Մահացաւ Մեծանուն Բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան

11Յունո­­­ւարին մա­­­հացաւ բա­­­նաս­­­տեղծ, հա­­­սարա­­­կական գոր­­­ծիչ Ռազ­­­միկ Դա­­­ւոյեան։

Դա­­­ւոյեան ծնած է 1940-ին, Սպի­­­տակ շրջա­­­նի Մեծ Պար­­­նի գիւ­­­ղին մէջ։ 1964-ին ան աւար­­­տած է Երե­­­ւանի Խ. Աբովեանի անո­­­ւան Հայ­­­կա­­­­­­­կան պե­­­տական ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժա­­­­­­­կան ու­­­սումնա­­­րանի պատ­­­մա­­­­­­­լեզո­­­ւագ­­­րա­­­­­­­կան բա­­­ժան­­­մունքը։

1965-էն սկսեալ վա­­­րած է «Գրա­­­կան Թերթ»ի բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան եւ ար­­­ձա­­­­­­­կի բա­­­ժինը։ 1970-ին աշ­­­խա­­­­­­­տած է Սփիւռքա­­­հայու­­­թեան հետ մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին կա­­­պի կո­­­միտէին մէջ՝ իբ­­­րեւ աւագ խորհրդա­­­կան։

1991-էն 1999 ան եղած է Հա­­­մազ­­­գա­­­­­­­յին Հայ Կրթա­­­կան եւ Մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին Միու­­­թեան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի վար­­­չութեան նա­­­խագա­­­հը։

1994-էն 1996 Դա­­­ւոյեան ընտրո­­­ւած է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Գրող­­­նե­­­­­­­րու միու­­­թեան վար­­­չութեան նա­­­խագահ։ 1999-էն 2003 ան եղած է Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան նա­­­խագա­­­հի խորհրդա­­­կանը։

Ռազ­­­միկ Դա­­­ւոյեան հե­­­ղինակ է առա­­­ւել քան 40 ժո­­­ղոուա­­­ծու­­­նե­­­­­­­րու եւ գիր­­­քե­­­­­­­րու, որոնք նաեւ հրա­­­տարա­­­կուած են ռու­­­սե­­­­­­­րէնով, չե­­­խերէ­­­նով եւ անգլե­­­րէնով։ «Օտէոն» հրա­­­տարակ­­­չութիւ­­­նը անոր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը նե­­­րառած է հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին գրա­­­կանու­­­թեան ժո­­­ղոուա­­­ծուին մէջ։

2005-էն 2007 ան «Երե­­­ւան» վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան ժա­­­պաւէն­­­նե­­­­­­­րու սթիւ­­­տիոյի տնօ­­­րէնն էր, 2007-էն մին­­­չեւ 2018՝ «Հ1» պատ­­­կե­­­­­­­րաս­­­փիւռի կա­­­յանի տնօ­­­րէնի խորհրդա­­­կան։

Ան ար­­­ժա­­­­­­­նացած է բազ­­­մա­­­­­­­թիւ մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րու եւ պար­­­գե­­­­­­­ւատ­­­րումնե­­­րու։

Բա­­­նաս­­­տեղծի մա­­­հուան առի­­­թով ցա­­­ւակ­­­ցա­­­­­­­կան հե­­­ռագիր­­­ներ յղե­­­ցին վար­­­չա­­­­­­­պետ Նի­­­կոլ Փա­­­շինեան եւ նա­­­խագահ Ար­­­մէն Սարգսեանը։

«Պա­­­րոն Դա­­­ւոյեանը ժա­­­մանա­­­կակից հայ գրա­­­կանու­­­թեան նշա­­­նաւոր ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչ էր, աւե­­­լի քան 40 ժո­­­ղոուա­­­ծուի եւ գրքե­­­րի հե­­­ղինակ, ում ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րը տպագ­­­րո­­­­­­­ւել են նաեւ ար­­­տերկրի մի շարք պար­­­բե­­­­­­­րական­­­նե­­­­­­­րում։ Մեծ է նրա ներդրու­­­մը հայ ժա­­­մանա­­­կակից գրա­­­կանու­­­թեան զար­­­գացման գոր­­­ծում», նշեց վար­­­չա­­­­­­­պետը։

Նա­­­խագահ Ար­­­մէն Սարգսեան Դա­­­ւոյեանը նկա­­­տեց ստեղ­­­ծա­­­­­­­գործ ան­­­հատ ու հայ­­­րե­­­­­­­նիքի ճա­­­կատա­­­գիրով ապ­­­րող քա­­­ղաքա­­­ցի՝ աւելցնե­­­լով։ «Աւե­­­լի քան վեց տաս­­­նա­­­­­­­մեակ նրա իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ ու բազ­­­մա­­­­­­­շերտ ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը որ­­­պէս պօէզիա ու ար­­­ձակ, որ­­­պէս եր­­­գի վե­­­րածո­­­ւած բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւն ու հրա­­­պարա­­­կախօ­­­սու­­­թիւն, որ­­­պէս մարդկա­­­յին զգաց­­­մունք եւ քա­­­ղաքա­­­ցիական մտա­­­հոգու­­­թիւն ու­­­ղեկցում է մեզ»։

(Աս­­­պա­­­­­­­րէզ)

Մեր ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րու լա­­­ւագոյն բա­­­նաս­­­տեղծնե­­­րէն Ռազ­­­միկ Դա­­­ւոյեանը յա­­­ւեր­­­ժութեան կ՚ու­­­ղարկենք իր տո­­­ղերով։

**

Երեկ տխուր, այ­­­սօր ու­­­րախ,

Ալի­­­քի պէս ծափ եմ տա­­­լիս,

Երեկ՝ դէ­­­պի ան­­­յայտու­­­թիւն,

Այ­­­սօր դէ­­­պի ափ եմ գա­­­լիս։

Լուռ ժպտում եմ փոքր ու մե­­­ծին

Կամ ծի­­­ծաղում խեն­­­թի նման,

Ինձ բաշ­­­խում եմ աւազ­­­նե­­­­­­­րին

Անա­­­պատի գե­­­տի նման։

Ինձ բաշ­­­խում եմ անմնա­­­ցորդ,

Իմ ժպիտ­­­ներն ու՞ր են տա­­­նում,

Ծի­­­ծաղիս մէջ ամէն ան­­­ցորդ

Յոգ­­­նած հո­­­գին է լո­­­ւանում։

Վա­­­ղը երբ որ մշուշ լի­­­նի,

Եւ ար­­­ցունքներ ծնո­­­ւեն ցա­­­ւից,

Գու­­­ցէ մէ­­­կը փոք­­­րիկ մի կայծ

Ետ բե­­­րի ինձ իմ ծի­­­ծաղից։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ