Պատասխան՝ «Հայերէնը ինչի, կը ծառայէ» ըսողներուն

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վերջերս ու­շագրաւ երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ հա­յերէ­նի, յատ­կա­պէս արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցման նոր ձեռ­նարկնե­րը։

Իրո­ղու­թիւն է որ հայ ծնողքներ վար­ժա­րան­նե­րուն ճնշում կը բա­նեց­նեն հա­յերէ­նի աւե­լի նո­ւազ ու­շադրու­թիւն դարձնե­լու, յատ­կա­պէս ալ գի­տական նիւ­թե­րու դա­սապա­հերուն հա­յերէն չգոր­ծա­ծելուն հա­մար։ Այս երե­ւոյ­թի հե­տեւան­քով հայ վար­ժա­րան­նե­րու մէջ հա­յոց լե­զուն հետզհե­տէ սահ­մա­նուած է հա­յոց լե­զուի ու գրա­կանու­թեան եւ կրօն­քի ու­սուցման դա­սապա­հերով։ Մեր դպրոց­նե­րէ ներս հա­յերէ­նի վե­րացու­մը ըն­դա­մէնը մէկ սե­րունդի մը պատ­մութիւնն է։ Այ­սօրուայ աշա­կեր­տութեան ծնող­նե­րը հան­դի­սացող սե­րունդը այդ բո­լոր դա­սապա­հերը կ՚անցնէրհա­յերէ­նով, ինչ որ բնա­կան յատ­կա­նիշն էր հայ վար­ժա­րան կո­չու­մին։ Ինչպէս որ պի­տի ըսէր Պա­րոյր Սե­ւակ. «Ու­զե­ցին մէկ հայ թող­նել, այն էլ թան­գա­րանում», նոյնպէս այ­սօ­րուայ ըն­կե­րային տի­րող հա­կումն ալ կ՚ու­զէ հա­յերէն լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւնը սահ­մա­նել միայն հա­յերէ­նի դա­սապա­հերով։

Բա­զում ան­գամներ կրկնո­ւած այս սրտցաւ նիւ­թը կրկին օրա­կար­գի բե­րող գոր­ծօ­նը եղաւ նոր հրա­տարա­կու­թիւն մը, որ ձօ­նուած է արեւմտա­հայե­րէնի ու­սուցման դրու­թեան։ Մե­զի հա­մար ու­շագրաւ է այն իրո­ղու­թիւնը թէ այս աշ­խա­տասի­րու­թեան հե­ղինա­կը հայ մը չէ։

Էր­տալ Քը­լըչ որոշ ժա­մանակ պաշ­տօ­նավա­րած է Կեդ­րո­նական Վար­ժա­րանի մէջ իբ­րեւ փոխ տնօ­րէն։ Ան իր պաշ­տօ­նէու­թեան շրջա­նին յա­տուկ ու­շադրու­թիւն սե­ւեռա­ծ է հա­յոց լե­զուին եւ օգ­տո­ւելով դպրո­ցի վաս­տա­կաւոր հա­յերէ­նի ու­սուցչու­հի Շո­ղեր Չա­փարեանի դա­սըն­թացքնե­րուն զար­գա­ցու­ցած է իր հա­յերէ­նի գի­տելիք­նե­րը։

«Ակօս»ի նախ­կին հա­մարով ծա­նօթա­ցու­ցած էինք անոր իր եր­կու ըն­կերնե­րով միասին կա­տարած ու­սումնա­սիրու­թիւնը, որ նիւթ կ՚ու­նե­նար Եղիա Տնտե­սեանի երաժշտա­կան հե­տազօ­տու­թիւննե­րը։ Դար­ձեալ ու­շագրաւ երե­ւոյթ մըն էր թէ իր նա­խապատ­րաստման փու­լե­րով եւ թէ գո­յացած ար­դիւնքով։ Իսկ այս ան­գամ ահա­ւասիկ մեր ձեռ­քին ու­նինք դար­ձեալ աշ­խա­տու­թիւն մը, որ իր բո­վան­դա­կու­թեան մէջ կը ներ­կա­յաց­նէ քե­րակա­նու­թեան, ուղղագ­րութեան եւ յատ­կա­պէս խօ­սակ­ցա­կան գոր­ծա­ծու­թեան յա­տուկ բա­զում գի­տելիք­ներ։

Այս նոր հա­տորը տես­նե­լով իս­կոյն վեր­յի­շեցինք Շիւքրիւ Ըլը­ճաքի նման բո­վան­դա­կու­թիւնով աշ­խա­տասի­րու­թիւնը։ Ան­ցեալին Մես­րոպ Սրբա­զան իր Պատ­րիար­քութեան շրջա­նին վե­րահա­սու ըլ­լա­լով նման աշ­խա­տու­թեան մը գո­յու­թեան, իբ­րեւ զօ­րակ­ցութիւն ստանձնած էր հա­տորի հրա­տարա­կու­թեան մե­կենա­սու­թիւնը։

Նշենք որ Շիւքրիւ Ըլը­ճաք ալ հա­յերէ­նին ըն­տե­լացած էր հե­տեւե­լով Հայր Լե­ւոն Գե­րապայ­ծառ Զէ­քիեանի Վե­նետի­կեան դա­սըն­թացքնե­րուն։ Այդ աշ­խա­տու­թեան իր մաս­նակցու­թիւնը բե­րած էր նաեւ Ռա­քել Կօշ­կա­րեան, որ նոյնպէս հե­տեւած էր խտա­ցեալ դա­սըն­թացքնե­րուն։

Ինչպէս յա­ճախ կը պա­տահի իւ­րա­քան­չիւր նոր աշ­խա­տու­թիւն կը յի­շեց­նէ նոյն բնոյ­թի նա­խորդ գոր­ծերն ալ։ Երբ այս պա­հուն կը խօ­սինք Վե­նետի­կեան դա­սըն­թացքնե­րու մա­սին, կը յի­շենք նաեւ այլ անուններ եւս, որոնք այդ դա­սըն­թացքնե­րուն մի­ջոցաւ տի­րապե­տեցին հա­յոց լե­զուին եւ հա­սան այդ լե­զուով թարգմա­նու­թիւններ ընե­լու մա­կար­դա­կին։

Գիր­քի հան­դի­պակաց կող­քին տե­ղադ­րո­ւած է Էր­տալ Քը­լըչի կեն­սագրու­թիւնը, որու մի­ջոցաւ վե­րահա­սու կը դառ­նանք թէ հե­ղինա­կը ծնած 1972 թո­ւին Իս­թանպուլ եւ 1994-ին աւար­տած է Մար­մա­րա Հա­մալ­սա­րանի Պատ­մա­գիտու­թեան Բա­ժինը։ 1997 թո­ւակա­նին նոյն հա­մալ­սա­րանի մէջ պաշտպա­նած է տոք­թո­րակա­նը, ու­սումնա­սիրե­լով Սկիւ­տա­րի ըն­կե­րային ու տնտե­սական կեան­քը, հիմք ու­նե­նալով պաշ­տօ­նական ար­ձա­նագ­րութիւննե­րը։ Ապա Կրթու­թեան Նա­խարա­րու­թեան կող­մէ պաշ­տօ­նակո­չուած է նախ որ­պէս պատ­մութեան ու­սուցիչ եւ յե­տոյ ալ յոյն եւ հայ փոք­րա­մաս­նութեան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ փոխ տնօ­րէն։ Այդ պաշ­տօ­նի տա­րինե­րուն է որ իր մէջ ծա­գած է հա­յերէ­նի ուսման ցան­կութիւ­նը։ Ան նաեւ յա­ճախած է Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի կազ­մա­կեր­պած հա­յերէ­նի դա­սըն­թացքնե­րուն եւ նոր գի­տելիք­ներ ամ­բա­րած, այս ան­գամ ալ «Ակօս»ի անձնա­կազ­մէն Սե­ւան Տէ­յիր­մենճեանէն։ Այժմ Տոքթ. Էր­տալ Քը­լըչ կը պաշ­տօ­նավա­րէ Իս­թանպու­լի Մե­տենի­յեթ Հա­մալ­սա­րանի Թրքա­կան Երաժշտու­թիւն բաժ­նի մէջ նիւթ ու­նե­նալով հայ երաժշտու­թեան ազ­դե­ցու­թիւննե­րը թրքա­կան երաժշտու­թեան աւան­դութեան վրայ։

Այս պա­հուն մե­զի կը վի­ճակի յա­ջողու­թիւն մաղ­թել այս աշ­խա­տասի­րու­թեան հա­մար եւ վեր­յի­շել տա­րիներ առաջ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի «Օրագ­րիս 15 էջե­րը» յու­շագրու­թեան մէջ տեղ գտած մաղ­թանքին, որ ուղղո­ւած էր Երե­ւանի մէջ հա­յագի­տու­թիւն ու­սա­նող եւ հա­յախօս դար­ձած մի ոմն Տի­գի։ «Ես քե­զի աշ­խարհի լա­ւագոյն բա­ները կը մաղ­թեմ։ Ուժ եւ իմաս­տութիւն կը մաղ­թեմ։ Կը մաղ­թեմ տա­կաւին, որ… այո, սրտիս խո­րը ու­րիշ մաղ­թանք մըն ալ կայ, քիչ մը տխուր այս ան­գամ։ Երբ օր մը պի­տի հե­ռանաս այս երկրէն, չըլ­լայ որ այդ հե­ռաւոր ափե­րուն յու­սալքո­ւիս ու տրտմիս հան­դի­պելով երի­տասարդ Յա­կոբ­նե­րու կամ Գէորգնե­րու, որոնց հետ նախ պի­տի փոր­ձես հա­յերէն խօ­սիլ եւ յե­տոյ պի­տի ստի­պուիս անգլե­րէնի փո­խել անոր հա­մար որ հա­յերէն չեն գի­տեր անոնք։

Չըլ­լայ որ յու­սալքո­ւիս, վշտա­նաս, ընդհա­կառա­կը, ինչ գիտ­նամ՝ եթէ ձեռ­քէդ կու գայ բա­րեւ մը տա­նիս անոնց իրենց Մե­ծազ­գանչէն, անոնց պուտ մը սէր փո­խան­ցես քու այդ խան­դա­վառ հո­գիէդ»։

Մենք ալ ամ­բողջ սրտով կը ձայ­նակցինք Հատ­տէ­ճեանի այս բա­րեմաղ­թանքնե­րուն եւ յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք նման դժուար ճա­նապարհ ընտրած նո­ւիրեալ­նե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ