Ով ես դուն / «Tu kî yî »

Վիպագիր Վէտաթ Թիւրքալի Թուրքիոյ խղճին յուշարձանն է։ Վերջերս «Այրընթը» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ անոր «Աւարտեցաւ, աւարտեցաւ, չաւարտեցաւ» անուն վէպը։ Ես ականատեսը եղայ Վէտաթ աղբարիկին այդ վէպը գրելու ժամանակ տարած բծախնդիր ուսումնասիրութիւններուն։

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

 Վիպագիր Վէտաթ Թիւրքալի Թուրքիոյ խղճին յուշարձանն է։ Վերջերս «Այրընթը» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ անոր «Աւարտեցաւ, աւարտեցաւ, չաւարտեցաւ» անուն վէպը։ Ես ականատեսը եղայ Վէտաթ աղբարիկին այդ վէպը գրելու ժամանակ տարած բծախնդիր ուսումնասիրութիւններուն։

Վէտաթ Թիւրքալի քիւրտ ժողովուրդի դէմ 1990-ական տարիներուն մղուած կեղտոտ պատերազմին դէմ յստակ դիրք բռնած մտաւորական մըն է։

188 էջերէ բաղկացած գիրքը յատկապէս երիտասարդներուն առիթ կ՚ընծայէ, որ անոնք թափանցեն քօղարկուած պատմութեան մը ներքին ծալքերուն։

Թուրքիոյ Հանրապետութեան քօղարկուած պատմութիւնը նենգութեամբ, վայրագութեամբ եւ սարսափով լեցուն վէպի մը նման է։ Սատտամի սարսափազդու հանրապետութիւնը կամ Ասատ գերդաստանի մուհապէրաթի պետութիւնը Իթթիհատական/Քէմալական պետութեան հազիւ անյաջող, անփորձ կրկնութիւններն են։

Ուշադիր ընթերցողը Վէտաթ Թիւրքալիի վէպի էջերուն մէջ դիւրաւ կը յայտնաբերէ այս իրողութիւնը։ Ան 1915 թուի հայոց (+ասորիներու +քաղտէացիներու +նեստորականներու +էզտիներու +յունաց) ցեղասպանութեան 100 ամեակին ձօնուած կարեւոր ներդրում մըն է։

Վէպի գլխաւոր հերոսուհին՝ Լուսի, տէրսիմցի մըն է։ Մեծ սիրով կապուած է Տիյարպէքիրի կեդրոնացման ճամբարէն վերապրած Թարըքին։ Թարըք միայն սիրեցեալ մը չէ, այլ համբերութեամբ եւ գուրգուրանքով Լուսիի վէրքերը սպիացնողն է, որ ինծի կը յիշեցնէ գերազանց անձնաւորութիւն՝ Սաքինէն։ Իսկ Լուսիի մեծ հայրը՝ կարծես թէ կը ներկայացնէ պատմութիւնը։ Անցեալի դէպքերը նոր սերունդներու փոխանցելու պաշտօնը ստանձնած իմաստուն, հարուստ, առատաձեռն եւ բաշխող պատմահայր մը, որ իր պատմական առաքելութիւնը կատարելով անձայն անշշուկ կը քաշուի իր անկիւնը։

Վէպի դէմքերուն մէջ կը հանդիպինք տարիքը մեծցուելով կախաղան հանուած 17 ամեայ Էրտալ Էրէնի կամ Տէրսիմի ցեղասպանութեան ժամանակ դարձեալ դատական վճիռով, այս անգամ տարիքը պզտիկցնելով կախաղան հանուած Սէյիտ Ռըզայի։

Տէրսիմ ականատեսն է 1915-ի ցեղասպանութեան։ Սակայն Անգարա որոշած է կիսաւարտ գործը աւարտել եւ 1939-ին ձեռնարկած է Տէրսիմի ցեղասպանութեան։ Ահա Տէրսիմի դուստրը՝ Լէյլա, այս կրկնակի ցեղասպանութեան զոհերէն է։ Պատմահայրը պիտի գայ եւ մառախուղը փարատելով պիտի յստակացնէ անոր ինքնութիւնը, որմէ ետք Լէյլա պիտի գտնէ իր հարազատ անունը՝ Լուսի։

Վէպին մէջ կը պատմուի Տիյարպէքիրի կեդրոնացման ճամբարի Հիմլերը հանդիսացող Էսատ Օքթայ Եըլտըրանի մահապատիժի գործադրութիւնը կամ Կարմիր Սուլթանի դէմ մահափորձը։ Մանաւանդ այս վերջինը կը փոխանցուի անուանի բանաստեղծ Թէվֆիք Ֆիքրէթի հայ ֆիտայիի մը ուղղուած տողերով։

Մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքները չեն կրնար անպատիժ մնալ։ Անոնց պատժուիլը կանխողները, այդ յանցանքները վաւերացնողները, ծափահարողները եւ «Եթէ պէտք է դարձեալ կ՚ընենք» ըսողները դատապարտուած են փճանալու, նեխելու։

Վէտաթ Թիւրքալիի վէպի հերոսներէն Տոքթ. Հիքմէթ Քըվըլճըմլը դեռ 1940-ական տարիներու սկիզբներուն գրի առած «Պահեստի զօրք՝ ազգութիւն» անուն գրութեան մէջ բանավէճի նիւթ դարձուցած էր քրտական եւ հայկական խնդիրները։ Անշուշտ անբաժին չէին մնացած իր մանկութեան դասընկերն ու յաջորդող տարիներուն ալ Թուրքիոյ կոմունիստ կուսակցութեան շարքային ընկերը Տոքթ. Հայկ Աչըքկէօզ եւ իր կինը՝ Անժէլ։

Վէտաթ Թիւրքալի 97 տարեկան է եւ արդէն կ՚ապրի իր նոր գիրքին պատրաստութիւններու յուզումը։

Երկարակեացութեան գաղտնիքը խղճի ազատութիւնն է եւ ներքին անդորրը։ Բազում տարիներու եւ նոր գիրքերու մաղթանքով Վէտաթ աղբարիկ։