Հայոց հին կրօնները Արեւապաշտութիւն
Մեր աշխարհագրութեան մէջ, որ կ՚ընդգրկէ Առաջաւոր Ասիան ու Միջագետքի հիւսիսային հատուածը, կ՚ենթադրուի որ մարդոց առաջին պաշտամունքը սկիզբ առած է բնապաշտութեամբ, այսինքն լեռներ ու քարեր պաշտելով, ապա կրակն ու ջուրը, օդեղէն երեւոյթները, ամենավերջն ալ բոյսերն ու ծառերը։