19 Յունուարի ընդառաջ Իւմիթ Քըվանչի նոր ֆիլմը՝ «Յիշողութիւնը Անբաւարար»

Յունուար ամի­սի կա­րեւոր նշա­նակու­թիւննե­րէն մէկն է Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան տա­րելի­ցը։ 2007-ին յա­ջոր­դող բո­լոր 19 Յու­նո­ւար­նե­րուն աշ­խարհի տար­բեր ծա­գերուն եւ Թուրքիոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ զա­նազան մի­ջոցա­ռումնե­րով կը յի­շատա­կուէր «Ակօս»ի հիմ­նա­դիր եւ Հայ Դա­տի քաջ պաշտպան Հրանդ Տինք։ Առա­ջին ան­գամ ան­ցեալ տա­րի է, որ 19 Յու­նո­ւարը յի­շուե­ցաւ առ­ցանց դրու­թեամբ։ Ըստ երե­ւոյ­թի այս տա­րի ալ զան­գո­ւածա­յին յի­շատա­կում մը կա­րելի պի­տի չըլ­լայ։ Եւ սա­կայն Հրան­դի թո­ղած ժա­ռան­գը ծանր պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն կը բեռցնէ ար­դար խղճի տէր մարդկանց վրայ, որոնք ամէն եղա­նակով կը փոր­ձեն այդ պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը ար­դա­րաց­նել։ Այդ տե­սակի արո­ւես­տա­գէտ մըն է Իւ­միթ Քը­վանք, որ այս տա­րի վա­ւերագ­րա­կան ժա­պաւէ­նով մը կը պա­տրաս­տուի իր մաս­նակցու­թիւնը բե­րելու Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րուն։

«Ակօս»ի խմբագ­րա­պետ Եդո­ւարդ Տան­ձի­կեանի հետ կա­տարած հար­ցազրոյ­ցի ըն­թացքին Իւմիթ Քը­վանչ կը յայտնէ թէ յետ մա­հու զա­նազան գրու­թիւններ, յօ­դուած­ներ, նոյ­նիսկ հա­տոր­ներ հրա­տարա­կուե­ցան։ «Ես կը հա­ւատամ որ Հրան­դի խօս­քը գի­րէն աւե­լի ազ­դե­ցիկ էր։ Իր գրու­թիւննե­րը ձե­ւով մը թե­րի կը մնա­յին անոր խօս­քին դի­մաց։ Հրանդ իր խօս­քով, ձայ­նի ելե­ւէջ­նե­րով շեշ­տադրումնե­րով շատ աւե­լի ազ­դե­ցիկ էր, քան գրի­չով։ Այդ երե­ւոյ­թը յա­ճախ կը հաս­տա­տէինք Տե­լալի կամ Արա­տի հետ մեր զրոյցնե­րու ըն­թացքին։ Գի­տէի որ Հրան­դի խօս­քը վե­րակեն­դա­նաց­նե­լը ին­ծի կը վի­ճակի։ Եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կը տա­ռապիմ իր ելոյթնե­րու մա­սին տե­սաերիզ­նե­րը դի­տելով, քա­նի որ ամէն ան­գա­մուն կը ջղայ­նա­նամ եւ այդ ջղայ­նութեան նո­պանե­րով ոչ թէ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլմ, այլ ան­հա­տական պոռթկում միայն դուրս կու գայ։ Հա­մավա­րակը եւ անոր պար­տադրած տնա­յին կա­լան­քը առիթ ստեղ­ծե­ցին այս աշ­խա­տու­թեան վերսկսե­լուս հա­մար։ Բո­լոր ու­զածս Հրան­դի իրա­ւացիու­թիւնը, հա­մոզե­լու կա­րողու­թիւնը, լսե­լու հան­դուրժո­ղակա­նու­թիւնը շեշ­տել էր։ Նոր սե­րունդը ոչ թէ գիր­քե­րու էջե­րէն, այլ իր կեն­դա­նի կեր­պա­րէն, դէմ­քի ար­տա­յայ­տութիւննե­րէն, ձայ­նի շեշ­տադրումնե­րէն ճանչնա­յին Հրանդ Տին­քը։ Այս եր­կի­րը, երկրի ջախ­ջա­խիչ մե­ծամաս­նութիւ­նը չէր կրցած լսել, հասկնալ ու կար­գին ար­ժե­ւորել Հրանդ Տին­քի խօս­քը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ «Յի­շողու­թիւնը Ան­բա­ւարար» կո­չեցինք այս ֆիլ­մը։

Բնա­կանա­բար Հրան­դի կարգ մը ելոյթնե­րը շա­տեր առա­ջին ան­գամ այս ֆիլ­մի մի­ջոցաւ պի­տի լսեն։ Նշեմ որ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը բա­ւակա­նին ծա­ւալուն ար­խիւ մը ու­նի, որ այս աշ­խա­տու­թեան հա­մար դրո­ւած էր իմ տրա­մադ­րութեան տակ։ Ու­րեմն ֆիլ­մի մաս կազ­բող բո­լոր նիւ­թե­րը այս ար­խի­ւէն քա­ղեցի։ Ամ­բողջու­թիւն մը ըլ­լա­լով ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ալ յատ­կա­պէս ու­շադրու­թիւն տա­րի ան­ցումնե­րու վրայ։ Ան­շուշտ որ դժո­ւար ըն­թացք մըն էր ին­ծի հա­մար։ Տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեամբ գի­տեմ այ­լեւս թէ իմ ձեռ­քի նիւ­թե­րէն ինչ ար­դիւնք կրնամ գո­յաց­նել։ Դժո­ւարու­թիւնը Հրան­դի խօս­քե­րուն տա­րուե­լէն կը յա­ռաջա­նայ։ Յա­ճախ պա­տահե­ցաւ որ առանց ֆիլ­մը մէկ քայլ յա­ռաջ տա­նելու 40-րդ ան­գամ հե­տեւիմ նոյն խօ­սակ­ցութեան եւ դժո­ւարա­նամ ձեր­բա­զատո­ւելու»։

Իւ­միթ Քը­վանչ կը յայտնէ թէ մէկ ժամ տե­ւողու­թեամբ այս ֆիլ­մը 13 Յու­նո­ւարէն սկսեալ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի hrantdink.org կամ Իւմիթ Քը­վան­չի vimeo.com/umitk եւ «Եիւ­թուպի » https://www.youtube.com/user/gecetreni2011 հաս­ցէ­ներու մի­ջոցաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ