Պատրիարքական աթոռը հրատարակեց նոր հատորներ

Harutyun Amira Bezciyan (Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան)

Աթոռոյս պատմական նիւթերու յատկացուած Յովակիմեան Մատենաշարէն, որպէս եօթներորդ հատոր լոյս տեսաւ մենագրութիւն մը. Harutyun Amira Bezciyan (Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան)։

Երկար աշխատանքէ յետոյ, 2014 տարւոյն վերջին օրերուն տպարան յանձնուած սոյն հատորը այսօր լոյս աշխարհ կու գայ Յարութիւն Ամիրայի վախճանումէն հարիւր ութսուն տարիներ ետք։

Ազգային անզուգական բարերար” Յարութիւն Ամիրայի մասին կան քանի քանի կենսագրութիւններ։ Մինչեւ իսկ Ամիրայի կենսագրութիւնը վէպերու նիւթ դարձաւ։

Տիրան Քէլէկեան այս առասպելային կենսագրութիւնը ողջ կայսրութեան ժողովուրդին ծանօթացնելու համար գրի առաւ օսմաներէն կենսագրութիւն մը եւ զայն հրատարակեց Թարիհ-ի Օսմանի Էնճիւմէնի հանդէսին մէջ։

Նոյն կենսագրութիւնը վերջին շրջաններուն տեղ գրաւեց նաեւ Dünden Bugüne İstanbul եւ Yaşamları ve Yapıtlarıyla Osmanlılar թրքերէն հանրագիտարաններու մէջ։

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը տարիներ առաջ փափաքած էր զայն ծանօթացնել ոչ-հայախօս եւ ոչ-հայ ընթերցողներու եւ Ստեփան Պօղոս Փափազեանի հեղինակած կենսագրութեան թրքերէնի թարգմանութեան պաշտօնը յանձնած էր իրաւաբան Բրշ. Սեդրաք Սրկ. Տավութհանի։ Ամենապատիւ Տիրոջ անհանգստութեան եւ այլ պատճառներով յապաղած հատորին կմախքը կազմեց Ստեփան Պօղոս Փափազեանի աշխատասիրութիւնը, որ էջատակի նօթերով հարստանալով աւելի մատչելի վիճակի բերուեցաւ։

Բնագրին որպէս յաւելուած կցուեցան զանազան գլուխներ եւս։

Տիրան Քէլէկեանի օսմաներէնով հրատարակուած հեղինակութիւնը, լատինատառ տառադարձութեամբ պատրաստուեցաւ Օսմաներէնի ուսուցիչ Եիւճէլ Տէմիրէլի գլխաւորութեամբ, Փրօֆ. Տքթ. Մէթէ Թունչայի, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, Կէօնիւլ Փաչաճըի, Քէրէմ Ճօշքունէրի եւ Շէյտա Օղուզի կողմէ։

Խմբագրութեան կողմէ պատրաստուեցաւ Փափազեանցի աշխատասիրութեան յատուկ անուններու ցանկը։

Հատորի վերջաւորութեան տեղադրուեցաւ Պէզճեան Ամիրայի կտակագրութեան հայերէն բնագիրը, կտակի վկայութիւն բերող հոգեւորական կամ աշխարհական անձերու կնիքները, ինչպէս նաեւ կտակի թրքերէն թարգմանութիւնը։

Հատորը կը բաղկանայ 296 էջերէ եւ կ՚ընդգրկէ բացի Ստեփան Փափազեանցի աշխատասիրութենէն, խմբագրողներու՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդող ներածականը, հեղինակ Փափազեանցի եւ Տիրան Քէլէկեանի կենսագրութիւններն ու լուսանկարները, Պէզճեանի եւ գործունէութեան հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող նախապէս տպագրուած կամ անտիպ զանազան լուսանկարներ, զանազան փաստաթուղթերու լուսանկարներ, հարուստ յաւելուածներու բաժին մը, բնագրի մէջ առկայ անձերու կենսագրութիւններու ընդարձակ բաժին մը եւ այլն։

Կը հաւատանք, որ այս հատորը, Արսէն Եարմանի պատրաստած եւ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հրատարակչականէն լոյս տեսած Sultan II. Mahmud ve Kazaz Artin Amira անուն աշխատասիրութեան առընթեր, պիտի ունենայ իր մասնաւոր տեղը Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի կեանքի եւ Պոլսահայ համայնքի պատմութեան լուսաւորութեան մէջ։

Հատորի շքեղ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի կողմէ։

Սոյն հատորը լոյս տեսաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի մեկենասութեամբ։

Փափաքողներ կրնան հատորէն ունենալ դիմելով Պատրիարքարան, աշխատանքային ժամերուն։