Կէտիկփաշա Եկեղեցիէն 157 կրթաթոշակներ

Երկրի մատ­նո­ւած տնտե­սական ճգնա­ժամը ծանր բե­ռի տակ կը դնէ բո­լոր այն երի­տասարդնե­րը, որոնք նպա­տակադ­րած են հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սում ստա­նալ։ Յատ­կա­պէս պատսպար­ման խնդի­րը լուրջ խո­չըն­դոտ մըն է, բո­լոր այն ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար, որոնք ու­սում ստա­նալու նպա­տակաւ կ՚եր­թան մեծ քա­ղաք­ներ։ Ար­դա­րեւ ուսման տա­րեշրջա­նի սկզբին անօ­թեւան մնա­ցած ու­սա­նող­նե­րը իրենց բո­ղոքը տե­սանե­լի դարձնե­լու հա­մար գի­շարած էին հա­մալ­սա­րան­նե­րու մուտքի դար­պասնե­րուն առ­ջեւ կամ զբօ­սայ­գի­ներու մէջ։

Թուրքիոյ հայ հա­մայնքէ ներս այս բե­ռը թե­թեւցնե­լու հա­մար զա­նազան հաս­տա­տու­թիւններ կրթա­թոշակ­ներ ապա­հովե­լով կը զօ­րակ­ցին ու­սա­նող­նե­րուն։ Այդ հաս­տա­տու­թիւննե­րէն մէկն է Կէ­տիկ­փա­շա թա­ղի Սուրբ Յով­հաննէս Եկե­ղեցին, որ ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րու այս տա­րի ալ 157 աշա­կերտնե­րուն կրթա­թոշակ ապա­հոված է։

Եկե­ղեցին կրթա­թոշակ տա­լու հա­մար կ՚օգ­տո­ւի ող­բա­ցեալ բա­րերար Յով­նան Փա­լաքա­շեանի կտակէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ