Խպնիլ չգիտցողներուն
Հայերս ափսոսանքով կը զարմանանք տեսնելով, թէ Թուրքիոյ քաղաքական գործիչները ինչպիսի անփութութեամբ կը դիմեն ուրացման կամ ժխտման եղանակներուն։ Կ՚ուրանան յամառօրէն կ՚ուրանան արար աշխարհի գիտակցած իրողութիւնը։
Ցեղասպանութիւնը կ՚ուրանան իրենց յատուկ պատրուակներ ներկայացնելով։ Կ՚առաջարկեն որ մեղադրողները անգամ մըն ալ իրենց բացատրութիւնները լսեն։ Այդ պահուն դիւրաւ կը սպրդին մեղադրեալի դիրքէն ու իրենք կը դառնան մեղադրող։ Զրպարտութիւններ կը տեղացնեն զոհերուն։ Իրենք արդար են, զոհն է մեղաւոր։
Այնքան իւրացուցած են, որ ուրացման ռազմավարութիւնը, ոչ կ՚ամչնան, ոչ ալ երեսնին (եթէ երես ունին) կը գունափոխուի։
Մենք հայերս Թուրքիոյ պետական այրերու այս գերազանց յատկութիւնը դար մըն է որ կը տանինք մեծ սրտաբեկութեամբ։ Իրականութեան մէջ աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ կէս դարու մասին խօսիլ։ Վերջապէս մինչեւ հայոց պահանջատիրութեան լսելի դառնալը, թուրքիացիներ առհասարակ լռեցին այս նիւթին մէջ։ Կարծես Ի. դարու 15-րդ տարին չէր ապրուած իրենց անցեալին մէջ։ Հիւսեցին յերիւրածոյ պատմութիւն մը, որ կը սկսէր 1914-ին, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն եւ կ՚աւարտէր 1923-ին Լոզանի դաշանագրի ստորագրութեամբ։
Գ. հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեան իշխանութեան գալէ ետք որդեգրեց հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման քաղաքականութիւնը։ Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անկախ պետութեան համար նոր հորիզոն մը բանալ փորձած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու առումով։ Բարի դրացութեան կապեր առաջարկած էր, որոնք չէին փոխադարձուած Թուրքիոյ կողմէ։ Կարելի է ըսել, որ պարապութեան մէջ մնաց Տէր Պետրոսեանի մեկնած ձեռքը։
Այս պայմաններու մէջ թէեւ վստահութիւն չունենալով հանդերձ արեւմտեան երկիրներու քաղաքականութեան նկատմամբ, մխիթարուած էինք Քոչարեանի քաղաքականութենէն, գոնէ ազգային արժանապատութիւնը բարձր պահելու իմաստով։
Չէինք կրցած գուշակել, որ Թուրքիոյ ուրացման այս պետական գերյատկութիւնը կը հասնի այս աստիճանին եւ արեւմուտքի իր խօսակիցներուն ալ կը թելադրէ, որ անգամ մըն ալ իրմէ լսեն խնդիրը՝ բոլորին գիտցած իրականութիւնը։
Եթէ յանկարծ խօսակիցը ըսէ որ ինք արդէն գիտէ ինչ եղած ըլլալը, այս անգամ կը տեղայ հալածանքի տարափ մը։ Պատրաստ են արդէն յարձակման նախադասութիւնները՝ «միակողմանի կը նային», «զոյգ չափանիշ կը գործածեն»…։
Տասնամեակներ անցան այս գրականութիւնով։ Մենք մի գուցէ վարժուեցանք, բայց հիմա կը տեսնենք որ ուրիշներ ապշահարած կը հետեւին Թուրքիոյ քաղաքական գործիչներու այս աներես վարքին։
Ըստ երեւոյթի ուրացումը խոր արմատներ թողած կ՚երեւի այս երկրի քաղաքական մշակոյթին մէջ։ Ուրանալ, ժխտել այն ամէն ինչ որ ժողովուրդին անչքին առջեւ կը պատահի եւ քօղարկել անկարելի է։ Դեռ նոր ապրեցանք Փարիզի մէջ Շարլի Հէպտօ երգիծաթերթի աշխատողներուն դէմ կատարուած վայրագ յարձակումը։ Այս յարձակումի հեղինակները պարծանքով ներկայացած էին հանրութեան, եւ պատշպանած էին իրենց գործած ոճիրը։ Թուրքիոյ ջերմեռանդ կերպով օժանդակած կրօնամոլ խմբակներու կը պատկանէին անոնք։ Բայց մերոնք իսկոյն զանոնք ալ ուրացան եւ ընդհակառակն մեղքը բեռցուցին Եւորպայի քրիստոնեաներու ուսերուն։ Իսլամաֆոպիով բացատրեցին այս չար պատահարը։ Մինչդեռ անունը վրայ է արդէն։ Իսլամաֆոպին վախի տեսակ մը կը նշանակէ, որ յառաջ կու գայ ճիշդ ալ այս վայրագութեան պատկերներէն։
Ի՞նչ բարի յատկութիւն է խպնիլ եւ քիչ մը խոնարհ մնալ։

