Ընկերամշակութային համայնապատկեր

մարգար
չալըքեան

Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգի վրայ յարատեւօրէն առաջնակարգ դիրք գրաւող նիւթերէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութիւնը։

Հանրապետական Թուրքիան հիմնուած է մարդկութեան դէմ ամենամեծ յանցագործութիւն համարուող ցեղասպանութեան մը վրայ։

Նորակազմ հանրապետութիւնը իր հիմնարկութեան յաջորդող մօտ 45 տարիներու ընթացքին վայելեց այս յանցագործութեան համաշխարհային հասարակութեան կողմէ անտեսման առթած անհոգութիւնը։ Մինչեւ 1965 թուական հայ ժողովուրդն ալ ընդհանուր պահանջատիրութիւն մը չէր ներկայացուցած յանցագործներուն դէմ։ Առաջին անգամ 1965-ին, ցեղասպանութեան յիսնամեակին սփիւռքաբնակ եւ հայաստանաբնակ վերապրածներ եւ անոնց շառաւիղները, Խորհրդային Միութենէ ներս համեմատաբար մեղմացած ճնշումէն ալ օգտուելով սկսան ազգային դիմագիծով ոգեկոչել զոհերու յիշատակը։ Այդ թուականներուն հաղորդակցութեան միջոցները շատ աւելի թոյլ էին բաղդատմամբ այս օրուայ։ Այդ իսկ պատճառաւ ալ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը կատարուածներուն տեղեկացաւ իր իսկ ներկայացուցիչներու տեղեկագիրներու միջոցաւ։ Ապրիլ 24-ի ցոյցերը հակաթուրք ելոյթներ ըլլալով ընկալուեցան թրքական իշխանութիւններու կողմէ։ Երբ բողոքը անտեսել կարելի չեղաւ, թրքական քաղաքական միտքը իսկոյն դիմեց ուրացման եւ մերժողութեան որոշ բացատրութիւններու։ Հասարակութեան մէջ նուազած էին ցեղասպանութեան ուղղակիօրէն մասնակցած ոճրագործները։ Անոնք իրենց շառաւիղներուն չէին պատմած նաեւ կատարուածը։ Տգիտութեան թանձր մշուշ մը պատեց Թուրքիա երկիրը, որուն տակ հասարակութիւնը դիւրաւ հաւատաց պետութեան պաշտօնական տեսութեան։ 1980-ականներէն սկսեալ ծաւալեցաւ քիւրտերու ազգային շարժումը։ Այս շարժումի կազմակերպիչները պատմութիւնը մեկնաբանելու ժամանակ յաճախակի ակնարկութիւն կը բերէին Հայոց ցեղասպանութենէն։ Քիւրտերն ալ սկսած էին Հանրապետական Թուրքիոյ հիմնադիր մտայնութեան վերլուծումը ընել։ Տեսան որ հայերը բնաջնջող եւ յոյները բնակչութեան փոխանակումի ծրագիրով մը երկրէն հեռացնող թուրք ազգայնականութիւնը քիւրտերու համար նախատեսած էր թրքացնելու իսկ ալէվիներու համար ալ սիւննիացնելու ձուլման ծրագիրը։

Այս գիտակցութեան յստակացումէն ետք քիւրտ մտաւորականութիւնը լուսարձակը ուղղեց դէպի իր ժողովուրդի պատմութեան եւ համարձակօրէն առերեսուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ իր ժողովուրդի դերակատարութեան խնդիրով։ Անուրանալի կերպով յստակ էր սիւննի քիւրտերու կրօնական դրդումներով եւ աւազակութեան հոգեբանութիւնով այդ յանցագործութեան մասնակից ըլլալու իրողութիւնը։

Այս առերեսումը բացի քաղաքական գետնի վրայ կատարուած մտերիմ խոստովանութիւններէ, ակադեմական գետին վրայ ալ տեսանելի կը դառնայ բազմաթիւ գիտաժողովներու, ասուլիսներու եւ հրատարակութիւններու միջոցով։

Երկու նոր հրատարակութիւններ դրուած է մեր սեղաններուն վրայ, որոնք նիւթ կ՚առնեն յատկապէս Տիյարպէքիր քաղաքի հայերը եւ ցեղասպանութեան տարիներուն անոնց մատնուած հալածանքը։

«Հարիւր Տարուայ Ա՜խ, Հասարակական Յիշողութեան Յոյսին Տակ 1915, Տիյարպէքիր» հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է Ատնան Չէլիքի եւ Նամըք Քեմալ Տինչի կողմէ։ Անոնք աշխատութիւնը գլուխ հանած են Տիյարպէքիրի մէջ 60 ականատեսներու հետ երես առ երես խօսելով։ Գիրքի էջերը թղթատելով կը տեսնենք թէ թուրք հասարակութենէն տարբեր ըլլալով քիւրտերը այս պատմութեան մասին գիտելիքները մանրամասնօրէն փոխանցած են յաջորդ սերունդներուն։ Կարելի է ըսել որ քիւրտ հասարակութեան մօտ յիշողութիւնը շատ վառ է։

Իսմայիլ Պէշիքճի Հիմնադրամի կողմէ հովանաւորուած այս աշխատութիւնը բացի բանաւոր պատմութեան տեսակցութիւններէ օգտուած է նաեւ քիւրտ հեղինակներու գրական արտադրութիւններէ։ Այս առումով ալ հեղինակները իրենց գործը կը ներկայացնեն պատմութեան, յիշողութեան եւ գրականութեան առանցքին ձեւաւորուած գործ մը, որ ոչ լոկ ակադեմական բովանդակութիւն մը ունի եւ ոչ ալ քննադատական գիտութեան արտադրութենէն հրաժարած հայրենաբաղձական պատում մը։

Այս ծիրէն ներս երկրորդ գիրքի՝ «Օսմանեան Կայսրութենէ ներս Տիյարպէքիրի հայերը»ի հեղինակը Քասըմ Էրթաշ աստուածաբանական ուսում ստացած ակադեմիկոս մըն է։

Էրթաշի գիրքը ընկերաբանական հիմքերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւն մըն է։ Մուտքի բաժնին իր աշխատասիրութեան հեռանկարը ու ծաւալը բնութագրելէ ետք կը թուէ նաեւ այս աշխատութեան համար օգտագործած  աղբիւրները։ Ապա համառօտ ակնարկով մը կը քննէ Օսմանեան Կայսրութենէ ներս հայերու ընդհանուր յատկութիւնները՞ Այս մուտքի հատուածէն ետք հեղինակը այս անգամ եզակիօրէն կը քննէ Տիյարպէքիրի հայերը, յատուկ լուսարձակի տակ առնելով անոնց թաղամասերը, բնակչութիւնը եւ բնակարանները։ Առաջին բաժնի երկրորդ հատուածին մէջ կը ծանօթացնէ հայ ընտանիքի կառոյցը, նշելով կենցաղային սովորոյթները եւ աւանդութիւնները։ Բաժնի երրորդ հատուածը ձօնուած է հայոց քաղաքի իսլամ եւ այլ կրօններու պատկանող հաւաքականութիւններու հետ յարաբերութիւններուն։

Ի տարբերութիւն նախորդ գիրքի, Քասըմ Էրթաշի աշխատասիրութիւնը պատմական դէպքերու մասին մեկնաբանութիւն կամ տուեալներ չի փոխանցեր, այլ կը նկարագրէ Տիյարպէքիրի հայութեան ընկերային, տնտեսական, կենցաղային յատկութիւնները։ 

«Օսմանլը Իմփարաթորլուղունտա Տիյարպաքըր Էրմէնիլերի»
Քասըմ Էրթաշ
«Ռաղպեթ» Հրատարակչութիւն
2015 Իսթանպուլ/347 էջ

 

«Եիւզ Եըլլըք Ահ Թոփլումսալ Հաֆըզանըն Իզինտէ 1915 Տիյարպէքիր»
Ատնան Չէլիք,
Նամըք Քեմալ Տինչ
Իսմաիլ Պէշիքճի Հիմնադրամ
Իսթանպուլ 2015/ 405 էջ            

 

Kategoriler

Kitap ԳԻՐՔ