Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

«Եթէ մէ­­կի յան­­ցանքով շա­­տեր մե­­ռան,

որ­­չա՜փ աւե­­լի մէկ մար­­դու՝ Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի շնոր­­հով,

Աս­­տուծոյ շնորհն ու պար­­գեւնե­­րը աւել­­ցան շա­­տերու մէջ»

(Հռոմ., 5.15)

Սուրբ Ծնունդի եւ կա­­ղան­­դի եղա­­նակը սեր­­տօ­­­րէն աղեր­­սո­­­ւած է «նո­­ւէր»ի գա­­ղափա­­րին հետ, որուն հո­­մանիշ­­ներն են «շնորհք», «պար­­գեւ» եւ մա­­սամբ «ողոր­­մութիւն» բա­­ռերը. Նո­­ւէր­­ներ տալն ու առ­­նե­­­լը վե­­րածո­­ւած է այս եղա­­նակին հետ առըն­­չո­­­ւած գողտրիկ աւան­­դութեան մը, որ ինքնին կը ստեղ­­ծէ ոգե­­ւորու­­թիւն ու խան­­դա­­­վառու­­թիւն. Այս տօ­­նական օրե­­րը շատ բան կը պար­­տին նո­­ւէր­­ներ տա­­լու աւան­­դութեան տա­­րածուն իրա­­գոր­­ծումին, ջերմ ու զո­­ւարթ մթնո­­լորտներ ստեղ­­ծե­­­լու առու­­մով. Շատ քի­­չեր սա­­կայն կ’անդրա­­դառ­­նան, որ Բեթ­­ղե­­­հէմի մա­­նու­­կին կը պար­­տինք այս սի­­րու­­նիկ աւան­­դութիւ­­նը.

Յով­­սէփ եւ Մա­­րիամ Նա­­զարէթ քա­­ղաքէն ել­­լե­­­լով հա­­րիւր քի­­լոմեթր տե­­ւող դժո­­ւար ճամ­­բորդու­­թե­­­նէ յե­­տոյ երբ հա­­սան Բեթ­­ղե­­­հէմ՝ որ­­պէս աղ­­քա­­­տիկ օտա­­րական­­ներ տեղ մը չու­­նէին հոն մնա­­լիք առանց ու­­նե­­­նալու ոչ մէկ ազ­­գա­­­կան կամ ծա­­նօթ բա­­րեկամ մը օգ­­նութեան հաս­­նե­­­լիք.

Անոնց առա­­ջին «նո­­ւէր»ը տո­­ւաւ իջե­­ւանին տէ­­րը՝ բա­­նալով քա­­րայր-ախո­­րին դռնե­­րը որ­­պէսզի գի­­շերեն հոն.

Ու­­րիշ նո­­ւէր մը եկաւ անա­­սուննե­­րէն, որոնք իրենց շունչին ջեր­­մութեամբ ցուրտէն պահ­­պա­­­նեցին մա­­նուկ Յի­­սու­­սը.

Բայց լա­­ւագոյն նո­­ւէր­­նե­­­րը հար­­կաւ թէ հո­­վիւ­­նե­­­րը բե­­րին խրա­­տուե­­լով հրեշ­­տակնե­­րէն, գտնե­­լով խան­­ձա­­­րու­­րի մէջ փաթ­­թո­­­ւած, մսու­­րի մէջ դրո­­ւած Փրկի­­չը՝ Օծեալ Տէ­­րը. Իրենց հօ­­տին ար­­տադրու­­թիւննե­­րէն՝ կաթ, պա­­նիր, մա­­ծուն եւ հաց դրին սուրբ ըն­­տա­­­նիքին առ­­ջեւ. Ի հար­­կէ իրենց եւ իրենց ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու բա­­րեկա­­մու­­թիւնը մա­­տու­­ցին եւ մին­­չեւ բաժ­­նո­­­ւեցան Բեթ­­ղե­­­հէմէն խնա­­մեցին զա­­նոնք, ով գի­­տէ, թե­­րեւս իրենց տու­­նե­­­րուն մէջ հիւ­­րա­­­սիրե­­ցին զա­­նոնք աւե­­լի լաւ պայ­­մաննե­­րու տակ բնա­­կելու հա­­մար.

Իսկ մո­­գերը՝ Մել­­քոն, Գաս­­պար, Պաղ­­տա­­­սար տես­­նե­­­լով աստղը Մե­­սիային՝ եր­­կա­­­րատեւ ու դժո­­ւար ճամ­­բորդու­­թիւն մը յանձն առ­­նե­­­լով ու­­զե­­­ցին պաշ­­տել Երկնա­­յին թա­­գաւո­­րը. Իրա­­կանա­­ցաւ իրենց փա­­փաքը «երբ տե­­սան մա­­նուկ Յի­­սու­­սը իր մօ­­րը՝ Մա­­րիամի հետ, եւ երե­­սի վրայ իյ­­նա­­­լով՝ եր­­կիրպա­­գեցին անոր. Ապա բա­­նալով իրենց գան­­ձե­­­րը՝ մա­­տու­­ցին նո­­ւէր­­ներ՝ ոս­­կի, կնդրուկ եւ զմուռս» (Մատ­­թէոս, 2.10-12). Իրենց նո­­ւիրած այս գան­­ձե­­­րը շատ էական դեր պի­­տի կա­­տարէին դէ­­պի Եգիպ­­տոս կա­­տարե­­լիք փա­­խուստի եւ տա­­րագ­­րութեան եր­­կար տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին.

Այս բո­­լորը մարդկու­­թեան անու­­նով Մա­­նուկ Յի­­սու­­սին մա­­տու­­ցուած նո­­ւէր­­ներ էին փո­­խադարձ՝ Աս­­տուծոյ մե­­ծագոյն նո­­ւէրին՝ մե­­ղաւոր մարդկու­­թեան շնոր­­հո­­­ւած. «Քա­­նի որ Աս­­տո­­­ւած այնպէս սի­­րեց աշ­­խարհը, որ մին­­չեւ իսկ իր միածին Որ­­դին տո­­ւաւ, որ­­պէսզի ով որ հա­­ւատայ անոր՝ չկոր­­սո­­­ւի, այլ ըն­­դունի յա­­ւիտե­­նական կեան­­քը» (Յով­­հաննէս, 3.16). Սուրբ Ծնունդին ահա՛ Աս­­տո­­­ւածա­­յին այս պար­­գեւն է որ կը տօ­­նենք. Սա­­կայն խան­­ձա­­­րու­­րի մէջ մե­­զի պար­­գե­­­ւուած մա­­նու­­կի հիմ­­նա­­­կան առա­­քելու­­թիւնը պի­­տի ըլ­­լար մեզ ալ պար­­գե­­­ւատու ան­­ձե­­­րու վե­­րածել. «Որով­­հե­­­տեւ անոր շնոր­­հիւ փրկո­­ւած­­ներ էք հա­­ւատ­­քի մի­­ջոցով եւ ասի­­կա ձեզ­­մէ չէ, այլ պար­­գեւն է Աս­­տուծոյ, ոչ ալ գոր­­ծե­­­րէն է, որ­­պէսզի ոչ ոք պար­­ծե­­­նայ. որով­­հե­­­տեւ մենք անոր արա­­րած­­ներն ենք, Քրիս­­տոս Յի­­սու­­սով ստեղ­­ծո­­­ւած­­ներ՝ բա­­րի գոր­­ծե­­­րու հա­­մար, որոնց հա­­մար ալ Աս­­տո­­­ւած նա­­խապէս պատ­­րաստեց մեզ, որ­­պէսզի անոնցմո՛վ ըն­­թա­­­նանք» (Եփե­­սացիս, 2.8-10).

Մենք մեր Արա­­րիչէն կը սոր­­վինք նո­­ւէր­­ներ տա­­լու արո­­ւես­­տը, ըստ այնմ «Ան իր արե­­գակը կը ծա­­գեց­­նէ չա­­րերուն ու բա­­րինե­­րուն վրայ եւ անձրեւ կը ղրկէ ար­­դարնե­­րուն եւ մե­­ղաւոր­­նե­­­րուն հա­­ւասա­­րապէս» (Մատ­­թէոս, 5.45). Կեան­­քի աղ­­բիւրն է Ինք. «Քա­­նի որ ամէն բա­­րի շնորհ եւ ամէն կա­­տարեալ պար­­գեւ վե­­րէն են, իջած լոյ­­սի Հօր­­մէն, որուն մէջ չկայ փո­­փոխում, կամ՝ փո­­փոխու­­թեան ստո­­ւեր» (Յա­­կոբոս, 1.17). Եւ այս նո­­ւիրա­­տու Հայ­­րը մեր, կը փա­­փաքի որ մենք եւս նմա­­նինք իրեն՝ առա­­տաձեռ­­նութեամբ վա­­րուե­­լով իրա­­րու հան­­դէպ, յատ­­կա­­­պէս աղ­­քատ ու ըն­­կե­­­րու­­թեան ողոր­­մե­­­լի խա­­ւերուն, որոնք ու­­րիշ օգ­­նութեան ճար չու­­նին բա­­ցի սրտա­­բուղխ ողոր­­մութեան նո­­ւէր­­նե­­­րէն՝ իրենց «մա՛րդ» եղ­­բայրնե­­րու կող­­մէ կա­­տարո­­ւած.

Նո­­ւիրա­­բաշ­­խումի Տօն մըն է Սուրբ Ծնունդը մեր Տէր եւ Փրկիչ Յի­­սուս Քրիս­­տո­­­սի. Աս­­տո­­­ւած Իր սի­­րոյ ան­­գին Նո­­ւէրը՝ Իր Որ­­դին կու տայ մե­­զի, եւ մեզ­­մէ մեր նո­­ւէր­­նե­­­րը կը սպա­­սէ Իր Որ­­դիին ձօ­­նուած. Ծննդեան սուրբ տրա­­ման բա­­ցայայտ կ’ընէ այս իրա­­կանու­­թիւնը վե­­րեւ մատ­­նանշած մեր օրի­­նակ­­նե­­­րով. Տօ­­նական այս օրե­­րուն մենք բո­­լորս մեր երախ­­տա­­­պար­­տութեան նո­­ւէր­­նե­­­րը պէտք է որ մա­­տու­­ցա­­­նենք Տէր Յի­­սու­­սին, այնպէս ինչպէս ըրին հո­­վիւ­­նե­­­րը եւ մո­­գերը. Բայց ինչպէ՞ս պի­­տի գտնենք Յի­­սու­­սը՝ մեր նո­­ւէր­­նե­­­րը փռե­­լու հա­­մար իր ոտ­­քե­­­րուն առ­­ջեւ. Յի­­սուս ինքն է, որ կը պա­­տաս­­խա­­­նէ. «Եկէ՛ք, իմ Հօրս օրհնեալ­­նե­­­րը, ժա­­ռան­­գե­­­ցէ՛ք աշ­­խարհի սկիզ­­բէն ձե­­զի հա­­մար պատ­­րաստո­­ւած ար­­քա­­­յու­­թիւնը. Վասնզի անօ­­թեցայ, եւ ու­­տե­­­լիք տո­­ւիք ին­­ծի, ծա­­րաւե­­ցայ, եւ խմե­­լիք ջուր տո­­ւիք ին­­ծի, օտար էի, եւ ձեր մէջ առիք զիս. Մերկ էի, եւ հա­­գուե­­ցու­­ցիք զիս, հի­­ւանդ էի, եւ զիս տես­­նե­­­լու եկաք, բան­­տի մէջ էի, եւ մօտս եկաք». Թե­­րեւս հարց պի­­տի տաք ար­­դա­­­րօրէն թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ըրիք այս բո­­լորը եր­­կու հա­­զար տա­­րի առաջ ապ­­րած Յի­­սու­­սին, որուն պա­­տաս­­խա­­­նը շատ յստակ է ու գո­­հացու­­ցիչ. «Ճշմա­­րիտ կ’ըսեմ ձե­­զի, քա­­նի որ իմ այս փոք­­րիկ եղ­­բայնե­­րէս մէ­­կուն ըրիք՝ ին­­ծի՛ ըրիք» (Մատ­­թէոս, 25.31-41).

Ու­­րեմն Ծնունդի Սուրբ Տօ­­նը լա­­ւագոյնս կրնաք տօ­­նել գտնե­­լով մեր նո­­ւէր­­նե­­­րուն կա­­րօտ մեր եղ­­բայրներն ու քոյ­­րե­­­րը եւ օգ­­նե­­­լով անոնց. Աս­­տո­­­ւածոր­­դին այնքան խո­­նար­­հե­­­ցաւ, որ նո­­ւէր­­ներ ըն­­դունեց մար­­դոցմէ եւ այդ նո­­ւէր­­նե­­­րու օգ­­նութեամբ սկսաւ իր փրկա­­գոր­­ծութեան առա­­քելու­­թեան. Փրկու­­թեան ճամ­­բան սար­­քո­­­ւած է սի­­րոյ սրտա­­բուղխ նո­­ւէր­­նե­­­րով։

Ծնաւ մե­­զի այ­­սօր Փրկիչ մը, որ մե­­ղապարտ մարդկու­­թեան փրկու­­թեան ճամ­­բան ցոյց կու տայ. Աս­­տուծոյ մե­­զի տո­­ւած շնորհքնե­­րը բաժ­­նել ու­­րիշնե­­րուն հետ ազա­­տօրէն, որ­­պէսզի տի­­րէ աշ­­խարհի վրայ սէրն ու եղ­­բայրու­­թիւնը, որոնց պի­­տի հե­­տեւին բնա­­կանա­­բար ար­­դա­­­րու­­թիւնն ու խա­­ղաղու­­թիւնը՝ դրախ­­տա­­­վայ­­րի վե­­րածե­­լու մեր ռազ­­մա­­­դաշ­­տի վե­­րածո­­ւած մրցա­­մոլ եր­­կի­­­րը. Խա­­ւարին մէջ ահա այսպէս կը փայ­­լի փրկչա­­կան լոյ­­սը՝ ծնեալ Ար­­քա­­­յին.

ՔՐԻՍ­­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­­ՑԱՒ.

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­­ՏՈ­­­ՍԻ

*

Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան կեն­­սա­­­նորոգ տօ­­ներուն առի­­թով կ’ող­­ջունենք Առա­­քելա­­կան Մայր Եկե­­ղեց­­ւոյ բո­­լոր զա­­ւակ­­ներն անխտիր։ Քրիս­­տո­­­սաւանդ ջեր­­մա­­­գին սի­­րով կ’ող­­ջունենք նաեւ մեր Հո­­գեւո­­րական Դա­­սու ան­­դամնե­­րը, Սրբա­­զան Եպիս­­կո­­­պոս­­ներն ու Միաբան Հայ­­րե­­­րը, Քա­­հանա­­յից, Սար­­կա­­­ւագաց եւ Դպրաց Դա­­սերը, Գալ­­ֆա­­­յեան Ուխտի Քոյ­­րը, Պատ­­րիար­­քա­­­կան Աթո­­ռի Տնտե­­սական Խոր­­հուրդի, Ըն­­կե­­­րային Օժան­­դա­­­կու­­թեան Յանձնա­­խումբի եւ իրեն են­­թա­­­յանձնա­­խումբե­­րու, Տիկ­­նանց եւ Հայ Մեն­­թի-Մեն­­թոր Յանձնա­­խումբե­­րու ան­­դամնե­­րը, Սուրբ Փրկիչ Ազ­­գա­­­յին Հի­­ւան­­դա­­­նոցի Հո­­գաբար­­ձութիւ­­նը, Բժշկա­­պետու­­թիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժքոյ­­րե­­­րը, Հա­­մայնքա­­յին Հաս­­տա­­­տու­­թեանց Խնա­­մակա­­լու­­թիւննե­­րը, Թա­­ղային Խոր­­հուրդնե­­րը, Տիկ­­նանց Յանձնա­­խումբե­­րը, մեր հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Հիմ­­նադրի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներն ու Տնօ­­րէն­­նե­­­րը, Հո­­գաբար­­ձութիւննե­­րը, Ու­­սուցչաց Դա­­սը, Աղ­­քա­­­տախ­­նամ Մար­­միննե­­րը, Սա­­նուց Միու­­թիւննե­­րը եւ բո­­լոր մար­­դա­­­սիրա­­կան ու մշա­­կու­­թա­­­յին մար­­միննե­­րը, Հայ Մամ­­լոյ Խմբա­­գիր­­նե­­­րը եւ ողջ Անձնա­­կազ­­մը, բա­­րեսի­­րական եւ կրթա­­կան հաս­­տա­­­տու­­թեանց սա­­տարող ազ­­նիւ բա­­րերար­­նե­­­րը, հա­­մայն հա­­ւատա­­ցեալ եւ սի­­րեցեալ մեր ժո­­ղովուրդը՝ մաղ­­թե­­­լով բո­­լորին եր­­ջա­­­նիկ Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան տօ­­նակա­­տարու­­թիւն, ինչպէս նաեւ եկե­­ղեցա­­շէն, կրթա­­նուէր եւ բա­­րեսէր գոր­­ծունէու­­թեանց լիակա­­տար յա­­ջողու­­թիւն։

Յա­­տուկ օրհնու­­թեամբ կ’ող­­ջունենք եւ կը շնոր­­հա­­­ւորենք Կրե­­տէի Հայ հա­­մայնքի ան­­դամնե­­րը։

Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տօ­­նին առի­­թով կը շա­­րու­­նա­­­կենք աղօ­­թել վասն բա­­րօրու­­թեան եւ ան­­սա­­­սանու­­թեան Մայր Աթոռ Ս. Էջ­­միած­­նի։ Մեր որ­­դիական ակ­­նա­­­ծան­­քը կը յղենք Նո­­րին Սրբու­­թիւն Տ. Տ. Գա­­րեգին Բ Ամե­­նայն Հա­­յոց Կա­­թողի­­կոսին։ Կը հայ­­ցենք Նո­­րին Սրբու­­թեան եւ Մայր Աթո­­ռի ողջ միաբա­­նու­­թեան աղօթքնե­­րը վասն պայ­­ծա­­­ռու­­թեան Աթո­­ռոյս։

ԻՔրիս­­տոս սի­­րով կը շնոր­­հա­­­ւորենք Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Նո­­րին Սրբու­­թիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կա­­թողի­­կոսը եւ Երու­­սա­­­ղէմի Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւն Տ. Նուրհան Պատ­­րիար­­քը, հան­­դերձ իրենց միաբա­­նակից վա­­նական հայ­­րե­­­րով, նաեւ Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ բո­­լոր առա­­քելա­­գործ վի­­ճակա­­ւոր­­նե­­­րը, հան­­դերձ իրենց հո­­գեւորական դա­­սերով վստահ ըլ­­լա­­­լով, թէ բո­­լորը աղօ­­թակից են մե­­զի։

Մեր հայ­­րա­­­կան սրտա­­գին սէրն ու ող­­ջոյննե­­րը կ՚առա­­քենք սփիւռքի մէջ գոր­­ծող Ս. Խաչ Դպրե­­վանք, Կեդ­­րո­­­նական, Էսաեան ու Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու Սա­­նուց Միու­­թեանց Վար­­չութիւննե­­րուն ու մե­­րազն ժո­­ղովուրդի զա­­ւակ­­նե­­­րուն, որոնք նեղ պայ­­մաննե­­րու մէջ կը շա­­րու­­նա­­­կեն տէր կանգնիլ իրենց աւան­­դութիւննե­­րուն։

Այս առ­­թիւ ի Քրիս­­տոս սի­­րով ող­­ջունե­­լով, Ս. Ծննդեան եւ Աս­­տո­­­ւածա­­յայտնու­­թեան Տա­­ղաւա­­րի մեր շնոր­­հա­­­ւորու­­թիւննե­­րը կը յղենք նաեւ բո­­լոր քոյր Քրիս­­տո­­­նեայ եկե­­ղեցի­­ներու առաջ­­նորդնե­­րուն, հո­­վիւ­­նե­­­րուն եւ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն, գլխա­­ւորա­­բար Հայ Կա­­թողի­­կէ եւ Հայ Աւե­­տարա­­նական հա­­մայնքնե­­րուն։

Շնորհք, սէր եւ աս­­տո­­­ւածա­­յին սրբա­­րար զօ­­րու­­թիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգ­­ւոյն Սրբոյ եղի­­ցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍ­­ՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵ­­ՑԱՒ։

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒ­­ԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍ­­ՏՈ­­­ՍԻ։

ՍԱ­­ՀԱԿ ՊԱՏ­­ՐԻԱՐՔ

Ս. Ծնունդ, 2022

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ