Դէպի ընկերային պոռթկում

Թուրքիոյ հետզհե­­տէ բարձրա­­ցող սղա­­ճով ողո­­ղուած տնտե­­սական ճգնա­­ժամի գլխա­­ւոր գոր­­ծօնն է լի­­րայի ան­­կումը։ Ար­­դա­­­րեւ թրքա­­կան լի­­րան օտար դրամ­­նե­­­րու դի­­մաց աւե­­լի քան 35 տո­­կոսի ան­­կում մը ու­­նե­­­ցաւ կարճ ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին։ Երկրի հա­­սարա­­կու­­թիւնը տա­­րինե­­րու փոր­­ձով գի­­տէ թէ ազ­­գա­­­յին դրա­­մի ար­­ժեզրկու­­մը կը հրահ­­րէ շու­­կա­­­յի սղա­­ճը։ Թուրքիոյ նա­­խագա­­հը իր միահե­­ծան վար­­չա­­­ձեւով կը մի­­ջամ­­տէ երկրի զա­­նազան բնոյ­­թի որո­­շումնե­­րուն։ Այսպէս ինքզինք տնտե­­սագէտ ըլ­­լա­­­լով ներ­­կա­­­յաց­­նող Էր­­տո­­­ղան յա­­ճախա­­կիօրէն ճնշում կը բա­­նեց­­նէ Կեդ­­րո­­­նական Դրա­­մատան վար­­չութեան վրայ, տո­­կոս­­նե­­­րու սա­­կը իջեց­­նե­­­լու հա­­մար։ Այդ առու­­մով կա­­տարո­­ւած իւ­­րա­­­քան­­չիւր քայ­­լի փո­­խարէն ալ աւե­­լի զգա­­լի կը դառ­­նայ թրքա­­կան լի­­րայի ար­­ժեզրկու­­մը։ Էր­­տո­­­ղան այս երե­­ւոյթն ալ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ իբ­­րեւ նա­­խընտրու­­թիւն մը յա­­նուն ար­­տածման կա­­րելիու­­թիւննե­­րու վե­­րել­­քին։ Էր­­տո­­­ղանի հա­­մոզ­­մամբ լի­­րայի ար­­ժեզրկու­­մով Թուրքիա կ՚ապա­­հովէ աւե­­լի մրցակ­­ցա­­­կան առա­­ւելու­­թիւն մը ար­­տածման դաշ­­տի մէջ։

Եր­­կար տա­­րինե­­րու սխալ կողմնորոշումնե­­րու հե­­տեւան­­քով Թուրքիոյ ար­­տադրու­­թեան կա­­րողու­­թիւնը կա­­խեալ է նե­­րածումնե­­րէ Հե­­տեւա­­բար դրա­­մի ար­­ժեզրկու­­մը ուղղա­­կիօրէն կը ցո­­լանայ շու­­կա­­­յի գի­­ներուն վրայ։

23 Նո­­յեմ­­բեր երե­­կոյեան ժա­­մերուն եւ յա­­ջոր­­դող օր ընդդի­­մադիր կու­­սակցու­­թիւննե­­րը ար­­տա­­­կարգ ժո­­ղով­­նե­­­րով խորհրդակ­­ցութիւններ ու­­նե­­­ցան իրենց կազ­­մի տնտե­­սագէտ­­նե­­­րուն հետ։ Անոնք հա­­մարեա միաձայ­­նե­­­ցան ոչ թէ կան­­խա­­­հաս, այլ շտապ եւ իս­­կոյն կա­­տարո­­ւելիք ընտրու­­թիւննե­­րու անհրա­­ժեշ­­տութեան մա­­սին։

Միւս կող­­մէ Իս­­թանպու, Ան­­գա­­­րա, Իզ­­միր եւ Էս­­քի­­­շեհի­­րի նման քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ ժո­­ղովուրդը խումբ առ խումբ փո­­ղոց ելաւ կա­­ռավա­­րու­­թեան հրա­­ժարու­­մը պա­­հան­­ջող վան­­կարկումնե­­րով։ Հա­­սարա­­կու­­թիւնը այ­­լեւս կը դժո­­ւարա­­նայ սղա­­ճը դի­­մաւո­­րելու խնդրին մէջ։ Ան­­դին կու­­սակցու­­թիւններն ալ մտա­­հոգու­­թիւն կը յայտնեն նման ցոյ­­ցե­­­րուն կա­­ռավա­­րու­­թեան կող­­մէ շա­­հագոր­­ծո­­­ւելու հա­­ւանա­­կանու­­թեան մա­­սին։ Զար­­գա­­­ցումնե­­րը հետզհե­­տէ աւե­­լի կը յստա­­կեց­­նեն այն պատ­­կե­­­րը, որու մէջ Թուրքիա օրըս­­տօ­­­րէ կը մխրճո­­ւի տնտե­­սական ճգնա­­ժամի մը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ