Եւ տուն վերադարձաւ

ՅՈՎԱԿԻՄ ԱԲՂ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ.ի յիշատակին

Աւե­լի քան երե­սուն եւ հինգ տա­րինե­րու բա­րեկա­մու­թե­նէ ետք դիւ­րին չէ հրա­ժեշտ տալ մէ­կու մը, աշ­խա­տակի­ցի մը, գոր­ծա­կիցի մը, պաշ­տօ­նակի­ցի մը, միաբա­նակի­ցի մը, եղ­բօր մը։ Հոգ չէ թէ ան 2021 տա­րուան գե­րակշռող մա­սը հի­ւան­դա­նոցի սե­նեակին մէջ ան­ցուցած ըլ­լար, հոգ չէ թէ յատ­կա­պէս վեր­ջին օրե­րուն կը նա­խազ­գար տխուր ապա­գան, հոգ չէ թէ գե­ղեցիկ տե­սարան չէր պար­զեր գի­տու­թիւնը մեր աչ­քե­րուն առ­ջեւ, սա­կայն դեռ յոյ­սով լե­ցուն էինք։ Պա­հելով հան­դերձ իրա­պաշ­տութիւ­նը, յոյս ու­նէինք, որ կը բա­րելա­ւուի. սա­կայն այդպէս չի պա­տահե­ցաւ եւ 14 Նո­յեմ­բեր 2021, Կի­րակի գի­շեր իր եղ­բօր ձայ­նը հե­ռախօ­սէն՝ գու­ժեց ան­ժա­մանակ լու­րը. «Մին­չեւ այստեղ է եղեր։ Կորսնցու­ցինք»։

Որ­քան ատե­լի բառ է «վախ­ճան»ը, «վախ­ճա­նիլ»ը, որ սխա­լու­թեամբ կը գոր­ծա­ծուի՝ յատ­կա­պէս հո­գեւո­րական­նե­րուն հա­մար։ Նոյնքան եւ աւե­լի ան­հա­ճոյ ասոյթ մըն է՝ «Ոչ եւս է»ն։ Ո՞վ ըսաւ թէ կորսնցու­ցինք։ Պար­զա­պէս յետ այ­սու իր հետ պի­տի չկա­րենանք ըլ­լալ ֆի­զիքա­պէս։ Չվախ­ճա­նեցաւ, պար­զա­պէս իր երկրա­ւոր կեան­քին օրե­րը լրա­ցան։ «Ոչ եւս» չէ, այլ՝ կայ։ Պար­զա­պէս մեզ նման մարմնա­ւոր չէ։ Մեր հա­ւատ­քը այս կը սոր­վեցնէ մե­զի։

*

Տա­րիներ առաջ մեր Արէ­տը աւար­տե­լով իր բարձրա­գոյն ուսման շրջա­նը, գոր­ծի աս­պա­րէզ իջաւ։ Մինչ այդ, ար­դէն ման­կութեան օրե­րէն իսկ կը ծա­ռայէր եկե­ղեց­ւոյ։ Եկե­ղեցին իր տունն էր։

Փա­փաքե­ցաւ հո­գեւո­րական դառ­նալ եւ ճամ­բայ ելաւ դէ­պի Երու­սա­ղէմ։ Ինչպէս Սաղ­մո­սը կ՚ըսէ. «Ու­րա­խացայ երբ ըսին ին­ծի. եր­թա՛նք Տի­րոջ տու­նը» (ՃԻԱ.1)։ Սա­կայն ինչ-ինչ պատ­ճառնե­րով իր այդ փա­փաքը չի­րակա­նացաւ այս ծրա­գիրը եւ ինք մնաց իր պա­պենա­կան տան մէջ, ըստ կա­րել­ւոյն շա­րու­նա­կելով ծա­ռայել այս քա­ղաքի տան պայ­ծա­ռու­թեան։

Տա­րիներ ան­ցան եւ օրին մէ­կը Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Պատ­րիարք զինք կո­չեց Աս­տուծոյ տան ծա­ռայու­թեան՝ բո­լորո­վին… Եւ ան դար­ձաւ Հայր Թա­թուլ Աբե­ղայ։ Դար­ձաւ իր տու­նը՝ Տի­րոջ տու­նը։ Իր կեան­քը բո­լորո­վին նո­ւիրեց այդ տան։

Եկե­ղեց­ւոյ առըն­թեր, հրա­ւիրո­ւեցաւ ծա­ռայել այլ տան մը եր­դի­քին տակ՝ Պատ­րիար­քա­րանի մէջ։ Յո­վակի­մեան Աթո­ռի ծա­ռայու­թեան մէջ ստանձնեց իրեն վստա­հուած բա­ժինը։ Պատ­րիար­քա­րանը եւս եղաւ իր տու­նը։ Եւ մշտա­կան սպա­սաւո­րը եղաւ այս տան։ Այնքան մշտա­կան, որ վեր­ջին ամիս­նե­րուն, հա­կառակ անո­ղոք հի­ւան­դութեան երբ յա­ջողե­ցաւ բժշկա­կան ար­տօ­նու­թիւն ապա­հովել, եկաւ իր ծա­ռայու­թիւնն ու աշ­խա­տակ­ցութիւ­նը բե­րելու այս զոյգ տու­նե­րուն պայ­ծա­ռու­թեան։

Հա­կառակ իր վատ­թա­րացած առող­ջութեան, ինք միշտ մտա­ծող ու մտա­հոգուող եղաւ այս տու­նե­րուն մա­սին։ Հի­ւան­դա­նոցի ան­կողնին մէջ պառ­կած, քիչ չի զրու­ցե­ցինք իր հետ առօ­րեայ նիւ­թե­րու մա­սին։ Մեր կա­տակ­ներն իսկ այսպի­սի նիւ­թե­րու մա­սին էր. «Հայր Սուրբ, ե՞րբ պի­տի գաս, սրբագ­րութեան ու խմբագ­րե­լու նիւ­թեր ահա­գին կու­տա­կուե­ցան»։ Եւ դառն ժպի­տով կը պա­տաս­խա­նէր…

Վեր­ջին ան­գամ եր­կու ու­ղե­ւորու­թիւններ կա­տարե­ցինք միասին. մէ­կը դէ­պի Մա­լաթիա, իսկ միւ­սը՝ Աղ­թա­մար։ Տկար էր։ Սա­կայն «Քու տանդ նա­խան­ձախնդրու­թիւնը կե­րաւ զիս…» (Սղմ. ԿԸ.10, նաեւ Յովհ. Բ.17)։ Եւս կա­տարեց, ինչ որ կա­րողա­ցաւ։ Կա­տարեց, իր ծա­նօթ բծախնդրու­թեամբ ու կա­տարե­լապաշ­տութեամբ։

Հոկ­տեմբե­րի վեր­ջին օրե­րուն, Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր ըն­կե­րանա­լով այ­ցե­լեր էինք իր սե­նեակը։ Սի­րով ըն­դունեց։ Զրու­ցե­ցինք։ Աշ­խա­տան­քա­յին յու­շե­րու մա­սին խօ­սեցանք եւ ժպտա­ցինք։ Իրեն հա­մար աղօ­թեցինք։ Թոյլ էր, սա­կայն խիստ գի­տակից։ Սա­կայն Նո­յեմ­բեր ամի­սը աւե­լի ծանր էր Հայր Սուրբին հա­մար։ Բժիշկնե­րը նա­խընտրե­ցին խտա­ցեալ դար­մա­նու­մի տակ պա­հել զինք եւ այդպէս ալ եղաւ։ Վեր­ջին օրե­րուն ակա­մայ հե­ռու մնաց իր այնքան սի­րելի «տուն»երէն. ըն­տա­նեկան տու­նէն, Աս­տուծոյ տու­նէն եւ Ազ­գին մեծ տու­նէն՝ Պատ­րիար­քա­րանէն։

Եւ քա­նի մը օրեր առաջ, երբ քա­հանա­ներ իր մար­մի­նը Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցէն առին ու Գումգա­բը բե­րին…, ան վե­րադար­ձաւ իր տու­նը։ Կա­տարուեցաւ իր «Տան կարգ»ը։ Հա­կառակ իր բաղ­դա­տաբար երի­տասարդ տա­րիքին, որ­քան խօ­սած էինք մա­հուան ու յու­ղարկա­ւորու­թեան մա­սին։ Եւ ահա կը սկսէր կա­տարո­ւիլ իր յու­ղարկա­ւորու­թեան կար­գը։ Նման կար­գադրու­թիւն մը…, առանց Հայր Թա­թու­լի կազ­մա­կերպչա­կան ներդրու­մին։ Դժուար եւ յու­զիչ էր պա­հը։ Ան վե­րադար­ձած էր իր ա՛յնքան սի­րելի եւ տա­քուկ տու­նը։ Այժմ կը վա­յելէ հո­վանին Ս. Աս­տուածա­ծին Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարին, ուր քա­նի-քա­նի հան­դի­սու­թիւննե­րու մաս­նակցած կամ անոնց կազ­մա­կերպչա­կան աշ­խա­տանքնե­րը գլխա­ւորած էր։

Եւ ար­դէն եր­կու օր ետք՝ 18 Նո­յեմ­բե­րին Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարին մէջ պի­տի կա­տարո­ւի վեր­ջին օծ­ման եւ յու­ղարկա­ւորու­թեան կար­գը Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­շեանին։ Ճիշդ է, որ պի­տի յու­ղարկենք զինք յա­ւիտե­նակա­նու­թեան, սա­կայն կը հա­ւատանք, որ ան կ’եր­թայ իր «տուն»ը, վա­յելե­լու ուր են իր Երկնա­ւոր Հօր ներ­կա­յու­թիւնը եւ վերստին հան­դի­պելու իր հո­գեւոր ծնո­ղին՝ Երա­նաշ­նորհ Մես­րոպ Պատ­րիարք Հօր։

*

Եր­կար տա­րինե­րու աշ­խա­տակ­ցութեան, գոր­ծակցու­թեան ըն­թացքին ան­թիւ ան­հա­մար յի­շատակ­ներ հա­ւաքո­ւեցան։ Կէս գի­շերէն ետք խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քի ժա­մեր, հե­ռաւոր քա­ղաքի մը հիւ­րա­նոցի սե­նեակին մէջ լուր պատ­րաստե­լու ժա­մեր, ժպի­տի կամ խնդու­քի պա­հեր, նաեւ վի­ճաբա­նու­թեան պա­հեր։ Այս բո­լորը պահ մը տո­ղան­ցե­ցին յի­շողու­թեանս պաս­տա­ռէն, երբ տան կար­գի մի­ջոցին աղօթք կ’ար­տա­սանէի՝ այս ան­գամ իր անշնչա­ցած մարմնին վե­րեւ։

Տա­րիներ առաջ միասին յղա­ցած էինք Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ հրա­տարակ­չա­կան բա­ժան­մունքը։ Միասին յղա­ցած էինք նաեւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյ վեր­ջին հա­րիւ­րա­մեակի հո­գեւո­րական­նե­րու կեն­սագրա­կան­նե­րու հա­տորի մը պատ­րաստու­թիւնը։ Ամե­նացա­ւալին այն էր, որ պար­տա­ւորո­ւեցայ այդ հա­տորին՝ Հայր Թա­թու­լը ներ­կա­յաց­նող էջե­րը առանձնաց­նել եւ իր վախ­ճանման լու­րին կցել։

Ան, ինչպէս իւ­րա­քան­չիւրս, ու­նէր իւ­րա­յատուկ ան­հա­տակա­նու­թիւն։ Հա­կառակ իր դիւ­րա­բոր­բոք կող­մին՝ միշտ սի­րով լե­ցուն էր։ Կրցաւ իր բար­կութիւնն ու յու­զումը զսպել՝ հա­կառակ իր ար­դար ընդդի­մու­թեան։ Միշտ հե­ռու կե­ցաւ ոխա­կալու­թեան եւ վրի­ժառու­թեան զգա­ցումնե­րէ։ Կրցաւ նե­րողամ­տութեամբ մօ­տենալ դառն յի­շատակ­ներ ու­նե­ցած­նե­րուն։ Եւ ջա­նաց ընել ամէն ինչ, որ կը հա­ւատար թէ պէտք էր ընել իր հա­ւատա­ցած բա­ներուն ու սրբու­թիւննե­րուն հա­մար։

Եւ ահա այ­սօր կը յու­ղարկենք զինք՝ սի­րելի Հայր Թա­թու­լը դէ­պի յա­ւիտե­նակա­նու­թիւն. Սրտանց կ’աղօ­թենք իր հոգ­ւոյն խա­ղաղու­թեան հա­մար եւ կը խնդրենք, որ ինք շա­րու­նա­կէ աղօ­թել ապ­րողնե­րուս հա­մար, ինչպէս կ’աղօ­թէր իր կեն­դա­նու­թեան։

Քու պա­րագա­յիդ ալ ի մտի պէտք է ու­նե­նանք Տէ­րու­նա­կան խօս­քը՝ իւ­րա­քան­չիւր հո­գեւո­րակա­նի ափի վեր­ջին գրու­թիւնը. «Ելայ Հօր­մէն եւ եկայ աշ­խարհ. դար­ձեալ կը թո­ղում աշ­խարհը եւ կ’եր­թամ Հօ­րը» (Յովհ. ԺԶ.28)։

Բա­րի երթ դէ­պի Հայրն մեր։

Հան­գիստ հոգ­ւոյդ հին ըն­կեր, Գե­րապա­տիւ Հայր Սուրբ եւ սի­րելի միաբա­նակից եղ­բայր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ