Յարգել ժողովուրդներու արժանապատւութիւնը
Լրահոսը այս անգամ կ՛արձագանգէ Ապու Տապիէն։ Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը այս անգամ մէկտեղուած են Արաբական Միացեալ Էմիրատներու Ապու Տապի քաղաքը։
Երկու պետութիւններու ներկայացուցիչները այս հանդիպման ընթացքին քննարկած են ԱՄՆ նախագահ Թրամփի միջնորդութեամբ Ուաշինկթընի մէջ կայացած Խաղաղութեան գագաթնաժողովի գործադրութեան փուլերը։ Թէ՛ Փաշինեան եւ թէ Ալիեւ շեշտած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի երկկողմ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի պահպանման կարեւորութիւնը։
Անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են Թրամփի միջանցքի եւ անոր հետ կապակցուած նախագիծերու գործադրութեան շուրջ եւ ընդգծած են թէ պէտք է ալ աւելի զարգանան երկու երկիրներու շփումները։
Փաշինեան եւ Ալիեւ ժողովի ընթացքին անդրադարձան հայ եւ ատրպէյճանի ժողովուրդներուն խաղաղութեան բերած բարիքներուն ականատես ըլլալնուն։ Սկսած է երկկողմ առեւտուր եւ ատրպէյճանական քարիւղը կ՚արտածուի դէպի Հայաստան։ Բացի այդ երրորդ երկիրներու հացահատիկի եւ այլ նիւթերու թրանսիթ փոխանցումը կը կայանայ Ատրպէյճանի տարածքով, որ գոհունակութիւն կը պատճառէ բոլորին։ Անոնք համաձայնեցան երկկողմ առեւտուրի եւ տնտեսական համագործակցութեան ալ աւելի ընդլայնման նիւթին շուրջ։ Յաւելեցին նաեւ թէ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ հասարակական կազմակերպութիւններու փոխադարձ այցելութիւնը, որ պիտի ունենայ նաեւ վստահութիւնը ամրապնդելու ներուժ։
Փաշինեան եւ Ալիեւի խաղաղութեան հասնելու ուղղուած ջանքերը գնահատուած են նաեւ Էմիրատներու Շէյխ Զայետ Հիմնարկի կողմէ եւ արժանի գտնուած 2026-ի Մարդկային Եղբայրութեան Մրցանակին։
Լրատուութիւնը ինքնաբերաբար կը յուշէ կարգ մը միտքեր, մօտ անցեալի վերաբերեալ։
Նախ փորձենք որոշ հաստատումներ բերել։ 44-օրեայ պատերազմը, որ աւարտին բերաւ Արցախի հայաթափումը, ուրիշ բան չէր եթէ ոչ միջազգային դաւադրութիւն մը Հայաստանի հանդէպ։ Դէպք մը՝ որուն տուժողը եւս ունի լուրջ պատասխանատուութիւն։ Կատարուածը միայն անհեռատես հայ քաղաքական մտքի համար անակնկալ մըն էր։ Հակառակորդը մօտ 30 տարիներ խօսեցաւ պատրաստ ըլլալու պահուն իր գրաւեալ տարածքները զէնքի ուժով ետ առնելու մասին։ Փոխարէնը՝ հայկական կողմը երբեք լուրջ չի վերաբերուեցաւ այդ սպառնալիքին, միշտ նկատի ունենալով ռուսաց հովանաւորումը։
Աւելին՝ սիրեց ազգայնական սնամէջ հռետորաբանութիւնը, ընդմիշտ նուաստացնելով հակառակորդը։
Անփութութիւնը շարունակեց այս անգամ պարտութիւնը քաղաքական վրիժառութեան համար շահագործելով։
Մինչ այդ Ալիեւ կը շարունակէր սպառնական եղանակով խօսիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան հետ։
Պատմական իրողութիւն է թէ պատերազմի ընթացքին կողմերու զոհերը համարեա հաւասար էին իրարու։ Հետեւաբար խաղաղութիւնը բարիք է բոլորին համար։ Բայց նոյնքան կարեւոր է կողմերու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքը։
Փաշինեան եւ Ալիեւ նման մրցանակ ստանալու պահուն նախ եւ առաջ այս խնդիրը պէտք է արդարացնեն իրենց ժողովուրդներուն դիմաց։

