Հանրապատութեան Թուրքիոյ պատմութեան մէջ շրջադարձային նշանակութիւն ունեցան երրորդ հազարամեակի առաջին տարիները։
Հիմնադրութենէն այս կողմ շարունակուող պետական գաղափարախօսութիւնը լուրջ ցնցում մը ապրեցաւ կրօնամետ կուսակցութեան արձանագրած ժողովրդականութեան պատճառաւ։
1970-ական տարիներէն սկսկեալ, ընտրութիւններուն չնչին զօրակցութեան արժանացող գաղափարները, շնորհիւ Էրտողանի ռազմավարութեան, նուաճեցին ձայներու զգազի համեմատութիւն մը։
Եթէ զուգահեռ կերպով դիտենք աշխարհի նախասիրութիւնները եւ հակումները, կը տեսնենք որ այս զարգացումը անկախ չէ համաշխահային տիրող հոսանքէն։
1990-ականներու սկզբին տարանջատուեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, իր հետ լուծարկելով նաեւ այդ միութեան զինուորական դաշինքը՝ Վարշաւեան ուխտը։
Նման եղանակով տարանջատուեցաւ երբեմնի Եուկոսլաւիան կազմող երկիրները Չեխիան ու Սլովենիան։ Իսկ տարանջատուած Գերմանիան վերամիաւորուեցաւ՝ դառնալով Եւրոպայի առաջնատար միաւորը։
Բոլոր այս ալեկոծումներու մէջ հնչող նոր կարգախօսը համաշխարհայնացումն էր, որուն հասարակաց յայտարարը պիտի դառնար ազատ շուկայի տնտեսագիտութիւնը, կամ աւելի յստակ անուանումով նոր լիպերալական դրամապաշտութիւնը։
Վերադառնանք Թուրքիոյ պայմաններուն, կը տեսնենք թէ իշխանութեան առաջին տարիներուն Էրտողան իր նաւու ղեկը ուղղած էր դէպի Եւրոմիութեան եւ կը փորձէր այդ ուղղութեան պայմանները կեանքի կոչել։
Այսպէս երկրէ ներս ծաւալեցաւ խօսքի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տանող շարք մը բարեփոխումներ։
Սակայն ժողովրդավարական հակումները ակնկալուած նպաստը չբերին Էրտողանի իշխանութեան։
Օսմանեան Կայսրութեան շրջանի սահմանադրութեան շարժումի նման, այս ժողովրդավարական հակումն ալ մերժուեցաւ ազգային եւ կրօնական շրջանակներու կողմէ։
Նախագահ Էրտողան զգալով այդ մերժողական հակազդեցութիւնը, ինք եւս ամբոխավար ռազմավարութեամբ շեղեց իր ծրագիրը եւ երկիրը տարաւ բռնապետական համակարգի մը ձեւաչափին։
Տեղացի մտաւորականութեան եւ թրքահայոց 24 Ապրիլեան յիշատակման ձօնուած միջոցառումներն ալ ճօճուեցան յետ ու առաջ։
Անցեալին վերաբերող յուշեր դարձան փողոցային հանրահաւաքները, որ այսօր վերածուած են դահլիճային ճղճիմ միջոցառումներու վերջին զանգուածային հանրահաւաքը տեղի ունեցաւ 2019-ին, որու յաջորդեց համավարակի պարտադրած սահմանափակումները։
Երեք տարի անց կեանքը վերագտաւ իր բնական հոսքը, բայց անգամ մըն ալ կարելի չեղաւ հրապարակներու վրայ յիշել ոչ 24 Ապրիլը, ոչ Մարտի 8-ն եւ ոչ ալ Մայսիսի մէկը։
Ազատ շուկայի տնտեսութիւնը կլանեց ժողովուրդի ազատ արտայայտուելու իրաւունքը, միայն ազատութիւնը թողելով դրամատէրերու ազատ կեղեքման։
Աւելի լայն ազատութիւն մըն ալ շնորհուած է ԱՄՆ-ի, իր հզօր զինուժով աշխարհ հպատակեցնելու համար։
Աստուած ընդ մեզ։


