Ձօն «Քալան»ի 30-ամեակին

«Քալան» երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թիւնը իր հիմ­նադրու­թեան 30 ամեակին առ­թիւ հրա­տարա­կած է բա­ցառիկ ու­սումնա­սիրու­թիւն մը, որ կը կրէ «Հա­յերու Ամե­րիկան» խո­րագի­րը։

Իրա­կանու­թեան մէջ ան Արա Տինքճեանի շուրջ 5.000 պատ­մա­կան ձայ­նապնակ­նե­րու հա­ւաքա­ծոյէն ընտրա­նի մըն է։ Այս աշ­խա­տու­թեան մէջ ունկնդի­րը երեք խտա­ցեալ ձայ­նասկա­ւառակ­նե­րու մի­ջոցաւ կը լսէ նա­խորդ դա­րասկզբին ձայ­նագրո­ւած հայ եր­գիչնե­րու եւ նո­ւագա­ծու­նե­րու ձայ­նագրու­թիւննե­րէն նմոյշներ։ Եր­գիչնե­րը իրենց կա­տարումնե­րուն մէջ հա­յերէ­նի կող­քին մերթ ընդ մերթ կը ներ­կա­յանան նաեւ թրքե­րէն խօս­քե­րով։

Երեք խտա­ցեալ ձայ­նապնակ­ներ ընդգրկող հա­տորին մէջ նախ կը տես­նենք «Քա­լան» երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թեան ստո­րագ­րութեամբ յա­ռաջա­բան մը։ Ապա կը ծա­նօթա­ցուի անո­ւանի ու­տա­հար եւ եր­գա­հան Արա Տինքճեանը։

«Անա­թոլիայի Երաժշտու­թիւնը 78-նոց Ձայ­նապնակ­նե­րու Վրայ» խո­րագի­րով երաժշտա­գէտ Մե­լիհ Տույկու­լու եւս կը բե­րէ իր մաս­նակցու­թիւնը։ Արա Տինքճեանի ար­խի­ւէն «Հա­յերու Ամե­րիկան» խո­րագ­րեալ ու­սումնա­սիրու­թեան հե­ղինակն է Հե­րի Կե­զելեան։ Երկլե­զու այս գիր­քը պատ­մութեան փո­շոտ էջե­րէն դուրս կը բե­րէ բազ­մա­թիւ երա­ժիշտներ, ինչպէս Խոս­րով Մա­լուլ, Գա­րեգին Փրու­տեան, Քե­մանի Մի­նաս, Վար­դան Մար­կո­սեան, Գաս­պար Ճան­ճա­նեան, Յով­սէփ Շամ­լըեան, Վա­հան Պո­յաճեան, Հայ­կազ եւ Ստե­փան Սի­մոնեան, Կա­րապետ Մեր­ճա­նեան, Մես­րոպ Թա­քակ­ճեան, Օս­կար Գէոր­գեան, Մա­նուկ Ճա­նիկեան, Յով­սէփ Ճօ Պետ­րո­սեան, Մա­նուէլ Թո­լեկեան, Մա­նուկ Թու­մի­կեան, Զա­ւէն Եապ­չաեան, Մար­քօ Մել­քոն Ալեմ­շե­րեան, Կար­պիս Պա­քըր­ճեան, Ենովք Տէր Յա­կոբեան, Սեմ Հայ­տոստեան, Աշուղ Մու­րատ Էլան­ճեան եւ Հրանդ Քեն­քուլեան։

Բա­ցի այդ սոյն ու­սումնա­սիրու­թիւնով կը ծա­նօթա­ցուին նաեւ Ամեր­կեան պատ­մութեան մէջ իրենց դրոշ­մը թո­ղած երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թիւննե­րը։ Այսպէս կը հան­դի­պինք «Օրեն­թըլ Ռե­քորդս», «Ռի­քորդս», «Գո­լոմ­պիա», «Մար­կո­սեան­ներ», «Եփ­րատ», «Բար­սե­ղեան», «Շամ­լըեան», «Պըլ­պըլ Ռե­քորդս», «Փա­րոս», «Էլոքթրո­վոտս», «Գա­լիֆոն», «Աշուղ Ռե­քորդս», «Հրանդ Ռե­քորդս»ի նման երաժշտու­թիւն ար­տադրող ըն­կե­րու­թիւննե­րու մա­սին բո­վան­դա­կալից տե­ղեկու­թիւննե­րու։

«Քա­լան» երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թեան կա­րեւո­րագոյն յատ­կա­նիշն է Թուրքիոյ հո­ղերուն վրայ ար­տադրո­ւած երաժշտու­թիւնը ամ­բողջա­կանու­թեան մը մէջ տես­նել եւ մո­ռացու­թեան աղ­տէն փրկել այօր հետզհե­տէ անլսե­լի դար­ձած երաժշտա­կան ժա­ռան­գը։

Ար­դա­րեւ ըն­կե­րու­թեան հիմ­նա­դիր Հա­սան Սալ­թըք բծախնդիր աշ­խա­տու­թիւնով լոյս ըն­ծա­յած էր հայ­կա­կան բա­զում երաժշտա­կան նմոյշներ։ Անոնց մէջ ան­մո­ռանա­լի կը մնայ Խա­չատուր Աւե­տիսեանի «Ող­բերգ» օրա­թորիոն, որ հրա­տարա­կուած էր 2015-ին՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­րադար­ձի օրե­րուն։ Նոյնքան կա­րեւոր է Մի­քայէլ Աս­լա­նի ջան­քե­րով լոյս տե­սած «Փե­թակ» ալ­պո­մը, որ կ՚ընդգրկէր Կո­միտա­սի սա­ներէն Միհ­րան Թու­մա­ճանի ձայ­նագրած ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րը։ Այդ եր­գե­րը թա­քուն մնա­ցած էին Թու­մա­ճանի «Հայ­րե­նի Երգ ու Բան» հա­տոր­նե­րու մէջ եւ առա­ջին ան­գամ «Քա­լան» ըն­կե­րու­թեան շնոր­հիւ հնչե­ցին Հա­յաս­տա­նի «Ակունք» երգչա­խումբի կա­տարու­մով։

Չենք կրնար ան­տե­սել Կո­միտաս Վար­դա­պետի ան­տիպ գոր­ծե­րու վե­րամ­շա­կու­մով կեան­քի կո­չուած «Երգա­րան» ալ­պո­մը՝ որ իր կար­գին յայտնու­թիւն մըն էր, շնոր­հիւ Պուրճու Եըլ­տըզ, Մե­լիսա Պի­լալ, Այ­թե­քին Աթաշ, Արի Հեր­կել եւ Սա­րօ Ուսթա­յի ջան­քե­րուն։

Սա­կայն սի­րելի Հա­սան Սալ­թը­քի այդ ու­շադրու­թիւնը սահ­մա­նուած չէր հա­յերով, հե­տեւա­բար ան հրա­տարա­կեց ասո­րերէն, պոն­դե­րէն, յու­նա­րէն, սե­ֆարադ­նե­րու հրեանե­րու խօ­սած սպա­ներէ­նով՝ լա­տինո­յով, քրտե­րէնով, զա­զայե­րէնով եւ երկրի մէջ խօ­սուած այլ լե­զու­նե­րով զա­նազան գոր­ծեր։

Հա­սան Սալ­թըք վե­րամ­շա­կելու եւ վե­րար­տադրե­լու հե­ռան­կա­րով ապա­հոված էր Երե­ւանի Ռա­տօկա­յանի քրտե­րէն բաժ­նի ու «ԹՌԹ»ի ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թեան ամ­բողջա­կան ար­խիւնե­րը։

Ան կան­խա­հաս ու յան­կարծա­կի մա­հը ար­գելք մը չէ եղած «Քա­լան» երաժշտա­կան ըն­կե­րու­թեան իր առա­քելու­թիւնը շա­րու­նա­կելու։ Հա­սանի գոր­ծընկեր­նե­րը հա­մախմբո­ւած են իր այ­րիին՝ Նի­լիւ­ֆե­րի կող­քին եւ կը շա­րու­նա­կեն վառ պա­հել այն ջա­հը, որ այս հո­ղերուն վրայ 30 տա­րիէ կը լսո­ւաւո­րէ հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թի ժա­ռան­գը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ