ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կամարներ շինող հայու համար զարմանալի չէ, որ ան իր բնակավայրն ալ անուանած ըլլայ «կամար» բառով։ Այժմ եկէք պտոյտ մը կատարենք Հայկական լեռնաշխարհի վրայ, անցնինք քանի մը միակամար կամ եռակամար կամուրջ եւ այցելենք անունը «կամար» քանի մը հայկական բնակավայր. «ԿԱՄԱՐԱԿԱՊ», գիւղ, Ակն գաւառակի մէջ, Ակն քաղաքէն 2 քմ հարաւ-արեւելք, Եփրատի բարձրադիր աջ ափին։