Աշխատանոց առցանց հանդիպումներու խնդիրներու մասին

Համա­վա­­րա­կի յայտնու­­թե­­­նէն այս կողմ մօտ 20 ամիս ան­­ցած է, սա­­կայն տա­­կաւին ստի­­պուած կը մնանք զանա­­զան հան­­դի­­­պումնե­­րը, աշ­­խա­­­տաժո­­ղով­­նե­­­րը եւ բա­­նախօ­­սու­­թիւննե­­րը առ­­ցանց լսար­­րա­­­նի պայ­­մաննե­­րով իրա­­կանաց­­նե­­­լու։ Առ­­ցանց դրու­­թեան մէջ վե­­րացած է անձնա­­կան հա­­ւաք­­նե­­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թիւնը եւ ալ աւե­­լի դժո­­ւար դար­­ձած է լսա­­րանը ներգրա­­ւուած պա­­հելու կա­­րողու­­թիւնը։ Այս խնդի­­րը յաղ­­թա­­­հարե­­լու եղա­­նակ­­նե­­­րը քննար­­կե­­­լու հա­­մար Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի նա­­խաձեռ­­նութեամբ 8 Դեկ­­տեմբեր 2021 Չո­­րեք­­շաբթի ժա­­մը 11.00-15.00-ի մի­­ջեւ Քլին­­թոն Դու Պրյէ­­զի կող­­մէ կ՚անցկա­­ցուի աշ­­խա­­­տաժո­­ղով մը, որ կը քննար­­կո­­­ւին հե­­տեւեալ խո­­րագիր­­նե­­­րը։

* Ինչպէս կա­­րելի է մարդկա­­յին կա­­պը եւ կար­­գա­­­ցան­­կը կրկին դարձնել հան­­դի­­­պումնե­­րու թի­­րախին, մա­­նաւանդ այն ոլոր­­տէ ներս, որ կեդ­­րո­­­նացած է մար­­դու իրա­­ւունքնե­­րու ընդլայնման վրայ։

* Ի՞նչ կը նշա­­նակէ ազ­­դե­­­ցիկ հան­­դի­­­պումնե­­րու ժո­­ղովա­­վար, կազ­­մա­­­կեր­­պիչ եւ մշա­­կող։

* Ինչպէ՞ս օգ­­տա­­­գոր­­ծել տար­­բեր դրու­­թիւններ եւ հար­­թակներ՝ յոգ­­նա­­­ծու­­թեան եւ շե­­ղումնե­­րու դա­­րաշրջա­­նին առ­­ցանց եւ անձնա­­կան հան­­դի­­­պումնե­­րու ար­­դիւնա­­ւէտու­­թիւնն ու ներգրա­­ւուա­­ծու­­թիւնը վե­­րականգնե­­լու հա­­մար։

Աշ­­խա­­­տանո­­ցի վա­­րիչ Քլին­­թոն Դու Պրյէզ խմբակ­­նե­­­րու եւ ան­­հատնե­­րու զար­­գացման իր աշ­­խա­­­տան­­քը սկած է Հա­­րաւա­­յին Ափ­­րի­­­կէի ընդդի­­մադիր Դե­­մոկ­­րա­­­տական Դա­­շինք կու­­սակցու­­թեան շրջա­­նակ­­նե­­­րուն մէջ։ Այս աշ­­խա­­­տան­­քի ըն­­թացքին ան մշա­­կած է կու­­սակցու­­թեան քա­­ղաքա­­կան առաջ­­նորդնե­­րու եւ գոր­­ծա­­­դիր կազ­­մի ան­­դամնե­­րու զար­­գացման բազ­­մա­­­թիւ ծրա­­գիր­­ներ։

2018 թո­­ւակա­­նին կը նշա­­նակո­­ւի քա­­րոզար­­շա­­­ւի ղե­­կավա­­րի տե­­ղակալ, ուր վե­­րապատ­­րաստումներ կ՚անցկաց­­նէ 2019 թո­­ւակա­­նին ընդհա­­նուր ընտրու­­թիւննե­­րու քա­­րոզար­­շա­­­ւի ըն­­դա­­­ռաջ։ Այս պաշ­­տօ­­­նին վրայ ան պա­­տաս­­խա­­­նատու էր ամ­­բողջ երկրի տա­­րած­­քին աւե­­լի քան 50 հա­­զար կու­­սակցա­­կան կա­­մաւոր­­նե­­­րու վե­­րապատ­­րաստու­­մէն։ Նաեւ կ՚ու­­սուցա­­նէր կու­­սակցու­­թեան բարձրա­­գոյն առաջ­­նորդնե­­րը բա­­նավէ­­ճերու եւ ԶԼՄ-նե­­րու հետ հար­­ցազրոյցնե­­րու ժա­­մանակ։

Ներ­­կա­­­յիս ան կը բնա­­կի Քեյփթաու­­ն, որ­­պէս «Anew» կազ­­մա­­­կերպչա­­կան եւ մարդկա­­յին զար­­գացման խորհրդա­­տուա­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան ան­դամ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ