Մեր մօտիկ- հեռաւոր գիւղը

Վաքըֆգիւղցիներ կը պատրաստուին 7 Դեկտեմբերին կայանալիք հիմնադրութեան հանդէսին։ Այս անգամ հիմնուածը եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ բազմանպատակ սրահ մը, քահանայի յատուկ բնակարան մը, 8 սենեականի հիւրանոց մըն է։ Այս հիւրանոցի աւարտումով գիւղի օթեւանելու յարմար սենեակներու թիւը կը բարձրանայ 20-ի, ուր կարելի է աւելի քան 40 ուղեւորներ հիւրընկալել։

Սիրուած երգ մըն է, «Օրտա պիր գէօյ վար ուզաքտա», եւ սրտամօտիկ բոլորիս, քանի որ շատ ալ կը յարմարի երկրի միակ «Հայ գիւղ» Վաքըֆլըին։ Ցաւալին այն է որ Մուսալերան հերոսական դիմադրութեան պայքարի 7 գիւղերէն միակ ժառանգութիւնն է այս «մնացորդաց»ը, որ եւս բնակչութեան թիւը պակսած ըլլալու պատրուակով, քաղաքական խաղերով վերածուիլ ծրագրուեցաւ «թաղ»ի, բայց առայժմ, որպէս թանգարանային արժէք, որոշուեցաւ որ պահէ իր պատուական անունը՝ Վաքըֆլը գիւղ, իբրեւ մեր հեռաւոր՝ բայց սրտամօտիկ գիւղը։

Մենք կը սիրենք ամառները այցելել Միջերկրականի ափին բազմած Մուսա Լերան փէշերու եօթը գիւղերէն միակ հայաբնակ Վաքըֆլըն, յատկապէս Օգոտոսի կէսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման, այլ խօսքով Խաղողօրհնէքի տօնակատարութեան օրերուն։ Այդ ժամանակ գիւղի բնակչութեան թիւը կը կրկնապատկուի, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ բազմապատկուի։ Թէեւ եկուորներուն մեծ մասը կը տեղաւորուին իրենց հարազատներու տուներուն մէջ, իսկ գիւղին մէջ ազգական չունեցող այցելուները կը ստիպուին Սամանտաղ կամ Անտիոքի պանդոկներ կամ փանսիոններ գիշերել եւ զանազան փոխադրամիջոցներով գիւղ բարձրանալ։

Հիւրանոցի ու սրահի մը կարիքը…

Գիւղացիներու ցանկութեամբ, Մեսրոպ Սրբազանի քաջալերանքով եւ Գարեգին Բ. Պատրիարքի օրհնութեան վրայ եկաւ յաւելնալ նախկին Վաքըֆլըցիներու, պոլսահայութեան եւ բարերարներու օժանդակութիւնը։ Այս բոլորի մէկտեղումով ի հիմանէ վերակառուցուեցաւ գիւղի համեստ եկեղեցին։ Տուեալ ժամանակահատուածի քաղաքական պայմաններու ալ բերումով այս հեռաւոր ու անտեսուած գիւղը յանկարծակիօրէն երկրի կարեւոր զբօսաշրջական կեդրոններէն մին հանդիսացաւ։ Կարելի չէր երեւակայել մէկը, որ մինչեւ Անտիոք երթայ եւ առանց Վաքըֆլըգիւղ այցելելու ետ վերադառնայ։

Եկեղեցին իր հետ բարիք բերաւ ու գիւղը շէնցաւ նոր ծրագիրներով, նոր մտայղացումներով եւ նոր շինութիւններով։ Այդ շինութիւններու հոսանքը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։ Վաքըֆգիւղցիներ կը պատրաստուին 7 Դեկտեմբերին կայանալիք հիմնադրութեան հանդէսին։ Այս անգամ հիմնուածը եկեղեցւոյ անմիջական հարեւանութեամբ բազմանպատակ սրահ մը, քահանայի յատուկ բնակարան մը, 8 սենեականի հիւրանոց մըն է։ Այս հիւրանոցի աւարտումով գիւղի օթեւանելու յարմար սենեակներու թիւը կը բարձրանայ 20-ի, ուր կարելի է աւելի քան 40 ուղեւորներ հիւրընկալել։

Դեկտեբերի 7-ին հիմնարկութեան համեցէք

Եթէ շատ անգամ շինութիւններ կը գոյանան նախապէս նկատուած կարիքները ապահովելու համար, երբեմն ալ շինութեան ինքը կը յուշէ նոր հեռապատկերներ։

Գիւղապետը կամ թաղական խորհուրդի ատենապետը եւ իրենց անմիջական ընկերները այժմէն սկսած են երազել նոր կառուցելի բազմանպատակ սրահի օգտագործման միջոցներ։ «Իբրեւ բարի նախանձով գոյացած միտք, ինչո՞ւ Վենետիկի հայերէնի խտացեալ դասընթացքներու նմանը չկազմակերպենք մեր գիւղին մէջ» կը հարցնէ անոնցմէ մէկը։ Մէկ ուրիշը վրայ կը բերէ «Իջեւան ունինք, խոհանոց ունինք, հայախօս միջավայր ունինք, ծովը մօտ է, պատմական հնութիւններով հարուստ վայր ենք, ի՞նչ պակաս ունինք Վենետիկէն»։ Մինչ այդ ուրիշ մը այլ երազ ունի։ «Գնալը կղզիի Կազդուրման Կայանի նմանը կրնանք հոս ունենալ։ Թող գան խառնուին գիւղի երախաներուն, միասնաբար պարտէզներէն նարինջ, խնձոր, սալոր թող ուտեն, մենք ալ իբրեւ թէ բարկանալ ձեւացնենք»։

Այս երազներէն ո՛ր մէկը կ՚իրականանայ, որ մէկը երազ կը մնայ անյայտ է։ Բայց գործը ձեւ առած է արդէն։ Այդ նոյն անձնակազմը սկսած են հրաւէրներ ուղարկել Սամանտաղի գաւառապետին, քաղաքապետին եւ այլ պաշտօնական անձանց։ 7 Դեկտեմբեր Կիրակի, նոր շինութեան հիմնարկէքի հանդիսութեան ներկայ ըլլալու համար հրաւիրուած են այս գիւղի կամաւոր սատարողները՝ գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շինութեան օրերէն սկսեալ գիւղին նուիրումով կապուած Միհրան Ուլիկեան, շինութեան նախագծի հեղինակ-աշխատող ՀայՃարի անդամներէն՝ Լեւոն Էրասլան, Սասնուհի Մուշլեան, Նազար Պինաթլը, Լորի Զաքար եւ Այգուն Ճոշքուն։

Եթէ հայերէնի բառամթերքի մէջ բնակավայրերը շատ անգամ կը կոչենք «շէն» մասնիկով, Վաքըֆլը գիւղն ալ վերջերս կ՚ապրի շինութեան առթած շէնութիւնը։