Կ՚ապահովուի Հայաստանի ելեկտրական ցանցերու կարիքները
Փարիզի Հիւլէական ուժանիւթի վեհաժողովի ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ յայտարարեց, որ Մեծամօրի հիւլէական կայանի ժամկէտի աւարտէն ետք, Հայաստան որոշած է անցնիլ փոքր համեմատաչափ հիւլէական մարտկոցի արհեստագիտութեան։ Շարք մը երկիրներու առաջնորդներուն առջեւ Փաշինեան խօսեցաւ արդէն գործնական քայլերու մասին: