Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան 28 Ապրիլին ներկայացուցին Հայաստանի մէջ կենսաչափական անցագիրներու ու նոյնականացման քարտերու նոր համակարգի աշխատանքները:
Կարմիր գոյն ունեցող անցագիրին մէջ Արարատի չերեւիլը վարչապետը հետեւեալ ձեւով մեկնաբանեց. «Արարատի մարզէն պատկերուած է Խոր Վիրապը` որպէս մեր քրիստոնէութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը»:
Երրորդ էջին վրայ Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած այբուբենն է: Անոր մէջ նաեւ աղաւնիներ պատկերուած են: Ըստ Փաշինեանի` անոնք կը խորհրդանշեն խաղաղութիւն եւ երջանկութիւն:
Ներկայացուած են նաեւ Արագած լեռը իր չորս գագաթներով, Արմաւիրի մարզը` լաւաշի թխման գործընթացով, Սեւանայ լիճը, Գառնիի հեթանոսական տաճարը, Ջերմուկի ջրվէժը եւ այլ խորհրդանիշեր:
Կենսաչափական անցագիրները քաղաքացիներուն հասանելի պիտի ըլլան 2026-ի աշնան: Վարչապետին համաձայն` անոնք կարեւոր են նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործընթացը աւարտին հասցնելու համար:



