Կ՚արժէ անդրա­դառ­նալ նաեւ մշա­կու­թա­յին զբօ­սաշրջու­թեան հնա­րաւո­րու­թիւննե­րուն։ Գա­ւառը ու­նի պաշ­տօ­նապէս գրան­ցո­ւած 24 պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող բնա­կարան, պատ­մա­կան ջեր­մուկն ու բաղ­նի­քը, Հա­ճի Ալի Փա­շայի մզկի­թը եւ կա­մուրջը, որոնք յի­շար­ժան մշա­կու­թա­յին նմոյշներ են։ Նկաս­տի ու­նե­նալով ան­ցեալին քա­նի մը գե­ղարուստա­կան ֆիլ­մե­րու Ար­մութլո­ւի ծա­նօթաց­ման բե­րած նպաս­տը, այստեղ հե­ռուստա­սերիալի մը նկա­րահա­նու­մը ալ աւե­լի պի­տի նպաս­տէ զբօ­սաշրջու­թեան զար­գացման։

Նշած էինք թէ Ար­մութլու գա­ւառը նոյ­նա­նուն թե­րակղզիի արեւմտեան ծայ­րա­մասին, 28 հա­զար հեկ­տար տա­րածք ու­նե­ցող ծո­վափ­նեայ վայր մըն է։ Ամե­նաբարձր հա­տուա­ծը Տեզ լեռն է, 992 մ, բարձրու­թիւնով։ Ու­նի Ֆըս­թըքլը, Մե­ճիտի­յէ, Քա­փաք­լը, Հայ­րի­յէ եւ Սե­լիմի­յէ անուննե­րով հինգ գիւ­ղեր։ Ընդհա­նուր բնակ­չութիւ­նը 8848 է որուն 2479 գիւ­ղա­ցիներ են։

Բու­սա­կանու­թիւնը կը բաղ­կա­նայ թու­փե­րէ, ձի­թենի­ներէ եւ տա­րած­քի մե­ծամաս­նութիւ­նը կազ­մող ան­տառնե­րէ։ Այս ան­տառնե­րը հա­րուստ են նաեւ վայ­րի կեն­դա­նու­թեամբ։ Ամառ­նա­յին եղա­նակը շոգ է, իսկ ձմեռ­նե­րը առատ տե­ղումնե­րով ու մեղմ։

Էվ­լի­յա Չե­լեպի գա­ւառի անո­ւանու­մը կը բա­ցատ­րէ տան­ձե­նինե­րով։ Սա­կայն այլ աղ­բիւրներ Ար­մութլու բա­րին ստու­գա­բանու­թեան հա­մար կը նշեն «ար­մօ­տա» եզ­րը, որ արեւմտեան լե­զու­նե­րու մէջ նա­ւատոր­մի իմաստ ու­նի։

Ար­մութլու Օս­մա­նեան կայսրու­թեան շրջա­նին Կեմ­լիք եւ Մու­տա­նիոյ հետ Քե­թէ աւա­նին կա­պուած գիւ­ղա­քաղաք մըն էր։ Ան­ցեալի այդ կա­րեւոր աւա­նը այ­սօր Պրու­սա­յի Նի­լիւ­ֆեր գա­ւառի մէկ թա­ղամա­սին վե­րածո­ւած է։

1335 թո­ւին Օր­հան Կա­զի ար­շա­ւեց այդ տա­րած­քը եւ Ար­մութլու քա­նի մը ան­գամ տե­ղափո­խուե­լէ, այլ գիւ­ղե­րու հետ միանա­լէ ետք վե­րակա­ռու­ցո­ւեցաւ ներ­կայ դիր­քին վրայ։

Օս­մա­նեան վաղ շրջան­նե­րուն տա­րած­քը ծա­նօթ էր նաեւ «Պու­րունհի­սար» անունով։ Պու­րունհի­սարի կոր­ծա­նու­մէն ետք տե­ղուոյն յոյն բնակ­չութիւ­նը գաղ­թած է Կեմ­լիք։ Ար­մութլո­ւի մեր­ձա­կայ Պոհ­յա­լը եւ Պիւք գիւ­ղե­րու մահ­մե­տական բնա­կիչ­նե­րը նախ Քո­չաչ եւ ապա Ար­մութլու հաս­տա­տուած են։ 1521-ի մար­դա­համա­րին Պոհ­յա­լը եւ Քո­չաչէն եկած­նե­րը զատ զատ գրան­ցո­ւած են։ Այս տո­ւեալ­նե­րով կա­րելի է հաս­տա­տել թէ գա­ւառը ԺԶ դա­րու երկրորդ կէ­սին հաս­տա­տուած է։ Հնա­գիտա­կան պե­ղումնե­րով կա­րելի է յայտնա­բերել նաեւ եր­բեմնի լքեալ կամ աւե­րեալ բնա­կավայ­րե­րը։

Ար­մութլու թե­րակղզիի արեւմտեան ծայ­րա­մասը ծա­նօթ է նաեւ «Պոզ­պուրուն» անու­նով։ Այս անո­ւանու­մին ստու­գա­բանու­թիւնը կը հաս­նի յու­նա­կան դի­ցաբա­նու­թեան ծո­վերու, երկրա­շար­ժի եւ ձիերու չաս­տուած Փո­սէյ­տո­նին։ Փո­սէյ­տոն երբ իր երա­ծայր նի­զակը հո­ղին զար­նէր, երկրա­շարժ կը կա­տաուէր։ Նոյն նի­զակով կ՚ալե­կոծէր կամ կը խա­ղաղեց­նէր ծո­վու ալիք­նե­րը։ Ար­դա­րեւ պատ­մա­կան հին քար­տէզնե­րու վրայ Պոզ­պո­ւրունի գտնուած կէ­տը կը նշո­ւի Փո­սէիտոնի անու­նով։ Աղ­բիւրներ կը վկա­յեն թէ այստեղ եղած է նաեւ Փո­սէիտո­նի ձօ­նուած մե­հեան մը։ Պար­տինք նշել թէ Ար­մութլու կը գտնո­ւի երկրա­շար­ժի առա­ջին կար­գի գօ­տիին վրայ։

Տե­ղացի­ներ կը վկա­յեն թէ ան­ցեալին, այ­սօ­րուայ Պոզ­պուրու­նի փա­րոսի գտնուած վայ­րի վրայ տե­սած են եր­բեմնի այդ մե­հեանի մնա­ցոր­դաց մար­մա­րեայ սիւ­ներ, որոնք ներ­կա­յիս բո­լորո­վին ան­հե­տացած են։

Էվ­լի­յա Չե­լեպի իր պա­տումնե­րուն մէջ կ՚անդրա­դառ­նայ նա­ւաս­տի­ներուն այստեղ օրեր շա­րու­նակ ալե­կոծո­ւած ծո­վուն խա­ղաղի­լը սպա­սելուն։ Անոր վկա­յու­թեամբ այստեղ կը գոր­ծէին խան, հիւ­րա­նոց, փոք­րիկ մզկիթ մը եւ քա­նի մը խա­նութներ։ Էվ­լի­յա Չե­լեպիի պատ­մած նա­ւահան­գիստը Հան­տե­րէ կո­չուած ծոցն էր, ուր դար­ձեալ մին­չեւ մօտ ան­ցեալ գո­յու­թիւնը պա­հած հին շի­նու­թիւննե­րը բո­լորո­վին ան­հե­տացած են։ Այժմ Հան­տե­րէի մէջ երկրի մե­ծագոյն ար­ձա­կուրդի վայ­րե­րէն մէ­կը կա­ռու­ցո­ւած է ու նա­ւահան­գիստն ալ ընդլայ­նած ճամ­բորդա­տար նա­ւերու հա­մար։

Էվ­լի­յա Չե­լեպի ԺԷ դա­րուն այ­ցե­լած եւ միայն մէկ գի­շեր մնա­ցած Ար­մութլուի հա­մար կ՚ըսէ թէ 300 բնա­կարան ու­նի։ 1908-ի տո­ւեալ­նե­րով նոյն գա­ւառի բնա­կարան­նե­րը 333 ըլ­լա­լով գրան­ցո­ւած են։

Մին­չեւ 1920-ական տա­րեթի­ւեր յոյ­նե­րը եւ թուրքե­րը միաս­նա­բար ու հա­մերաշխ ապ­րած են այս տա­րած­քի վրայ։ Յոյ­նե­րը թրքա­խօս էին եւ քա­ղաքի բո­լոր խա­նութնե­րը իրենց կը պատ­կա­նէին։ Սա­կայն որե­ւէ ար­ձա­նագ­րութիւն չկայ ԺԸ դա­րէն առաջ յոյն բնակ­չութեան մա­սին։ Իրենց նախ­նի­ները գաղ­թած են արեւմտեան Յու­նաստա­նի լեռ­նա­յին Ակ­րա­ֆա շրջա­նէն։ 1920-ական­նե­րու սկիզ­բին յո­ւնաց Սուրբ Նի­կողա­յոս եկե­ղեց­ւոյ շուրջ, Քար­շը­եաքա թա­ղի մէջ 180 յոյն ըն­տա­նիք կ՚ապ­րէր։

1922-ին յու­նաց թա­ղամա­սը հրկի­զուած է եւ այդ թա­ղէն հետք մը չէ մնա­ցած։ Իսկ Ար­մութլուի թրքաբ­նակ թա­ղամա­սէն մեր օրե­րուն հա­սած են 24 պատ­մա­կան տու­ներ։

Բնակ­չութեան փո­խանա­կու­մով Յու­նաստան գաղ­թած Ար­մութլո­ւի յոյ­նե­րը ցրո­ւած են եւ չեն կա­րողա­ցած «Նէա Քիոս», «Նէա Մու­տա­նիա», «Նէա Թրիկ­լիա»ի նման «Նէա Ար­մութլու» մը կազ­մել։ Բայց գաղ­թէն հա­րիւր տա­րի անց, Ար­մութլո­ւի նախ­կին բնա­կիչ­նե­րու թոռ­նե­րը կու գան այ­ցե­լելու իրենց պա­պերուն հայ­րե­նի եր­կի­րը։

Այժմ տեղ­ւոյն բնակ­չութիւ­նը կը կազ­մեն տե­ղացի Մա­նաւ­նե­րը, 93-ի գաղ­թա­կան վրա­ցինե­րը, Տրա­մայի փո­խանա­կուած­նե­րը, մա­լաթիացի­ներ, բա­բերդցի­ներ, սղերդցի­ներ եւ Թուրքիոյ զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն եկած­ներ։

Գա­ւառի տնտե­սու­թիւնը կը կա­յանայ ձի­թենի­ներու մշակ­ման ու ձկնոր­սութեան շուրջ։ Աշ­խա­տան­քի կա­րելիու­թիւննե­րուն սահ­մա­նափակ ըլ­լաուն պատ­ճա­ռաւ բնակ­չութեան կա­րեւոր մէկ մա­սը գաղ­թած է Պրու­սա եւ Իս­թանպու­լի նման մեծ քա­ղաք­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ