Մենք ու մերոնք
Գիր՝ մերոնց խնդիրներու մասին
«Աներազ ազգերը ապագայ չունեն։ Ապագայ չունեն մանաւանդ անհորիզոն ժողովուրդները»։
Ամանորի բացիկի մը մէջ տեղադրուած էր Սարգիս Զեյթլեանի այս հաստատումը։
Իսկոյն խորհեցայ թէ այդ խօսքը մեզի չի վերաբերիր։ Եթէ փորձենք հայու նկարագիրը բնութագրել այդ հաստատումի շրջանակին մէջ, կը պարզուի թէ մեզմէ բացակայողը երազելը չէ, այլ այդ երազանքը կեանքի կոչելու կամքը։ Եթէ չունինք հորիզոն, փոխարէնը ունինք հորիզոններ, որոնց հը նայինք իւրաքանչիւրս մեր գտնուած դիրքէն։ Երեւոյթ մը՝ որ կը խանգարէ միասնական հորիզոնի առկայութիւնը։ Կ'արժէ յիշել Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիները։ Երբ Խորհրդային Հայաստան կը պայքարեր Հայրենակցական Պատերազմը յաղթանակով պսակելու համար, անդին ուրիշ հորիզոններ տեսնողներ, իբրեւ թէ Հայաստանը Խորհրդային լուծեն ազատագրելու համար Հիթլերի բանակին զօրակոչ յայտարարած էին։
Ռուսահայու, տաճկահայու, պարսկահայու, ամերիկահայու եւ եւրոպական երկրի բնակիչ, նոյնիսկ քաղաքացի դարձած հայու հայեացքը ուղղած հորիզոնները բաւականին տարբեր են իրարմէ։
Այս երեւոյթը կարելի է բացատրել ոչ թէ հայու բնածին նկարագրով, այլ դար մը առաջ ապրուած մեծ եղեռնի բնական հետեւանքը ըլլալով։
Պատմութեան շատ հին դարերէն գիտենք հայրենի երկրի օտար տէրութիւններու միջեւ բաժանման դառն իրողութիւնը, իր հետեւանքներով միասին։ Նաեւ գիտենք կեանքի դաժան պայմաններու բերմամբ, լոկ ընտանիք պահելու հոգով մեր ընտանիքները կործանող պանդխտութիւնը։
Թէեւ բոլորս նոյն արեւի տակ ենք, բայց գիտենք թէ արեւի շողն ու ջերմութիւնը տարբեր է հիւսիսային ու հարաւային կիսագունդերու տարածքին։ Նոյնպէս տարբեր է երկրէ երկիր, մշակոյթէ մշակոյթ եւ թագաւորութենէ թագաւորութիւն։
Մեր օրինակին մէջ նոյն հորիզոնին նայիլ, ապագայի նկատմամբ նոյն երազանքը սնուցել եւ այդ երազանքը կեանքի կոչելու բանալին հայրենիքն է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Պատահաբար հայ ընտանիքի մէջ ծնածներու իրենց ինքնութիւնը պահելու կարողութիւնը սահմանուած է հազիւ քանի մը սերունդով միայն։ Աւելիին, յաւիտենականին համար անհրաժեշտ է հայրենիքի հետ ամուր կապեր ունենալ։
Անշուշտ որ Հայաստան երկրի բնակիչները համակարծիք ամբողջութիւն մը չեն կազմեր։ Այդպիսին ի զօրու է աղանդներու միայն։ Իսկ Հայաստանի բնակչութիւնը բնութագրող բառը ազգն է, ժողովուրդը, իր բոլոր ընկերային ու տնտեսական խաւեդով։
Համայնքի ճղճիմ սահմանումը, աւելի ճիշդ սահմանափակումը յաղթահարելու միակ միջոցը հայ ազգի բաղադրիչը ըլլալն է։ Այս մէկը կը կարօտի միայն ու միայն համապատասխան գիտակցութեան։ Այդ գիտակցութիւնը իր մէջ կը պահէ հայախօս չըլլալէ, խառն ամուսնութենէ, քրիստոնէութենէ զատ կրօնի մը դաւանելէ եւ տակաւին շարք մը այլանդակութիւններէ ձերբազատուելու ներուժը եւ կարողութիւնը։
Ուրեմն կրնանք համոզուիլ թէ վհատելու պատճառ չունինք, քանի որ լիքն են այդ գիտակցութիւնը վառ պահողները ի սփիւռս աշխարհի։ Բաւարար է միայն թէ ձերբազատուինք այլամերժութենէ եւ որպէս պետութիւն կամ եկեղեցի արհեստական արգելքներ չստեղծենք իր ինքնութիւնը վերակերտել չանացողներուն դիմաց։

