Ղազախստանը հանգաւ, բայց մինչեւ ե՞րբ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Կան­խաւ պէտք է խոս­­­տո­­­­­­­վանիլ թէ Թուրքիոյ քա­­­ղաքա­­­ցիներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով առ­­­հա­­­­­­­սարակ ան­­­բա­­­­­­­ւարար պատ­­­կե­­­­­­­րացում ու­­­նինք Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Ասիոյ եր­­­կիրնե­­­րու նկատ­­­մամբ։ Երե­­­ւոյ­­­թը հա­­­ւանա­­­բար ու­­­նի զա­­­նազան դրդա­­­պատ­­­ճառներ։ Առա­­­ջինը այն է որ, Թուրքիա վեր­­­ջին 200 տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին իր հա­­­յեաց­­­քը բո­­­լորո­­­վին ուղղած է դէ­­­պի արեւմտեան եր­­­կիրներ։ Նպա­­­տակադ­­­րած է այդ եր­­­կիրնե­­­րու քա­­­ղաքակրթու­­­թեան մա­­­կար­­­դա­­­­­­­կին հաս­­­նիլ։ Այս ընե­­­լու ժա­­­մանակ ալ ան­­­տե­­­­­­­սած է, նոյ­­­նիսկ ար­­­հա­­­­­­­մար­­­հած է ամ­­­բողջ արեւմտեան աշ­­­խարհը։ Միւս կող­­­մէ գի­­­տենք որ նոյն Թուրքիա մշա­­­կու­­­թա­­­­­­­յին շատ սերտ կա­­­պեր պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նար այդ եր­­­կիրնե­­­րու հետ, քա­­­նի որ պե­­­տու­­­թեան պաշ­­­տօ­­­­­­­նական պատ­­­մութիւ­­­նը բնօր­­­րան կը հա­­­մարէ այդ տա­­­րածք։ Այս բո­­­լորը ան­­­գամ մը եւս նկա­­­տեցինք, երբ Ղա­­­զախստան Ամա­­­նորի յա­­­ջոր­­­դող առա­­­ջին օրե­­­րուն իսկ ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ շատ լուրջ ցնցում մը։ Այդ ցնցու­­­մին դրդա­­­պատ­­­ճառն էր բնա­­­կան կա­­­զի մեծ պա­­­շար­­­ներ ու­­­նե­­­­­­­ցող երկրին, այդ նոյն պա­­­շար­­­նե­­­­­­­րուն դէմ գոր­­­ծադրած սղաճը։ Զան­­­գո­­­­­­­ւած­­­ներ պոռթկու­­­մի մը երե­­­ւոյ­­­թով փո­­­ղոց իջան բո­­­ղոքե­­­լու հա­­­մար գի­­­ներու այս ծանր յա­­­ւելու­­­մին դէմ։

Ինչպէս յա­­­ճախ կը պա­­­տահի բռնա­­­տիրա­­­կան վար­­­չա­­­­­­­կարգ ու­­­նե­­­­­­­ցող եր­­­կիրնե­­­րէ ներս, Ղա­­­զախստա­­­նի մէջ ալ բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցը շու­­­տով վե­­­րածո­­­ւեցաւ իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թեան դէմ դժգո­­­հու­­­թեան երե­­­ւոյ­­­թի։ Սա­­­կայն այս պա­­­տահած­­­նե­­­­­­­րը ու­­­շագրաւ ազ­­­դանշան­­­ներ կը պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէին նման բնոյ­­­թով ղե­­­րավա­­­րուող այլ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ Թուրքիա ժո­­­ղովրդա­­­կան այս ընդվզու­­­մը դա­­­տապար­­­տող առա­­­ջին եր­­­կիրնե­­­րէն եղաւ, քա­­­նի որ Նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան կա­­­րիքը զգաց նման բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցի մը իր երկրի մէջ գոր­­­ծադրե­­­լու հա­­­ւանա­­­կանու­­­թեան դէմ սպառ­­­նա­­­­­­­լիք­­­ներ տե­­­ղաց­­­նե­­­­­­­լու։

Էր­­­տո­­­­­­­ղան խօս­­­քը ուղղե­­­լով ընդդի­­­մադիր շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րուն, կը զգու­­­շացնէր ըսե­­­լով. «Չ՚ըլ­­­լայ որ փո­­­ղոց իջ­­­նէք, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ինչպէս 15 Յու­­­լի­­­­­­­սին պա­­­տահած էր մե­­­րոնք անխնայ կը հա­­­լածեն ձեզ»։ Հե­­­տաքրքրա­­­կան է որ այդ օրե­­­րուն ժո­­­ղովուրդը փո­­­ղոց իջ­­­նե­­­­­­­րու հրա­­­ւիրող ոչ մէկ կոչ լսո­­­ւած էր։ Ու­­­րեմն կա­­­րելի է են­­­թադրել թէ Նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղանը նման ելոյթ մը ու­­­նե­­­­­­­նալու պար­­­տադրո­­­ղը Ղա­­­զախստա­­­նի ժո­­­ղովուրդի զան­­­գուածա­­­յին ցոյ­­­ցերն էին։ Մա­­­նաւանդ ալ Թուրքիա եւս այս վեր­­­ջերս կը տա­­­ռապի բա­­­ւակա­­­նին սուր ըն­­­թա­­­­­­­ցող սղա­­­ճէ։

Կայ նաեւ մի այլ գոր­­­ծօն, Նա­­­խագահ Էր­­­տո­­­­­­­ղան կը սի­­­րէ հա­­­սարա­­­կու­­­թե­­­­­­­նէ ներս բե­­­ւեռա­­­ցում գո­­­յաց­­­նել ամ­­­րապնդե­­­լու հա­­­մար իր հա­­­ւատա­­­րիմ կողմնա­­­կից­­­նե­­­­­­­րու զգօ­­­նու­­­թիւնը։

Սա­­­կայն Ղա­­­զախստա­­­նի դէպ­­­քե­­­­­­­րը աւե­­­լին կ՚ապա­­­ցու­­­ցէին։ Երկրի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րը ան­­­մի­­­­­­­ջապէս դի­­­մեցին կա­­­ղապա­­­րուած յան­­­կերգ մը կրկնե­­­լու։ Կը փոր­­­ձէին երկրի բնակ­­­չութիւ­­­նը եւ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին կար­­­ծի­­­­­­­քը հա­­­մոզե­­­լու թէ այս բո­­­ղոքի շարժման ետին կանգնած են դուրսի պե­­­տու­­­թիւննե­­­րը։ Ընդմիշտ դուրսն դրդո­­­ւած դա­­­ւադ­­­րութեան մը սար­­­սա­­­­­­­փով Ղա­­­զախստա­­­նի իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնն ալ կը փոր­­­ձէ ամ­­­րապնդել իր ժո­­­ղովուրդի հա­­­ւատար­­­մութիւ­­­նը ընդդէմ օտար պե­­­տու­­­թիւննե­­­րու եւ անոնց չար նպա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րուն։

Յա­­­ռաջա­­­ցող օրե­­­րու ըն­­­թացքին փո­­­ղոցի խռո­­­վու­­­թիւննե­­­րը հա­­­մեմա­­­տաբար նո­­­ւազե­­­ցան զո­­­հելով բազ­­­մա­­­­­­­թիւ քա­­­ղաքա­­­ցինե­­­րու կեանքներ։ Ներ­­­կայ դրու­­­թեան մէջ շնոր­­­հիւ Հա­­­ւաքա­­­կան Պաշտպա­­­նու­­­թեան զօր­­­քե­­­­­­­րու մի­­­ջամ­­­տութեան դէպ­­­քե­­­­­­­րը հա­­­մեմա­­­տաբար խա­­­ղաղած են։ Բայց այսքա­­­նը իսկ բա­­­ւարար եղաւ, որ­­­պէսզի երկրի վեր­­­նա­­­­­­­խաւը վահխ ու սար­­­սա­­­­­­­փի մէջ լքէ եր­­­կի­­­­­­­րը եւ ապաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­րեւան եր­­­կիրներ։

Եւս ու­­­շագրաւ էր Ռու­­­սիոյ Դաշ­­­նութեան նա­­­խագա­­­հին այս դէպ­­­քե­­­­­­­րու մա­­­սին մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը։ Ան ալ կը կրկնէր դուրսի ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան մա­­­սին իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւննե­­­րու պնդումնե­­­րը, քա­­­նի որ նեղ կա­­­ցու­­­թեան մատ­­­նո­­­­­­­ւած էին Ղա­­­զախստա­­­նի իր գոր­­­ծընկեր­­­նե­­­­­­­րը։

Գաղտնիք չէ թէ Խորհրդա­­­յին Միու­­­թեան տա­­­րան­­­ջա­­­­­­­տու­­­մէն ան­­­մի­­­­­­­ջապէս վերջ նո­­­րան­­­կախ պե­­­տու­­­թիւննե­­­րէն շա­­­տերու վրայ իրենց իշ­­­խա­­­­­­­նու­­­թիւնը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեցին նախ­­­կին ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րը։ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի մէջ Հայ­­­տար Ալիեւ, որ ան­­­ցեալին Խորհրդա­­­յին Միու­­­թեան ամե­­­նակա­­­րեւոր պաշ­­­տօ­­­­­­­նին՝ Քաղ­­­կո­­­­­­­մի ան­­­դամ էր, դիւ­­­րաւ յար­­­մա­­­­­­­րուե­­­ցաւ նոր դրու­­­թեան եւ դար­­­ձաւ նո­­­րան­­­կախ Ատրպէյ­­­ճա­­­­­­­նի ազ­­­գա­­­­­­­յին պե­­­տու­­­թեան նա­­­խագահ։ Խորհրդա­­­յին Միու­­­թեան Ար­­­տա­­­­­­­քին Գոր­­­ծոց Նա­­­խարար Էդո­­­ւարդ Շո­­­ւար­­­նատզէի օրի­­­նակով նոյ­­­նը պա­­­տահե­­­ցաւ Վրաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Ասիոյ զա­­­նազան եր­­­կիրներ եւս հե­­­տեւե­­­ցան նոյն եղա­­­նակին եւ իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թիւն տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ նոյն իշ­­­խա­­­­­­­նաւոր­­­նե­­­­­­­րով։ Այս առու­­­մով Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թիւնը բա­­­ցառու­­­թիւն կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պեց եւ իշ­­­խա­­­­­­­նափո­­­խու­­­թեան հե­­­տեւան­­­քով նո­­­րան­­­կախ պե­­­տու­­­թեան ղե­­­կին եկաւ այ­­­լա­­­­­­­խոհ գոր­­­ծիչ մը, յան­­­ձին Լե­­­ւոն Տէր Պետ­­­րո­­­­­­­սեանի։ Սա­­­կայն այս ալ բա­­­ւարար չէր օլի­­­կար­­­խա­­­­­­­կան հա­­­մակար­­­գին վե­­­րել­­­քը կա­­­սեց­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար։ Հա­­­յաս­­­տան եւս ին­­­կաւ օլի­­­կարխնե­­­րու ճի­­­րան­­­նե­­­­­­­րու մէջ եւ ապ­­­րե­­­­­­­ցաւ իր պատ­­­մութեան եւս ող­­­բերգա­­­կան մէկ հա­­­տուա­­­ծը, քա­­­նի որ ժո­­­ղովուրդը խու­­­ճա­­­­­­­պահար կը հե­­­ռանար երկրէն։

Այս նոր դրու­­­թեան մէջ Նա­­­խագահ Փու­­­թին կը փոր­­­ձէ վե­­­րահաս­­­տա­­­­­­­տել Խորհրդա­­­յին նախ­­­կին շար­­­քե­­­­­­­րը, այս ան­­­գամ հիմք ու­­­նե­­­­­­­նալով ազատ շու­­­կա­­­­­­­յի տնտե­­­սու­­­թիւնը, որ իր կար­­­գին զան­­­գո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու սնան­­­կացման գլխա­­­ւոր գոր­­­ծօնն է։ Եւ Փու­­­թին իր գոր­­­ծե­­­­­­­րը յա­­­ռաջ կը տա­­­նի հա­­­մերաշ­­­խութիւն պհե­­­լով իր ան­­­ցեալի են­­­թա­­­­­­­կայ եր­­­կիրնե­­­րու մի­­­ջեւ։

Սա­­­կայան աշ­­­խարհ արա­­­գօրէն կ՚ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րէ նոր փո­­­փոխու­­­թիւններ, որոնք կը դժո­­­ւարաց­­­նեն նախ­­­կին դրու­­­թիւննե­­­րով շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կելու հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւնը։ Դէպ­­­քե­­­­­­­րը որ­­­քան ալ հա­­­մեմա­­­տաբար յան­­­գած ըլ­­­լան, ոչ ոք կրնայ երաշ­­­խա­­­­­­­ւորել ապա­­­գայի շատ աւե­­­լի ծանր հե­­­տեւանքներ պա­­­րու­­­նա­­­­­­­կող զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րու հա­­­ւանա­­­կանու­­­թիւնը։ Դրա­­­մապաշտ հա­­­մակար­­­գը իր ստեղ­­­ծած անել­­­նե­­­­­­­րու հետ հետզհե­­­տէ աւե­­­լի յա­­­ճախ առե­­­րեսո­­­ւելու դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւած է։ Դէ­­­պի ո՞ւր պի­­­տի հաս­­­նի մարդկանց ար­­­դար դժգո­­­հու­­­թիւնը, անստոյգ է։ Բայց գի­­­տենք որ ան հո­­­ղին տակ ուժ կու­­­տա­­­­­­­կող երկրա­­­շար­­­ժի մը նման կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ դան­­­դա­­­­­­­ղօրէն լցքա­­­ւորո­­­ւիլ, մին­­­չեւ որ գայ հրա­­­բու­­­խի ժայթքման պա­հը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ