«Ձայնդ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ Կը յարգենք մեր խոստումը»

Մահուան 15 նմեակին առթիւ «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինք անգամ մը եւս յիշատակուեցաւ իր հիմնած թերթի խմբագրատան առջեւ բազմահազար ժողովուրդի զանգուածային մասնակցութեամբ։ Բազմաթիւ ժողովուրդ ներկայ գտնուեցաւ մահուան յիշատակման այս հետզհետէ աւանդութեան վերածուած սգահանդէսին։

Երբ հանդիսավարը նշեց Ռաքէլ Տինքի անունը ժողովուրդը երկարատեւ ծափահարութիւններով դիմաւորեց զինք։ Ան յիշեց
անցնող 15 տարիներուն իր կողքին եղող եւ այսօր մահուան, հիւանդութեան, կամ ազատազրկամ պայմաններուն մէջ ըլլալուն բացակայողները։ Ողջունուեցաւ նաեւ Շաբաթնօրեայ Մայրերու ներկայութիւնը այս միջոցառման։ Տիկին Տինքին ջութակի ուղղեալ խօսքերը ստորեւ։

15 տարիներ անցան այն օրէն, երբ դաւաճան փամփուշտները արձակուեցան կռնակէդ եւ քեզ խլեց մեզմէ։ Ձայնդ դեռ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ Ամէն անգամ, որ պատմեցիր ազգիդ դէմ կատարուածները, քեզ մեղադրեցին դաւաճանութեամբ, մեղադրեցին կռնակէն դաշունահարութեամբ։ Մինչդեռ...


«Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարիք գործեցէ՛ք ձեզի ատողներուն, օրհնեցէ՛ք ձեզի անիծողները, աղօթեցէ՛ք, ձեզի անարգողներուն համար» կ՚ըսես Տէր Աստուա՛ծ ։ Կ՚աղօթեմ ես...։

Անցաւ 15 տարի։ 15 բացակայող տարի։ Այդ օրուայ տղաքը, Նազըմի նման կը մեծնան։ Այն բոլոր խնդիրները, որոնք չենք կրնար լուծել, կը բեռցնենք անոնց ուսերուն վրայ։ Եւս առաւել, կարծես խնդրին տէրն ու պատճառը մենք չենք, երեխաներն ու երիտասարդները ռազմաճակատ կը քշենք։

Մինչդեռ, եթէ մեր արիւնոտ ժառանգութիւնը գոյութիւն չունենայ, աշխարհի վրայ գտնուող իրենց այլ տարեկիցներուն հետ, կրնան երազել եւ իրականացնել այլ ապագայ մը։ Արդէն պիտի ունենան բաւականաչափ հարցեր։ Դեռ պիտի տեսնենք շա՜տ երկրաշարժներ։ Եկէ՛ք բանանք անցեալի սա կղպանքը, որպէսզի ցաւալի հոգիները ազատ մնան։ Ճշմարտութիւնը, այն ամուր ժայռն է, որուն վրայ պիտի կառուցենք մեր տունը։ Ճշմարտութիւնը ամուր ժայռ մըն է։

Իրենց ապագայի վախերուն եւ երազներուն հետ, չափահասներու ցաւալի ժառանգութեան միջեւ կը սեղմուին տղաքը։ Կամ իրենք իրենց, եւ կամ ուրիշներուն կը վնասեն։ Մինչդեռ եթէ քով քովի գան ու ջուրի նման հոսին, ոչինչ կրնայ դիմադրել իրենց։ Այս աշխարհը ի՜նչ բռնակալներ, ի՜նչ հալածանքներ տեսաւ։ Օրը հասաւ, բոլորը ոչնչացան։ Ժամանակը փոխուեցաւ։ Ի՜նչ սուլթաններ, ի՜նչ թագաւորներ, ի՜նչ արքաներ կործանեցան։ Դարձեալ պիտի կործանին։

Գիւղին մէջ, աղբիւրին գլուխը, կամուրջին գլուխը, իր զէնքով կայնող եւ անցող-գացողէն բռնի դրամ առնողին աւազակ կ՚ըսէին։ Յետոյ զէնքերը պահեցին թուղթի կտորներուն ետեւ։ Իշխանութիւն անուանեցին զայն։ Գործընկերութիւն կոչեցին։ Թուղթերուն վրայ գրուած էին, իրենց սահմանաւորած օրէնքները։ Մենք հաւատացինք, դո՛ւք մի հաւատաք տղա՛ք։

Ոեւէ մէկուն չպատկանողին, «իմս է» ըսողին մի՛ հաւատաք։ Բոլորին պատկանողին «իմս է» ըսողին մի՛ հաւատաք։ 

Այս երկրին մէջ բարձրացող ամէն տեսակ բողոքը, արտաքին ոյժեր կոչեցին։ Ճիշդ է։ Ձեր ներսը, անոնց արտաքինն է։ Երբ ձեր սիրտը կ՚այրէր, անոնք «դուրսը մուխ կայ» ըսին եւ պատուհանները փակեցին։

«Կէզի»ի ընդդիմութիւններու ընթացքին, երիտասարդները նախ իրենց ապրած քաղաքը պահպանելու ջանացին, յետոյ իրենց հալածուող ընկերները պաշտպանելու համար բազմացան։ Այս ալ «արտաքին ոյժ» կոչեցին, ահաբեկչութիւն կոչեցին, սա կոչեցին, նա կոչեցին։ Մեր զաւակներուն աչքերը հանուեցան, կազով, թունաւոր ջուրերով ողողուեցան։ Տղաքը սպաննուեցան։ Ո՞վ էր ահաբեկիչը։ Մինչդեռ շատ հազուադէպ էր, այսքան երիտասարդին մէկտեղուիլն ու իրենց շրջապատը այդքան քիչ կոտրել, թափելը։  

Հիմա իրենց գրած թուղթի կտորներով, իբր թէ կը դատավարեն։ Կարելի՞ բան է։ 

Ո՜վ տիրակալներ, իսկապէս արդա՞ր էք ձեր որոշումին մէջ։
Ճիշդ կը դատէ՞ք մարդիկը։ Ո՛չ։
Անարդարութիւնը միշտ կա՛յ ձեր ծրագիրներուն մէջ,
Ձեր ձեռքերը բռնակալութիւն կը ցրուեն աշխարհին։

Ջութա՛կս...

Ամէն անգամ, որ քեզի ահաբեկչութեան մասին հարցուցին, անիծեցիր։ Իրեն դիմաց ոյժի ահաբեկչութիւնն ալ դրիր։ Այդ ալ անիծեցիր։ Երբ ասիկա կ՚ըսէիր, նկատի ունէիր, պետական իշխանութիւններու ապօրինի գործերը։ Աշխարհի վրայ բազում անգամ կատարուեցան ահաբեկչական արարքներ ու կը շարունակուին կատարուիլ։ Քեզմէ առաջ եւ նաեւ քեզմէ յետոյ... Ով որ ոյժը ձեռքը կ՚առնէ, կը սկսի հալածանքի։ Ո՞վ, որո՞ւ կրնայ մեղադրել։ Ժողովուրդն է տուժողը։ Իւրաքանչիւր 19 Յունուարին, որ ոգեկոչեցինք քեզ, ջանացինք ոգեկոչել եւ յիշեցնել նաեւ այլ դաժանութիւնները։ Խորհեցանք, որ երբ նկարները քով քովի շարուին, երբ այդ ցաւալի ալպոմին միասին վերանայինք, թերեւս բացէ ի բաց կը յայտնուի բուն ոճրագործը։ 

Կիպրոսի մէջ, ուրիշ լրագրողի մը՝ Գութլու Ատալըին ետեւէն ինչպէ՞ս ինկեր են, տեսա՞ր։ Այս հողերուն վրայ գոյութիւն ունեցող ահաբեկչութեան բուն ակը երբ կը յայտնէինք, սխա՞լ կ՚ըսէինք։

Աստուածաշունչը կ՚ըսէ. «Խաւարի անպտուղ գործերուն ընկեր մի՛ դառնաք։ Ընդհակառակը, բացայայտեցէ՛ք զանոնք»։

Մեր բարեկամները տարիներ շարունակ բանտերու մէջ կը սպասցնեն։ Մին կ՚արձակեն, միւսը կը բանտարկեն։ Անհեթեթ պատճառներով, սուտերով։ Այլեւս պատրուակներ անգամ չեն յօրիներ, «այդպէս պէտք է» կ՚ըսեն ու կը բանտարկեն։ Երկրին ամէն տեսակ հարցին ճար փնտռող երիտասարդ փաստաբանները բանտարկեցին, լրագրողները բանտարկեցին, ինչպէս՝ Օսմանը, Պիրճանը...։
«Ես քիւրտ եմ» ըսող բոլոր քաղաքական գործիչները բանտարկեցին։ Կ՚ուզեն, որ զէնքերը խօսին, մարդիկ չխօսին։ Նորէն կը պարտադրեն իրենց ծանօթ լեզուն։

Բայց մենք յուսալքող չըլլանք։ 

Երբ քեզի կը թաղէինք, այստեղէն բարձրացող ըմբոստութեան եւ բողոքի ձայնը չդադրեցաւ, պիտի չդադրի։ Բանուորները, կիները, աշակերտները, գիւղերը կը շարունակեն դիմադրել։ Անոնք կը պահպանեն բոլորին պատկանողը,  կը պահպանեն զայն, ոեւէ մէկուն չպատկանողը «իմս է» ըսողէն։ Օր մը, կրկին պիտի միանան ու պիտի հոսին ջրհեղեղ դառնալով։ 

Ոմանք վշտացած են։ «Ո՞ւր էիք, երբ նոյն բաները մենք կ՚ապրէինք» կ՚ըսեն։ Մենք չուզեցինք այդպէս ըլլալ, ջանացինք իրենց ձայնը մեր ձայնով զօրացնել, որքան որ կրցանք։ Ու դեռ պիտի ջանանք։ 

Ձայնդ կը հնչէ մեր ականջներուն մէջ։ Կը յարգենք մեր խոստումը։




Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ