Եշիլգիւղի մատաղին՝ աւետիս

Ատենապետ Էօզֆուրունճու Դեկտեմբեր Կիրակի օրը Եշիլգիւղի մատաղին ներկաներուն կ՚աւետէ նախապէս եկեղեցիին պատկանող բռնագրաւուած հողատարածքին եկեղեցիին վերադարձուիլը։

Թուրքիոյ մէջ հայապատկան կալուածներու իբրեւ թէ օրինաւոր միջոցներով գրաւման գործընթացը կանգ առաւ շնորհիւ իշխող ԱՔՓ կուսակցութեան այս ուղղութեամբ կատարած բարեփոխումներուն։ Պոլսահայութիւնը ծանրօրէն տուժած էր իր հաստատութիւններուն համար կենսական նշանակութիւն ունեցող կալուածներու պետականացումէն։ Այժմ փոխուած է հոսանքի ուղղութիւնը եւ օրինական գետնի վրայ իրենց սեփականատէրերուն կը վերադարձուի նախապէս բռնագրաւուած կարգ մը կալուածներ ու տարածքներ։ 

Այս հոսանքէն օգտուած է նաեւ Եշիլգիւղի թաղական խորհուրդը։ Արդարեւ վարչութեան բազմամեայ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու իբրեւ աւետիս տեղեկացուց որ յաջողած են նախապէս եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածք մը այժմ գրանցել եկեղեցւոյ կալուածներու կարգին։ Էօֆուրունճու մատաղօրհնութեան առթիւ աւետեց այս լուրը, որով Եշիլգիւղի վարժարանը յառաջիկայ քանի մը տարիներու ընթացքին պիտի դադրէր օգնութեան կարօտ հաստատութիւն մը ըլլալէ եւ այս նոր կալուածի հասոյթով պիտի հաւասարակշռուէր վարժարանին տարեկան ելմտական ցուցակը։ Ան յայտնեց նաեւ, որ արդէն շփման մէջ էին կարգ մը շինարարական ընկերութիւններու հետ, որոնք կը խոստանային անհրաժեշտ արտօնութիւնները ձեռք բերել ու սկսիլ շինարարական աշխատանքին, փոխարէնը ստանալով այդ եկամտաբեր կալուածի կէսին սեփականատիրութիւնը։ Հապիպ Էօզֆուրունճույի փոխանցած տեղեկութեանց համաձայն այս պայմանները խիստ նպատսաւոր էին դպրոցի շահերուն։

Հարկ է յիշել թէ կարճ ժամանակ առաջ այս մասին կարծիքներ փոխանակող Գարակէօզեան հիմնարկի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ մեղադրած էր կալուածի սեփականութիւնը շինարարական ընկերութեան հետ կիսելու ռազմավարութիւնը, ըսելով որ, «Մենք ակամայ դիմած էինք այդ ճամբուն, քանի որ այդ ժամանակ նոր շէնք մը կառուցելու ի վիճակի չէինք։ Իսկ այսօր ունինք այդ կարելիութիւնը, ուստի բնաւ յարմար չէ ազգին պատկանող ոեւէ սեփականութիւն լոկ շինութեան ծախսերը հոգալու համար կիսել ոեւէ ընկերութեան հետ»։

Հապիպ Էօզֆուրունճու նշեց, որ այդ ուղութեամբ դիմած են Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին, բայց կարելի չէ եղած ապահովել իրենց կանխատեսած զօրակցութիւնը։ Այս վերջինները վստահ չեն կրցած ըլլալ, որ կրնան յաղթահարել շինարարութեան օրինական արտօնութիւնները։ Ներկայ պայմաններու մէջ դեռ յայտնի չէ թէ ո՞ր մէկ միջոցը աւելի ձեռնտու կ՚ըլլայ ազգին շահերը ապահովելու համար։

 

Kategoriler

Հայերէն