Մեր օրերու համայնապատկերը

Թէեւ իւրաքանչիւր օր աղմկայարոյց նոր գայթակղու­թիւննե­րու ակա­նատես կ՚ըլ­լանք, ան­հա­ւատա­լիին հետ կ՚առե­րեսո­ւինք եւ հետզհե­տէ կը կորսնցնենք զար­մա­նալու կամ շշմե­լու յատ­կութիւ­նը, ան­դին աչքթող կ՚ընենք շատ կա­րեւոր զար­գա­ցում մը, որն է հա­սարա­կու­թեան բե­ւեռա­ցու­մը։

ԶԼՄ-նե­րու յա­տուկ լրա­տուու­թեան սո­վորոյթ մըն է տե­սախ­ցիկ մը եւ ձայ­նագրիչ գոր­ծիք մը վերցնե­լով փո­ղոց իջ­նել եւ պա­տահա­կան մարդկանց հար­ցումններ ուղղել յատ­կա­պէս իրենց առօ­րեայ ապ­րուստին վե­րաբե­րող նիւ­թե­րու շուրջ։ Սա­կայն այս դրու­թիւնը վեր­ջերս սկսած է պատ­ճառ դառ­նալ փո­ղոցա­յին հա­կաճա­ռու­թիւննե­րու։ Մէ­կը որ տե­սախ­ցի­կի դի­մաց իր դժգո­հու­թիւնը կը յայտնէ սղա­ճի կամ գոր­ծազրկու­թեան նման նիւ­թե­րու մա­սին, կող­քին յան­կարծ կը յայտնո­ւին մար­դիկ, որոնք կը մի­ջամ­տեն զրոյ­ցին եւ կը հա­կաճա­ռեն պաշտպա­նելով գոր­ծող իշ­խա­նու­թիւնը եւ մա­նաւանդ Նա­խագահ Էր­տո­ղանը։ Գո­յացած պատ­կե­րը ապա­ցոյցն է հա­սարա­կու­թեան բե­ւեռաց­ման։ Այսպէս զգա­լի կը դառ­նայ նաեւ ուսման մա­կար­դա­կի կամ տա­րիքի տար­բե­րու­թեան ալ՝ այդ բե­ւեռաց­ման մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թիւնը։ Մտա­հոգիչ երե­ւոյ­թը կը գո­յանայ, այն պա­հուն երբ կը նկա­տուի թէ հա­կաճա­ռու­թիւնը հետզհե­տէ կը վե­րածո­ւի անխնայ թշնա­մու­թեան։ Ներ­կայ պայ­մաննե­րը ահա­զանգ մըն են հա­ւանա­կան ընտրու­թեան մը առ­կա­յու­թեան դէպ­քին գո­յանա­լիք սրո­ւածու­թիւննե­րու հա­մար։

Անցնող մէկ շա­բաթո­ւայ ըն­թացքին յի­շատա­կուե­ցաւ Կա­նանց Մի­ջազ­գա­յին Պայ­քա­րի Օրը, իրա­ւաբան Թա­հիր Էլ­չիի սպա­նու­թեան վե­ցերորդ տա­րելի­ցը, Մեր­սի­նի Կու­սա­կալու­թեան Հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան հան­րա­հաւա­քին ար­գելք ըլ­լա­լու ջան­քե­րը, Արա­բական Էմի­րատ­նե­րու գա­հաժա­ռանգ իշ­խա­նի այ­ցե­լու­թիւնը, Սե­տաթ Փե­քերի նոր հրա­պարա­կումնե­րը, Գորշ Գայ­լե­րու հիմ­նա­դիր Ալ­փասլան Թիւրքե­շի յի­շատակ­ման հան­դէ­սին ուղղեալ յար­ձա­կու­մը, լի­րայի յա­րատեւ ան­կումը, Կեդ­րո­նական Դրամատան այդ անկման մի­ջամ­տե­լու ապար­դիւն ջան­քե­րը, կա­նանց դէմ յար­ձա­կումնե­րու քա­նի մը նոր օրի­նակ­ներ, թոռ­նի­կը բռնա­բարող մեծ հօր մը պար­զած խայ­տա­ռակու­թիւնը, բժիշկնե­րու աշ­խա­տան­քա­յին իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նելու հա­մար դէ­պի Ան­գա­րա եր­թը եւ տա­կաւին շատ շատ աւե­լին։

Քա­ղաքա­կիրթ երկրէ մը ներս վե­րոն­շեալ խո­րագիր­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը օրեր շա­րու­նակ օրա­կարգ զբա­ղեց­նե­լու ար­ժա­նի նիւ­թեր են։ Իսկ Թուրքիոյ մէջ ամէն ինչ կը ծա­գի ու կը մա­րի ժա­մերու տե­ւողու­թեամբ իր տե­ղը զի­ջելով նոր գայ­թակղու­թեան մը։ Փո­խանակ անոնցմէ ոեւէ մէ­կը իբ­րեւ գլխա­ւոր նիւթ ընտրե­լու, այս շա­բաթ նա­խընտրե­ցինք հա­մայ­նա­պատ­կեր մը ներ­կա­յաց­նել երկրի ընդհա­նուր տե­սարա­նին եւ առօ­րեայի վե­րաբե­րեալ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ