Պողազիչի Համալսարանի Թատերախումբը՝ «Գիշեր Մը Փերայի Մէջ» խորագրուած թատերական գործով պիտի ներկայանայ հանդիսատեսին։ Հայ գրականութեան ամենաերեւելի երգիծաբաններէն Յակոբ Պարոնեանի եւ Երուանդ Օտեանի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ ստեղծուած թատերախաղը՝ Չորեքշաբթի Ապրիլ 8-ին ժամը 8։30-ին Տեմիր Տեմիրկիլ սրահին մէջ առաջին անգամ բեմ ելաւ։
«Գիշեր Մը Բերայի Մէջ» ներկայացումը Կիրակի Ապրիլ 12-ին եւ Երկուշաբթի Ապրիլ 13-ին ժամը 18։00-ին, ինչպէս նաեւ ամսուն 14-ի ժամը 20։30-ին եւ 15-ի ժամը 19։30-ին նոյն սրահին մէջ դարձեալ պիտի ներկայացուի։ Թատերախաղը Ապրիլ 24-ին Էսքիշեհիր Անատոլու Համալսարանի, իսկ 26-ին՝ Միջին Արեւելքի Թեքնիքական Համալսարանի թատերական փառատօններուն պիտի հիւրընկալուի։


