Այց՝ Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Հօր
19 տարի առաջ «Ակօս» թերթի խմբագրատան գտնուած Սեպաթ շէնքի մուտքին սպանուած էր հայ լրագրող Հրանդ Տինք։ Ինչպէս նախորդ 19 տարիներուն, այս տարի ալ ան յիշատակուեցաւ իր ինկած կէտին վրայ զանգուածային մասնակցութեամբ։
Այդ հանդիպումներու աւանդութիւնն է խմբագրատան պատշգամբէն արտասանուած պատգամները։ Այս տարուայ պատգամը արտասանեց հիմնադրութենէն մինչեւ օրս «Ակօս»-ի աշխատակից Լետա Էօզպէր։
Բացի գլխաւոր զեկոյցէն, իրենց ելոյթներով ներկայ եղան քաղբանտարկեալներ, Չիղտեմ Մաթէր, Օսման Քավալա, Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան եւ փոխ քաղաքապետ Էպրու Էօզտեմիր։
Հանդիսավար Պիւլենթ Այտըն միայն անցեալ տարի առողջական պայմաններով կը բացակայէր այդ միջոցառումէն։ Այս տարի ան վերագտած էր իր նախկին առողջութիւնը եւ դարձեալ իր կուռ ձայնով կատարեց հանդիսավարի պաշտօնը։ Եղանակի խիստ աննպաստ պայմաններու մէջ կայացող յիշատակման միջոցառումը արդարութեան պահանջի համար բեմայարդակ մը եղած է։
Յունուար 19, երկուշաբթի օր Իսթանպուլի Յունաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհակալական այցելութիւն մը։ Հրանդ Տինք Վարժարանի աշակերտները Գնալը կղզիի հոգեւոր առաջնորդ Հայր Յարութիւն Տամատեանի, ճամբարի տնօրէն փրոֆէօսոր Տիամանտի Քումվոփոլոսի, հոգաբարձուներ՝ Դալար եւ Արթօ Հորոզողլուներու, ուսուցիչներու ուղեկցութեամբ այցելեցին Յունաց Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսին ՝իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելու Գնալը կղզիի մէջ գտնվող Յունաց Վանքի ամառային ճամբարին հիւրընկալուելու համար։
Կղզիի հոգեւոր հովիւ Հայր Յարութիւն Տամատեան իր շնորհակալական խօսքին մէջ ըսաւ. «Երախաներու՝ կղզի այցելելու առաջին իսկ վայրկեանէն շատ յուզիչ էր տեսնել անոնց աչքերու ջերմութիւնը ու ուրախութիւնը։ Մեր կեանքի ամենակարեւոր գործերէն մէկը երախաներուն հնարաւորինս շատ ուրախ առիթներ պարգեւելն է։ Այդ առիթներէն մէկն ալ յունական ճամբարին անցուցած օրերն էին։ Երախաները վայելեցին կղզիի մաքուր օդը, առիթ ունեցան ժամանակ անցնելու իրենց ընկերներու հետ եւ ծով մտնելու»։ Ի պատասխան Պատրիարք Բարթողոմէոսը ըսաւ. «Մենք մէկ ճամբար ունինք, եւ այդ ճամբարի դռները բաց են թէ՜ հայ, թէ՜ յոյն մանուկներուն համար։ Սիրով կ՚ընդունինք նաեւ հայ մանուկներուն մինչեւ կը նորոգուի ձեր ճամբարը»։
Հրանդ Տինք Վարժարանի տնօրէն Հերիքնազ Աւագեան վարժարանի անունով Պատրիարք հօր նուիրեց Հայաստանէն բերուած ձեռագործ տուֆէ խաչքար։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ բարերար Նազարէթ Պինաթլը, Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ նախագահ Լեւոն Շատեան եւ վարչութեան անդամներ, Մեսրոպ Բ Պատրիարք հօր մայրը՝ Տիրամայր Մարի Մութաֆեան։

