Իրաւապաշտպան ՀԿ-ներէն զօրակցութիւն »Շաբաթնօրեայ Մայրեր»ուն

«Շաբաթ­նե­րօեայ Մայ­րեր» անուն հար­թա­կը 1995-էն այս կողմ պե­տական պա­շտօնեանե­րու ձեռ­քով ան­յայտ կո­րած հա­րազատ­նե­րուն հա­մար ար­դարւթիւն կը պա­հան­ջէր եւ ամէն շա­բաթ օր հան­րա­հաւաք կը կազ­մա­կեր­պէր Կա­լաթա­սածա­յի Հրա­պարա­կին վրայ։

Կէս ժամ տե­ւողու­թեամբ այդ հան­րա­հաւա­քի ըն­թացքին իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպման ան­յայտ կո­րած­նե­րէն մէ­կը լու­սարձա­կի տակ կ՚առ­նո­ւէր եւ կը փո­խան­ցո­ւէր անոր բեր­ման են­թարկո­ւելու դրուագը։

25 Օգոս­տոս 2018-ին «Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րեր»ը երբ կը պատ­րաստո­ւէին 700-րդ հան­դիպման յան­կարծ են­թար­կուե­ցան ոս­տի­կանա­կան բռնի յար­ձա­կու­մին։ Վայրկեան­նե­րու ըն­թացքին ար­ցունքա­բեր կա­զերով լցո­ւած հրա­պարա­կին վրայ տաս­նեակ­նե­րով ցու­ցա­րար­ներ գե­տին­նե­րը գաշքշո­ւելով բեր­ման են­թարկո­ւեցան։ Այդ մի­ջադէ­պէն ետք «Շա­բաթ­նեօրեայ Մայ­րեր»ը ան­գամ մըն ալ չկրցան տի­րանալ իրենց մէկ­տեղման վայ­րին՝ Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարա­կին։ Աւան­դա­բար մար­դու իրա­ւունքնե­րու գրա­սենեակին գտնուած փո­ղոցը կա­յացող մէկ­տե­ղումնե­րը 2020-ի Մար­տէն ետք ալ ընդհա­տուե­ցան հա­մավա­րակի պատ­ճա­ռաւ։ Սա­կայն «Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րեր»ը այդ պայ­մաննե­րու մէջ ալ շա­րու­նա­կեցին իրենց հեր­թա­կան յայ­տա­րարու­թիւննե­րը, այս ան­գամ առ­ցանց դրու­թեամբ։

Վե­րեւ նշո­ւած ոս­տի­կանա­կան մի­ջամ­տութեան ըն­թացքին 47 ան­ձեր բեր­ման են­թարկո­ւած էին, որոնցմէ 46-ի դէմ «Օրէնքնե­րու ընդդէմ հան­րա­հաւաք կազ­մա­կեր­պել»ու մե­ղադ­րանքով դատ բա­ցուած է։ Այս ան­հիմն պնդու­մով բա­ցուած դա­տին նիս­տը կա­յացաւ 24 Նո­յեմ­բե­րին Չաղ­լա­յանի 21-րդ Հիմ­նա­կան Պատ­ժա­կան Ատեանի մէջ։

Դա­տական նիս­տին ըն­դա­ռաջ մար­դու իրա­ւունքնե­րու պաշտպան բազ­մա­թիւ ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պութիւններ յայ­տա­րարու­թիւն մը հրա­պարա­կելով զօ­րակ­ցութիւն յայտնե­ցին «Շա­բաթ­նօ­րեայ Մայ­րեր»ուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ