Կանանց ոճիր հայաշատ ֆէրիգիւղ թաղամասի մէջ
24 Յունուար, Շաբաթ օր Ֆէրիգիւղի Գույուլուպաղ եւ Պօզքուրթ փողոցներու աղբամաններուն մէջ յայտնաբերուեցաւ կնոջ մր դիակը։
Լուրը անմիջապէս տարածուեցաւ, հայաշատ Քուրթուլուշ եւ Ֆէրիգիւղ թաղերու մէջ։ Ոստիկանութեան հետազօտութիւնէն յետոյ ոճիրը բացայայտուեցաւ։
Զոհը 36 տարեկան էօզպէք կին մըն էր, սպաննուած էր Իւմրանիյէ թաղի մէջ, ոճրագործները երկու հոգի էին, որոնք կինը սպաննելէ եւ զայն մասնատելէ ետք, ճամբրուկներու մէջ դրած եւ բերած էին Քուրթուլուշ եւ ֆէրիգիւղ։
Երկու ոճրագործները բռնուեցան եւ ձերբակալուեցան, երբ կը ծրագրէին օդակայանէն փախիլ դէպի Վրաստան։
Յաջորդ առտու թաղակից կիները բողոք ներկայացուցին Քուրթուլուշ եւ ֆէրիգիւղի փողոցներու մէջ։ Նոյն օր քայլարշաւ մը կատարուեցաւ Պէյօղլուի մէջ, կանանց կազմակերպութիւններու կողմէ ի նպատակ բողոքելու համար կանանց դէմ բռնութիւնը եւ կանանց ոճիրները։

