Երբեւիցէ չէի մտածած

Աստու­ծոյ նա­­­խախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թիւնն ու գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­րը միշտ կը դառ­­­­նայ խո­­­­րախոր­­­­հուրդ եւ մարդ արա­­­­րածը միշտ ան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­րող կը մնայ հասկնա­­­­լու, թէ՝ ինչ է Արար­­­­չին նպա­­­­տակը իր առօ­­­­րեայէն ներս։ Ան­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­մանակ Աս­­­­տուծոյ շփու­­­­մը ժա­­­­մանա­­­­կաւոր մար­­­­դուն հետ միշտ անըմբռնե­­­­լի կը մնայ, երբ խնդրոյ առար­­­­կան է ան­­­­սահմա­­­­նի եւ սահ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նաւո­­­­րի, ան­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­յի եւ գո­­­­յացու­­­­թեան, ան­­­­ծի­­­­­­­­­­­­­­­նի եւ ծնունդ առա­­­­ծի յա­­­­րաբե­­­­րու­­­­թիւնը։ Մեր հա­­­­նուր կեան­­­­քի տե­­­­ւողու­­­­թիւն ըն­­­­թացքին, վստա­­­­հաբար շատ պա­­­­հեր, դրո­­­­ւագ­­­­ներ եւ նոյ­­­­նիսկ եր­­­­բեմն ակնթարթներ կ՚ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նանք, որ պահ մը կը ձեռ­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­զատո­­­­ւինք ժա­­­­մանա­­­­կի գե­­­­րու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն եւ կը սկսինք մտա­­­­ծել «Խոր­­­­հուրդ խո­­­­րինի, ան­­­­հաս եւ անսկիզբ»ի կամ­­­­քին մա­­­­սին ու մեր առա­­­­ջին նա­­­­խադա­­­­սու­­­­թիւնը կ՚ըլ­­­­լայ ընդհան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պէս հե­­­­տեւեալը. «Կամք Տեառն օրհնեալ եղի­­­­ցի»։

Աս­­­­տուծոյ կամ­­­­քին առ­­­­ջեւ երկրպա­­­­գելը անկ է հա­­­­ւատա­­­­ցելոց իրենց եր­­­­ջանկու­­­­թեան եւ կամ վիշ­­­­տի ապ­­­­րումնե­­­­րուն, խա­­­­ղաղու­­­­թեան եւ կամ յու­­­­սալքու­­­­թեան պա­­­­հերուն, ապա­­­­ւինե­­­­լով Աս­­­­տուծոյ խոր­­­­հուրդնե­­­­րու զօ­­­­րու­­­­թեան։ Որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ մարդ արա­­­­րածը տկար մնա­­­­ցած է Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յինը ըմբռնե­­­­լու մէջ եւ հե­­­­տեւա­­­­բար կա­­­­րիքն ու­­­­նի օգ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թեան «Իմաս­­­­տութիւն Հօր Յի­­­­սու­­­­սի»։ Որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած է որ կը ծրագ­­­­րէ ընդհան­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­պէս, մարդկա­­­­յին ազատ կամ­­­­քին մե­­­­ծապէս յար­­­­գանք ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­բերե­­­­լով եւ մարդն է որ կը դի­­­­տէ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին կամ­­­­քին իրա­­­­կանա­­­­ցու­­­­մը առանց առա­­­­ջին իսկ մէկ պա­­­­հուն հասկնա­­­­լու...

Յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս մա­­­­հուան բօ­­­­թերը առա­­­­ւել եւս մտա­­­­ծել կու­­­­տան մարդ արա­­­­րածին, որով ան­­­­հատ մը դէ­­­­պի ան­­­­ցեալ ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թիւն կը կա­­­­տարէ օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լով իր մտքին մէջ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­նագ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ւած յի­­­­շատա­­­­կելի պա­­­­հերը։ 14 Նո­­­­յեմ­­­­բեր 2021, Կի­­­­րակի ուշ երե­­­­կոյեանը պատ­­­­ճառ եղաւ որ, շա­­­­տերուս մտա­­­­ծողու­­­­թիւնը պահ մը կանգ առ­­­­նէ՝ Թա­­­­թուլ Ծ. Վրդ. Անու­­­­շեանի վախ­­­­ճանման անսպա­­­­սելի լու­­­­րով, որ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւնն է շա­­­­տերուն զար­­­­մանքին եւ յա­­­­ջոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­բար կա­­­­մայ եւ ակա­­­­մայ մտա­­­­ծենք իր գոր­­­­ծունէու­­­­թեան մա­­­­սին։ Վստա­­­­հաբար շատ ան­­­­ձինք տար­­­­բեր երե­­­­սակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով, տար­­­­բեր շեշ­­­­տադրումնե­­­­րով պի­­­­տի մէկ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանեն Հայր Սուրբի վախ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մը, ոմանք յի­­­­շատա­­­­կի նժա­­­­րին պի­­­­տի դնեն եւ պի­­­­տի փոր­­­­ձեն բա­­­­ռերով ար­­­­ժե­­­­­­­­­­­­­­­ւորել հան­­­­գուցեալի կեան­­­­քը, ոմանք յի­­­­շատա­­­­կելի նկար մը պի­­­­տի գտնեն ու կարճ, սա­­­­կայն խորհրդա­­­­ւոր վեր­­­­նագրով մը պի­­­­տի ամ­­­­փո­­­­­­­­­­­­­­­փեն իրենց մտքէն ու սրտէն դուրս ելած­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը։ Իմ կար­­­­գին երբ ես ալ անար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նաբար կը փոր­­­­ձեմ կա­­­­տարել այս արար­­­­քը նման շա­­­­տերուն, օգ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­լով «Եր­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­ւիցէ չէի մտա­­­­ծած» նշա­­­­նաբա­­­­նը։

Եր­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­ւիցէ չէի մտա­­­­ծած, թէ՝ մօ­­­­տաւո­­­­րապէս քսան տա­­­­րիներ միասին գոր­­­­ծած նախ ու­­­­սուցի­­­­չը, ապա միաբա­­­­նակի­­­­ցը պի­­­­տի հե­­­­ռանար այս աշ­­­­խարհէն, ըսե­­­­լով «Ելի ի Հօ­­­­րէ եւ եկի աշ­­­­խարհ, դար­­­­ձեալ թո­­­­ղում զաշ­­­­խարհ եւ եր­­­­թամ առ Հայր» (Յովհ. ԺԶ. 28) եւ այս լու­­­­րին իրա­­­­զեկ պի­­­­տի դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յի Պո­­­­լիսէն բա­­­­ւակա­­­­նին հե­­­­ռու Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­­միած­­­­նի մէջ։ Եր­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­ւիցէ չէի մտա­­­­ծած, թէ՝ պի­­­­տի ճամ­­­­բորդէի Հո­­­­գինե­­­­րու Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր­­­­չին հետ­­­­քե­­­­­­­­­­­­­­­րով զար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րուն այս սրբա­­­­ւայ­­­­րը, յա­­­­ջորդ առա­­­­ւօտուն պի­­­­տի մաս­­­­նակցէի Գո­­­­հաբա­­­­նական Ս. Պա­­­­տարա­­­­գին եւ նոյն գի­­­­շերը պի­­­­տի ստա­­­­նայի Հայր Սուրբին վախ­­­­ճանման լու­­­­րը ու առա­­­­ջին հանգստեան աղօթքս պի­­­­տի ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանէի ընդ հո­­­­վանեաւ Միած­­­­նաէջ Ս. Տա­­­­ճարին։ Այժմ առա­­­­ջին հեր­­­­թին ու­­­­սե­­­­­­­­­­­­­­­րուս վրայ կը բեռ­­­­ցո­­­­­­­­­­­­­­­ւի այն պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թիւնը, որով պէտք է տես­­­­նել ջա­­­­նալ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին նա­­­­խախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թեան ներ­­­­գործու­­­­թիւնը նո­­­­ւաս­­­­տիս հո­­­­գեւոր կեան­­­­քէն ներս։

Այս դժո­­­­ւարին պար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կանու­­­­թեան սկզբնա­­­­քայ­­­­լին կը վեր­­­­յի­­­­­­­­­­­­­­­շեմ Ս. Յով­­­­հան Ոս­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­բերա­­­­նի խո­­­­կումնե­­­­րէն մին, որով աղօթ­­­­քի զօ­­­­րու­­­­թիւնը ամե­­­­նայն վա­­­­յել­­­­չութեամբ կը ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յանայ բո­­­­լորիս առ­­­­ջեւ. «Աս­­­­տուծոյ կ՚աղօ­­­­թէ ան, որ իր հո­­­­գին կա­­­­տարե­­­­լապէս կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նացու­­­­ցած է եւ երկրի հետ ոչ մէկ ընդհա­­­­նուր բան ու­­­­նի, այլ՝ կը վե­­­­րաբ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կուի եր­­­­կինքի մէջ, հո­­­­գիէն ար­­­­տաքսե­­­­լով մարդկա­­­­յին ցան­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ցած դի­­­­տաւո­­­­րու­­­­թիւնը։ Աղօ­­­­թողը պէտք է աղօ­­­­թէ այնպէս, որ­­­­պէսզի կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նանա­­­­նալով եւ լա­­­­րելով միտ­­­­քը՝ տրտում հո­­­­գիով կան­­­­չէ զԱս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած՝ առանց բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­պատ­­­­կե­­­­­­­­­­­­­­­լու բա­­­­ռերը եւ հա­­­­մառօ­­­­տելով աղօթ­­­­քը, այլ քիչ եւ պարզ բա­­­­ռերով աղօ­­­­թէ, որով­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տեւ ո՛չ թէ բա­­­­ռերու շա­­­­տու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն, այլ՝ հո­­­­գիի զգաս­­­­տութե­­­­նէն կա­­­­խուած է աղօթ­­­­քին տե­­­­ղը հաս­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­լը»։

Որ­­­­քա՜ն կը պատ­­­­շա­­­­­­­­­­­­­­­ճին Ս. Յով­­­­հաննու խո­­­­կու­­­­մը վշտա­­­­հար­­­­ներս աղօթ­­­­քի առաջ­­­­նորդնե­­­­լու, խո­­­­կալու, կեդ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­նանա­­­­լու, նոյ­­­­նինքն պահ մը առանձնա­­­­նալու ապա՝ խորհրդա­­­­ւոր ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւնը որո­­­­նելու Աս­­­­տուծոյ, որ­­­­պէսզի Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին գերբնա­­­­կան ակէն ստա­­­­նանք՝ մխի­­­­թարու­­­­թիւն։

Տա­­­­րիներ առաջ էր, երբ տա­­­­կաւին նո­­­­րըն­­­­ծայ Թա­­­­թուլ Աբե­­­­ղայ, իր խար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւիլակ՝ Տէր Հօրս Գրի­­­­գոր Աւ. Քա­­­­հանա­­­­յի հետ միատեղ կը ճամ­­­­բորդէր Ղա­­­­լաթիոյ Ս. Գրի­­­­գոր Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորիչ Եկե­­­­ղեցիէն դէ­­­­պի Գնա­­­­լը Կղզիի Ս. Գրի­­­­գոր Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորիչ Եկե­­­­ղեցին։ Մեծ Պա­­­­հոց Բա­­­­րեկեն­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­նին զու­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­դիպող այս օրով սկսաւ մեր ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թիւնը, որուն մէջ խառ­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւած էր ժա­­­­մեր­­­­գութիւննե­­­­րը, աղօթ­­­­քը եւ ապաշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեան խոր­­­­հուրդը։ Հե­­­­տաքրքրա­­­­կան հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պում մըն էր, քա­­­­նի նո­­­­րըն­­­­ծայ հո­­­­գեւո­­­­րակա­­­­նը տա­­­­կաւին քա­­­­ռասունքի մտնե­­­­լու նա­­­­խօրեակին Գա­­­­տըգիւ­­­­ղի եւ Քար­­­­թա­­­­­­­­­­­­­­­լի Եկե­­­­ղեցի­­­­ներուն մէջ կը մաս­­­­նակցէր երե­­­­կոյեան ժա­­­­մեր­­­­գութիւննե­­­­րուն։ Որ­­­­քա՜ն հե­­­­տաքրքրա­­­­կան հան­­­­դի­­­­­­­­­­­­­­­պում մըն էր այս մէ­­­­կը, որուն որ­­­­պէս ակա­­­­նատես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը միշտ կը խօ­­­­սէինք այս բա­­­­ցառիկ ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թեան մա­­­­սին։ Ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­կարգ ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թեամբ առա­­­­ջին հեր­­­­թին Գնա­­­­լը Կղզիի մէջ միատեղ մուտք գոր­­­­ծե­­­­­­­­­­­­­­­ցինք, որով տի­­­­րակա­­­­նը եղան ան­­­­մո­­­­­­­­­­­­­­­ռանա­­­­լի յի­­­­շատա­­­­կի մը, որ բազ­­­­միցս կը կրկնէինք զա­­­­նազան առիթ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով։

Նոյն ամա­­­­ռը, իր հո­­­­գեւոր ծնո­­­­ղին՝ Երա­­­­նաշ­­­­նորհ Մես­­­­րոպ Պատ­­­­րիար­­­­քի հրա­­­­մանաւ նշա­­­­նակո­­­­ւեցաւ Կղզեաց Հո­­­­գեւոր Հո­­­­վիւ եւ մեր ծա­­­­նօթու­­­­թիւնը այ­­­­լեւս վե­­­­րածո­­­­ւեցաւ գոր­­­­ծակցու­­­­թեան ի պայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւն Ս. Գրի­­­­գոր Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորիչ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ։ Առա­­­­ջին այդ մի քա­­­­նի տա­­­­րինե­­­­րուն էր, որ Գնա­­­­լը Կղզիին մթնո­­­­լոր­­­­տը ին­­­­ծի եւ յատ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­պէս սի­­­­րելի եղ­­­­բօրս Սա­­­­յաթ Սար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ւագի հա­­­­մար վե­­­­րածո­­­­ւեցաւ վա­­­­նական կեան­­­­քի։ Ամէն առա­­­­ւօտ եւ երե­­­­կոյեան, ան­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­փան ժա­­­­մեր­­­­գութիւններ կը կա­­­­տարէինք, միաս­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բար կը ճա­­­­շէինք, եկե­­­­ղեցա­­­­կան գի­­­­տելիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կը զար­­­­գացնէինք եւ տա­­­­կաւ առ տա­­­­կաւ կը դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յինք պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նատո­­­­ւու­­­­թիւն ստանձնած սպա­­­­սաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը Գնա­­­­լը Կղզիի Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ։ Երբ կ՚աճէինք մարմնով որ­­­­պէս երի­­­­տասարդներ, միեւ­­­­նոյն ժա­­­­մանակ կ՚աճէինք հոգ­­­­ւով եւ մտքով՝ դառ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լով կա­­­­մաւոր ծա­­­­ռանե­­­­րը Քրիս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­սի դաշ­­­­տին։ Ո՜վ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին նա­­­­խախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թիւն, կը մտա­­­­ծեմ, կը խոր­­­­հիմ, կը կշռեմ, թէ՝ պա­­­­տանե­­­­կան եւ երի­­­­տասար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կան տա­­­­րիքիս վան­­­­քի մթնո­­­­լոր­­­­տի վե­­­­րածո­­­­ւած եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ եր­­­­բեմնի հո­­­­գեւոր հո­­­­վիւին հա­­­­մար, տա­­­­րիներ յե­­­­տոյ ճշմար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պէս վան­­­­քի մը՝ Ս. Էջ­­­­միած­­­­նի հո­­­­գեշունչ մթնո­­­­լոր­­­­տին մէջ, որ­­­­պէս վե­­­­ղարա­­­­ւոր, պի­­­­տի ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­սանէի «Քրիս­­­­տոս Որ­­­­դի Աս­­­­տուծոյ» աղօթ­­­­քը։ Ո՜վ Քրիս­­­­տոս Որ­­­­դի Աս­­­­տուծոյ, անո­­­­խակալ եւ բա­­­­րեգութ, Դուն լսէ, գի­­­­շերա­­­­յին խա­­­­ւարին մէջ Քո իսկ հիմ­­­­նած Իջ­­­­ման Խո­րանի մեր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ւոր աղօթք վե­­­­րառա­­­­քող հո­­­­գեւոր զաւ­­­­կիդ աղօք­­­­թը. Ամէն։

Եր­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­ւիցէ չէի մտա­­­­ծած, թէ՝ հո­­­­գեւոր ճա­­­­նապար­­­­հորդու­­­­թեանս մէջ մաս եւ բա­­­­ժին ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցած Հայր Սուրբը, վերստին տես­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­լու առի­­­­թը պի­­­­տի չըն­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­յուէր նո­­­­ւաս­­­­տիս։ Սկսեալ դպրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէ, եկե­­­­ղեցա­­­­կան բո­­­­լոր աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուս տո­ւուչութեան պա­­­­հուն, բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ հո­­­­գեւո­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կար­­­­գին անու­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­նալի էր իր ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւնը։ Եկե­­­­ղեցա­­­­կան առա­­­­ջին մեծ աս­­­­տի­­­­­­­­­­­­­­­ճանի՝ սար­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­ւագու­­­­թեան եւ յա­­­­ջոր­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­բար՝ քա­­­­հանա­­­­յական ձեռ­­­­նադրու­­­­թեանս պա­­­­հուն, որ­­­­պէս խար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւիլակ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մին կ՚առաջ­­­­նորդէր ծնկա­­­­չոք քայ­­­­լե­­­­­­­­­­­­­­­րուս առ Ս. Սե­­­­ղան։ «Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին եւ երկնա­­­­ւոր շնորհ» հո­­­­գեզ­­­­մայլ եւ խորհրդա­­­­ւոր եր­­­­գը երբ երեք ան­­­­գամ եր­­­­գո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ նո­­­­ւաս­­­­տիս հա­­­­մար՝ «Ար­­­­ժա­­­­­­­­­­­­­­­նի է» եր­­­­գած հո­­­­գեւո­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մին դար­­­­ձած էր լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հոգին։ Իրեն հա­­­­մար եւս տար­­­­բեր փոր­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­ռու­­­­թիւն մըն էր, նո­­­­ւաստս ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­նալ որ­­­­պէս միաբա­­­­նակից եւ հե­­­­տեւիլ հո­­­­գեւոր ծա­­­­ռայու­­­­թեան։ Ո՜վ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­յին նա­­­­խախ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մու­­­­թիւն, կը մտա­­­­ծեմ, կը խոր­­­­հիմ, կը կշռեմ, թէ՝ Աթո­­­­ռոյս միաբա­­­­նակից աւագ եղ­­­­բօր հա­­­­մար Հայ Եկե­­­­ղեց­­­­ւոյ բա­­­­բախուն սրտէն պի­­­­տի ասէի. «Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած հո­­­­գին լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­ւորէ». Ամէն։

Այ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­պէս, Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած կը տնօ­­­­րինէ եւ մարդ արա­­­­րածը կը դի­­­­տէ։ Այսպէս եղաւ ահա, Լու­­­­սա­­­­­­­­­­­­­­­հոգի Թա­­­­թուլ Ծ. Վար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­պետի վախ­­­­ճա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­մը եւ վախ­­­­ճանման յա­­­­ջոր­­­­դող թարմ զար­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­ցումնե­­­­րը։ Թէեւ մարմնա­­­­պէս հե­­­­ռու, սա­­­­կայն սրտով մէկ եմ այս պա­­­­հուն Պատ­­­­րիար­­­­քա­­­­­­­­­­­­­­­կան Աթոռոյ հո­­­­գեւո­­­­րակա­­­­նաց դա­­­­սու ան­­­­դամնե­­­­րուն եւ իրենց նման կ՚աղօ­­­­թեմ հոգ­­­­ւոյ խա­­­­ղաղու­­­­թեան հա­­­­մար։ Վստա­­­­հաբար տա­­­­կաւին շատ բա­­­­ներ պի­­­­տի գրո­­­­ւին, պի­­­­տի ըն­­­­թերցուին եւ պատ­­­­մութեան մէջ պի­­­­տի մնայ Հայր Սուրբին անու­­­­նը մնա­­­­յուն ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յու­­­­թիւն, առըն­­­­չո­­­­­­­­­­­­­­­ւած ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լով Պոլ­­­­սոյ Աթո­­­­ռոյ հետ։

Թող որ Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած, «ապա­­­­ւինու­­­­թեան վէ՚մ ըլ­­­­լայ Հայր Սուրբին, եւ ամուր բերդ մը՝ զինք փրկե­­­­լու, քան­­­­զի Ան է մեր վէմն ու ամ­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­ցը» (Հմձյն. Սղմ. 71.3)։

Վշտակ­­­­ցութեամբ եւ աղօթ­­­­քով՝

ՅԱ­­­­ՐՈՒ­­­­ԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱ­­­­ՄԱՏԵԱՆ

15 Նո­­­­յեմ­­­­բեր 2021, Եր­­­­կուշաբ­­­­թի

Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­­­միածին

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ