Եսայեան Մշակոյթի եւ Գրականութեան Միութիւնը յայտարարեց «Հանդիպում» փառատօնին երկրորդը, որ տեղի պիտի ունենայ Մարտ 2026-ին Պոլսոյ մէջ։
Անցեալ տարի, Արեւմտահայերէնի շուրջ համերգներով, աշխատանոցներով ու պտոյտներով կատարուած «Հանդիպում» փառատօնը այս տարի ալ տեղի պիտի ունենայ միութեան երդիկին տակ եւ այլ տեղեր քաղաքին մէջ։
CultureCivic-ի աջակցութեամբ կազմակերպուող փառատօնին նպատակն է, կեանք տալ արեւմտահայերէնին, իր ծնունդ առած վայրին մէջ։
Ծրագրիրը կը ընդգրկէ շուրջ 50 ձեռնարկ, որոնց մանրամասնութիւնները շուտով պիտի յայտարարուին Եսայեան Միութեան ընկերային էջերուն միջոցաւ։



