Հանգիստ Տ. Տիրան Աւագ Քահանայի Րէիսեան

Երեսունեւեր­կա­մեայ ժա­մանա­կաւ սպա­սաւո­րեալ Առա­քելա­կան Սրբոյ Եկե­ղեց­ւոյս Հա­յաս­տա­նեայց, եր­բեմնի հո­գեւոր հո­վուին Պա­քըր­գիւղի, Նառ­լը­գաբըի, Թօփ­գա­բըի եւ Էյու­պի, Գումգա­բը Դուրսի, Սա­մաթիոյ, Ենի­գաբըի եւ Պա­լաթու Սուրբ Եկե­ղեցեաց, յետ խա­թարեալ առող­ջա­կան վի­ճակի իւ­րոյ կո­չեցեալ հանգստեան, փո­խեցաւ առ Աս­տո­ւած ի յոյս կե­նացն յա­ւիտե­նից յա­մին 2022, ի 2-ն Յու­նո­ւարի յա­ւուրն Միաշա­բաթի, ի ժա­մու մի­ջօրէի, յետ եր­կա­րատեւ հի­ւան­դութեան։ Կամք Տեառն օրհնեալ եղի­ցի։

Մատ­չի Սուրբ եւ Ան­մահ Պա­տարագ յա­ւուրն Երեք­շաբթւոջ, ի 4ն Յու­նո­ւարի ի ժամ 10.00-ի եւ կա­տարի օծումն նո­րին, յԱ­թոռա­նիստ Մայր Տա­ճարի Ս. Աս­տո­ւածած­նի, Գումգա­բու թա­ղի քա­ղաքիս եւ ամ­փո­փի մար­մինն ի գե­րեզ­մա­նատանն որ յԷ­տիր­նէ­գաբու, ի դամ­բա­րանի ըն­տա­նեաց իւ­րոյ։

Տէր լու­սա­ւորես­ցէ զհո­գի վախ­ճա­նեալ սպա­սաւո­րին, տա­ցէ մխի­թարու­թիւն զա­ւակաց Եկե­ղեց­ւոյ իւ­րում եւ յա­րուսցէ այլ մշակս ի հունձս իւր։

Վեր­ջին օծում եւ թա­ղում հո­գելոյս Տէր Տի­րան Աւագ Քա­հանայ Ռէիսեանի

Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս քա­հանա­յից դա­սու աւագ սե­րունդի ան­դամնե­րէն Արժ. Տ. Տի­րան Աւ. Քհնյ. Ռէիսեանի վեր­ջին օծ­ման եւ թաղ­ման արա­րողու­թիւննե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 4 Յու­նո­ւար 2022, Երեք­շաբթի, Ս. Աս­տո­ւածա­ծին Աթո­ռանիստ Մայր Տա­ճարի մէջ, նա­խագա­հու­թեամբ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր։

Արա­րողու­թեանց իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան, Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս միաբա­նու­թիւնն ու հո­գեւո­րակա­նաց դա­սու ան­դամներ, սար­կա­ւագ­ներ ու դպիր­ներ։ Յա­նուն Յու­նաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պար­թո­լոմէոս Ծայ­րա­գոյն Պատ­րիար­քի՝ արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցաւ Բրշ. Վար­նա­վաս Կրի­կորիատիս Սար­կա­ւագ եւ փո­խան­ցեց Նո­րին Սրբու­թեան ցա­ւակ­ցութիւննե­րը։

Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց հան­գուցեալի օծա­կից՝ Արժ. Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յա­կոբեան։ Ս. Սե­ղանին սպա­սար­կե­ցին Աթո­ռոյս սար­կա­ւագաց դա­սու ան­դամնե­րը։ Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարո­ւեցան Ար­մաշ Դպրաց Խումբի կող­մէ, առաջ­նորդու­թեամբ Բրշ. Յա­րու­թիւն Էտ­վին Սրկ. Կա­լիպեանի։

Յըն­թացս Ս. Պա­տարա­գին հան­գուցեալ Տէր Հօր դա­գաղը հո­գեւո­րական­նե­րու կող­մէ ատեանէն բե­րուե­ցաւ Ս. Խո­րան, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ Վեր­ջին Օծ­ման Կար­գը, ձե­ռամբ՝ Գերշ. Տ. Արամ Ար­քե­պիս­կո­պոսի։

Յա­ջոր­դա­բար Ամե­նապա­տիւ Պատ­րիարք Սրբա­զան Հայ­րը դամ­բա­նախօ­սեց «Ուր որ ես եմ, այնտեղ պէտք է ըլ­լայ նաեւ իմ ծա­ռաս» (Յով­հաննէս 12.26) բնա­բանով։ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի գտնո­ւած տե­ղին Տի­րոջ տու­նը ըլ­լա­լու պա­րագան շեշ­տե­լով, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ըսաւ թէ Աս­տուծոյ այս հա­մեստ ծա­ռան իր Տէրն ու Փրկի­չը գտաւ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ման­կութե­նէն ի վեր ծա­ռայեց եկե­ղեց­ւոյ եւ օր մը եկաւ Տի­րոջ լու­ծը վերցնե­լու իր ու­սե­րուն վրայ։ Ան եղաւ նաեւ Աս­տուծոյ խօս­քին ծա­ռայո­ղը։ Անդրա­դառ­նա­լով Տ. Տի­րան Աւ. Քհնյ.ի կեան­քին, վեր առաւ իր ծա­ռայա­սիրու­թիւնն ու խա­ղաղա­սիրու­թիւնը։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ցա­ւակ­ցե­ցաւ Հան­գուցեալ Տէր Հօր երէցկնոջ, դուստրե­րուն, ամ­բողջ ըն­տա­նիքին, ինչպէս նաեւ իր հո­գեւո­րական եղ­բայրնե­րուն եւ հա­մայն հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդին ու մաղ­թեց, որ Տէ­րը նոր մշակ­ներ հա­նէ իր ան­դաստա­նին հա­մար։

Վեր­ջին Օծ­ման կար­գէն յե­տոյ, Ս. Պա­տարա­գը շա­րու­նա­կուե­ցաւ եւ հո­գեւո­րական­ներ եր­կիւղա­ծու­թեամբ համ­բուրե­ցին հո­գելոյս Տէր Հօր օծեալ ճա­կատն ու աջը։ Ապա ատեանին կեդ­րո­նը՝ Տէր Հօր դա­գաղին շուրջ Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղ. Սե­րով­բեանի գլխաորու­թեամբ հո­գեւոր հայ­րեր ար­տա­սանե­ցին աղօթքներ, կա­տարե­ցին սուրբգրա­կան ըն­թերցումներ։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի ել­քի թա­փօրին հան­դի­սապե­տեց Գերպ. Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օհա­նեան։ Հան­գուցեալ Տէր Հօր դա­գաղը կ՚ըն­թա­նար շա­րական­նե­րու եր­գե­ցողու­թեամբ, Ս. Աւե­տարա­նի ըն­թերցմամբ, սաղ­մոսնե­րով եւ աղօթքնե­րով։ Հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդը տամ­կա­ցած աչ­քե­րով կը հե­տեւէր արա­րողու­թեան։

Թաղ­ման արա­րողու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ Էտիր­նէ­գաբո­ւի Ազ­գա­յին Գե­րեզ­մա­նատան մէջ, որուն հան­դի­սապե­տեց Հոգշ. Տ. Եղի­շէ Վրդ. Ուչքու­նեան։ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս վաս­տա­կաշատ հո­գեւո­րակա­նին մար­մի­նը ամ­փո­փուե­ցաւ իր ըն­տա­նեկան դամ­բա­րանին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ