Սակայն եկուր տես որ ներկայ ճգնաժամը շատ աւելի խոր պատճառներ ունի։ Ես աւելի քան 20 տարիներու յետադարձ ակնարկով մը կը յիշեմ հայաստանցի բարեկամի մը՝ Անդրանիկ Արշակեանի Թուրքիան թուղթէ առիւծի նմանցնող մեկնաբանութիւնը։ Այդ տարիներուն, եւ մանաւանդ ալ Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք շատեր զարմանքով ու նաեւ հիացումով կը դիտէին Թուրքիոյ արձանագրած զարգացումները։ Այդ զարգացումները որոշ չափով իրենց անդրադարձը կ՚ունենային հասարակութեան կենցաղին վրայ եւս։ Բարեփոխութիւններ կը նկատուէին ժողովուրդին պետութենէն ստացած զանազան ծառայութիւններու մէջ։ Օրինակի համար բոլոր աշխատողներուն եւ թոշակառուներուն համար շատ աւելի հասանելի դարձած էր առողջապահական ծառայութիւնները։ Բարելաւուած էին հիւանդանոցները, հասարակապատկան փոխադրական միջոցները եւ տակաւին զանազան երեւոյթներ։
Երկրի վարկանիշը ցուցակներու վրայ կը բարձրանար։ Այդ պահուն այնքան ալ չէր նկատուեր հողամշակման, անասնապահութեան ապրած ծանր նահանջը։ Նոյնպէս չէր նկատուեր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան սայթաքումը։ Այդ սայթաքումը վերջերս ալ աւելի տեսանելի եղաւ երբ օրինակի համար ինքնաշարժներ արտադրող գործարանը դադրեցուց իր արտադրութիւնը պարզապէս դուրսէն եկած շարժակներու կամ ատամնաշարերու արագման խափանումով։ Կառավարութիւնը հպարտութեամբ կը յայտարարէր զինտեխնիկային ամբողջովին տեղական արտադրութիւնը։ Նախագահի փեսան կը վարէր անօդաչու սարքեր արտադրող գործարանը։ Խնամին կ՚արտադրէր զրահապատ մեքենաներ։ Բայց շուտով յայտնի դարձաւ, որ խնամիի արտադրութիւնը կազմուած է անգլիական BMC ընկերութեան ծրագրաւորումով։ «Աթաք» ուղղաթիռներու շարժակները կու գան ԱՄՆ-էն։ Այսինքն «ազգային» կոչուած արտադրութիւնը ամբողջովին կապուած է արտերկրի համապատասխան ընկերութիւններուն։
Այս տողերու հեղինակը չի ճանչնար պատուելի Պրանսընը։ Հետեւաբար չի կրնար երաշխաւորել, չի կրնար պաշտպանել զայն։ Բայց լաւ կը ճանչնայ այս երկրի համակարգը, լաւ կը ճանչնայ իշխող քաղաքական միտքը եւ ուժը, հետեւաբար չի վարանիր այդ մտքի ու ուժի դէմ դիրք բռնելէ։
Գալով ներկայ ճգնաժամին, Անդրանիկ Արշակեանի նշած թուղթէ առիւծը կը դժուարանայ անդրովկիանոսեան քամիին դիմաց ոտքի մնալու։


