Թօթափելով պատմութեան փոշին

բագրատ
էսդուգեան

Աշխար­հագրու­թիւնը հայ գրո­ղի, հե­տեւա­բար ալ ըն­թերցո­ղի հա­մար միշտ ու­շադրու­թեան նիւթ եղած է։ Թե­րեւս ալ միայն հա­յերով սահ­մա­նուած հե­տաքրքրու­թիւն մը չէ այս։ Այ­սօր իսկ մար­դիկ մեծ ու­շադրու­թեամբ կը հե­տեւին իրենց ան­ծա­նօթ եր­կիրնե­րու բնու­թեան կամ այդ եր­կիրնե­րու ժո­ղովուրդնե­րուն ստեղ­ծած մշա­կոյ­թին։ Այդ հե­տաքրքրու­թիւնը յա­գեց­նող կա­րեւոր դէմք մը ըլ­լա­լով հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թեան մէջ կը յի­շուի Մար­կօ Փո­լօ կեր­պա­րը։ Կա­րելի է ըսել որ արեւմտեան աշ­խարհը իր մի­ջոցաւ պատ­կե­րացում մը ու­նե­ցաւ արե­ւել­քի, յատ­կա­պէս ալ հե­ռաւոր արե­ւել­քի մա­սին։ Նոյն յատ­կութեամբ կը յի­շենք նաեւ Էվ­լի­յա Չե­լեպին, որ ճշգրտու­թիւնը վի­ճելի ըլ­լա­լով հան­դերձ մին­չեւ օրս կ՚օգ­տա­գոր­ծուի բազ­մա­թիւ քա­ղաք­նե­րու պատ­մութիւ­նը ըն­կա­լելու հա­մար։

Եթէ այս օրի­նակ­նե­րը մեզ կը յու­շեն ճա­նապար­հորդներ, կան օրի­նակ­ներ եւս, որոնք իրենց հայ­րե­նի եր­կի­րը կը ծա­նօթաց­նեն առանց իսկ այդ երկրի, տուեալ օրի­նակի մէջ գիւ­ղի, աւա­նի կամ քա­ղաքի սահ­մաննե­րէն դուրս ել­լե­լու։

Մա­նաւանդ յե­տեղեռ­նեան շրջա­նին այս տե­սակի գրա­կանու­թիւնը ու­րիշ դրդա­պատ­ճառ մըն ալ ու­նէր՝ վկա­յու­թիւննե­րով ան­մա­հաց­նել եր­բեմնի կո­րու­սեալ օր­րանը։ Իրաւ ալ հայ ժո­ղովուրդը ապ­րե­ցաւ այս սար­սա­փը երբ հա­զիւ քա­նի մը ամիս­նե­րու ըն­թացքին զրկուեցաւ իր բազ­մա­հազար տա­րինե­րու օր­րա­նէն։ Այսպէ­սով Ի. դա­րուն ծա­ւալե­ցաւ նոր գրա­կանու­թիւն մը։ Սփիւռքի պայ­մաննե­րու տակ հե­ղինակ­ներ սկսան էջե­րու վրայ վե­րակեն­դա­նաց­նել ամ­բողջ եր­կիր մը։ Հիմ­նուած բազ­մա­թիւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւննե­րու առա­ջին որ­դեգրած գոր­ծե­րէն մէ­կը եղաւ հե­ղինակ մը գտնել ու պա­տուի­րել իրենց երկրի պատ­մութիւ­նը։ Այդ պա­տումնե­րը եր­բեմն ընդլայ­նե­ցան դէ­պի քա­նի մը քա­ղաք­ներ նե­րառ­նող տա­րածքնե­րու, եր­բեմն ալ կը սահ­մա­նուէին գիւ­ղի մը հա­մես­տութիւ­նով։ Այ­սօր մեր ձեռ­քը ու­նինք Մար­տիկ Մա­տէն­ճեանի հա­ւաքած «Սպի­տակ Լե­րան Հե­րոսա­մար­տե­րը» գիր­քը։ Այս տեղ սպի­տակ լեր կո­չուա­ծը հա­յացուած անունն է Աք­տաղ Մա­տէն գա­ւառի։ Դժբախ­տա­բար այս տե­սակի հա­յաց­նե­լու մար­մա­ջը յա­ճախա­կի երե­ւոյթ է մեր գրող­նե­րու մօտ, որ միայն պատ­մութիւ­նը կամ պատ­մա­կան աշ­խարհագ­րութիւ­նը աղա­ւաղե­լու կը ծա­ռայէ։ Ի վեր­ջոյ ոչ մէկ Աք­տաղ Մա­տէն­ցի չէ մտա­բերած իր քա­ղաքը «Սպի­տակ լեռ» թարգմա­նել։

Մար­տիկ Մա­տէն­ճեան գիր­քի մուտքի «ձօն» խո­րագ­րին մէջ կը բա­ցատ­րէ սոյն աշ­խա­տան­քի հա­մար զինք մղող խոր­հուրդը։ «Այս գիր­քը կը հրա­տարա­կեմ ցե­ղաս­պա­նու­թ-
եան հա­րիւ­րե­րորդ տա­րելի­ցին առ­թիւ եւ կը ձօ­նեմ հայ ազ­գի եր­կու մի­լիոն նա­հատա­կին, յատ­կա­պէս այն բո­լոր հին ու նոր հե­րոս­նե­րուն որոնք մարտնչե­լով եւ պայ­քա­րելով, իրենց անձնուիրու­թեամբ ո՛չ միայն Հա­յաս­տան կեր­տե­ցին, այլ Ար­ցա­խէն իսկ մաս մը ազա­տագ­րե­ցին։ Եոզ­ղա­տի եւ Սե­բաս­տիոյ ազա­տամար­տիկնե­րը, չորս տա­րիներ շա­րու­նակ, որոշ խումբեր մին­չեւ 7-8 տա­րի, լեռ­նե­րու վրայ՝ յատ­կա­պէս Աք Տա­ղի (Սպի­տակ Լե­րան) եւ շրջա­կայի լեռ­նե­րուն ապա­ւինե­լով, տո­կացին եւ յաղ­թե­ցին, զո­հուե­ցան հե­րոսա­բար, բայց գլուխ չծրե­ցին թրքա­կան եաթա­ղանին առ­ջեւ»։

Մա­տէն­ճեան այս բա­ցատ­րութե­նէն ետք կը նշէ «Աք Տա­ղի Քա­ռամեայ Գո­յամար­տը» գիր­քի հե­ղինակ­ներ Նա­զար Գա­բիկեան եւ Կիւլպէնկ Գա­լուստեանը։ Ու­րեմն այս հրա­տարա­կու­թիւնը կա­ռու­ցուած է այդ նա­խափոր­ձի վրայ ուր աւել­ցած են նաեւ կարգ մը ցարդ ան­ծա­նօթ դէպ­քեր։

Այս բո­վան­դա­կու­թեան մէջ մենք կը հան­դի­պինք Կէ­մէրէ­կի եւ Չա­թի շրջա­կայ գիւ­ղե­րու ծա­նօթագ­րութեան։ Ի վեր­ջոյ Աք Տաղ Մա­տէն գա­ւառը ան­մի­ջական հա­րեւա­նու­թիւն ու­նի Եոզ­ղա­տի, Սե­բաս­տիոյ, Կե­սարիոյ եւ շրջան­նե­րուն հետ։ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­ժանու­թ-եան մէջ տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րը ձեռ­նարկած են ինքնա­պաշտպա­նու­թեան եւ դի­մադ­րութեան պայ­քա­րի։ Պայ­քա­րը ծնած է նաեւ հե­րոս­ներ։ Գիր­քը գով­քը կը հիւ­սէ այդ հե­րոս­նե­րու նուիրեալ կռի­ւին։ Ըն­թերցո­ղը այսպէ­սով կը ծա­նօթա­նայ Մո­րուք Ժի­րայր անու­նով ծա­նօթ Մար­տի­րոս Պօ­յաճեանի, Հա­ճի Պէկ Փա­փազեանի, Ռու­բէն Թո­րոսեանի, Մել­քի­սեթեկ Սա­րեանի, Մել­քոն Գու­լաքսը­զեանի, Աւե­տիս եւ Նա­զար Գա­բիկեան­նե­րու, խմբա­պետ Ար­թին Աղա Տէ­միր­ճեանի, Ար­մե­նակ Տէ­միր­ճեանի, Ար­թին Աղա­յի կնոջ Մա­րիամի, Խա­չիկ եւ Միհ­րան Քը­չըքը­րըքեան­նե­րու, Սեդ­րակ Գու­լաքսը­զեանի, Օհան Սէօհ­պէ­թեանի, Մի­քայէլ Չա­վու­շի, Տօ­նիկ Արսլա­նեանի, Տօ­նիկ Հա­ճըմկրեանի, Համ­բար Վար­դա­պետեանի, Ռու­բէն Պօ­յաճեանի, Բե­նիամին Թո­րոսեանի, Սար­գիս Ար­մա­ղանեանի, խմբա­պետ Սա­մուէ­լի կնոջ՝ Կիւ­լի­նարի քա­ջագոր­ծութիւննե­րուն։

Մար­տի­րոս Մա­տէն­ճեան ծնած է Լի­բանան։ Սե­րած է Չեփ­նի­ցի վե­րապ­րողնե­րու ըն­տա­նիքէ ու ապա գաղ­թած է Գա­լիֆոր­նիա։ Ան նա­խապէս ալ հրա­տարա­կած է բռնագրաւուած դրախտի մասին երկու գիրքեր, որոնք այս վերջինով կը կազմեն երեակ մը։

«Սպի­տակ Լե­րան
Հե­րոսա­մար­տե­րը»
Հաւաքեց՝ Մարտիկ Մատէնճեան Փասատենա, Գալիֆորնիա, Փետրուար 2015
356 էջ