Հրանդ Տինքի յիշատակման միջոցառումներ

Ւնչպէս նա­խորդ թի­ւով ալ անդրա­դար­ձած էինք «Ակօս»ի Հիմ­նա­դիր Հրանդ Տինք մա­հուան 15 ամեակին առ­թիւ 19 Յու­նո­ւար չո­րեք­շաբթի օր ժա­մը 15.00-ին կը յի­շատա­կուի իր ին­կած վայ­րը՝ «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան առ­ջեւ։

Նա­խորդ բո­լոր տա­րինե­րու նման այս տա­րի ալ յի­շատա­կու­մը պի­տի սկսի ժա­մը 15.00-ին Հրան­դին ին­կած մայ­թին վրայ։ Այս մա­սին կոչ հրա­պարա­կած է Հրան­դի Ըն­կերնե­րը Հար­թա­կը, ուր յա­տուկ կը զգու­շա­ցուի դի­մակի անհրա­ժեշ­տութիւ­նը եւ հե­ռաւո­րու­թեան ու­շադրու­թիւնը։

Բա­ցի պաշ­տօ­նական յի­շատա­կու­մէն, զա­նազան նա­խաձեռ­նութիւններ տար­բեր բնոյ­թի յի­շատա­կումնե­րով կը մաս­նակցին այս ոգե­կոչու­մին։ Անոնցմէ մէկն է «ՏուրՏէ» հար­թա­կը, որ 15 Յու­նո­ւար շա­բաթ օր ժա­մը 16.00-ին կը կազ­մա­կեր­պէ ասու­լիս մը, որուն մաս­նա­կից­ներն են Էլիֆ Աք­կիւլ, էմի­նէ Ու­չաք Էր­տո­ղան, Կա­րօ Փայ­լան, Հե­տայեթ Շեֆ­քաթլի Թուրքսալ, Հիւ­լեա Տե­ւեճի, Օզան Թե­քին եւ Թա­ներ Աք­չամ։

«Նոր Զար­թօնք» հար­թակն ալ 23 Յու­նո­ւար կի­րակի ժա­մը 21.00-ին կը կազ­մա­կեր­պէ վի­տէօ քոն­ֆե­րանս մը, որուն ատե­նախօս­ներն են Շեպ­նեմ Քո­րուր Ֆին­ճանճը եւ Ճա­նան Ճոշ­կուն։

Նոյնպէս Գեր­մա­նիա Պեր­լի­նի մէջ ալ «Աքա­պէ» միու­թիւնը յի­շատակ­ման առ­թիւ պի­տի ցու­ցադրէ Իւ­միթ Քը­վան­չի «Յի­շողու­թիւնը Ան­բա­ւարար» անուն ֆիլ­մը, որու աւար­տին ելոյթ պի­տի ու­նե­նայ «Ակօս»ի աշ­խա­տակից Բագ­րատ Էս­դուգեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ