Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան յունիս 7ին
Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան 6 Փետրուարին ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն՝ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան Յունիս 7ին:
Հրամանագիրը հրապարակուած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ․ անիկա ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն:
Սահմանադրութեան 91րդ յօդուածի 1ին մասին համաձայն, որուն յղում կը կատարուի հրամանագիրին մէջ, խորհրդարանի հերթական ընտրութիւնը կը կատարուի Ազգային ժողովի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտէն ոչ շուտ քան 60, եւ ոչ ուշ քան 50 օր առաջ, իսկ 93րդ յօդուածով` Ազգային ժողովի հերթական եւ արտահերթ ընտրութիւնները կը ճշդէ հանրապետութեան նախագահը:
Ընտրական օրէնսգիրքի սահմանադրական օրէնքի 103րդ յօդուածի 2րդ մասին համաձայն, որուն եւս յղում կը կատարուի հրամանագիրին մէջ, «Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններ նշանակելու մասին Հանրապետութեան նախագահը հրապարակում է հրամանագիր քուէարկութեան օրուանից ոչ ուշ, քան 90 օր առաջ»:

