Մանկական գրականութիւն

էզկի պէրք

Անթարթիքայէն դէպի
«Կէզի» զբօսայգին

Արդէն թե­ւակո­խած ենք «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութեան եր­րորդ տա­րին։ Ես ալ այս օրե­րուն փոր­ձե­ցի ման­կանց յա­տուկ մա­տենա­շարի մէջ ծա­ռերու մա­սին գրուած գիրք մը փնտռել։ Հրա­շալի գիրք մը յայտնա­բերե­ցի։ Քա­նի մը ամիս առաջ այս տո­ղերով անդրա­դար­ձած էի «Հա­պիթուս Մի­նոր» անուն հրա­տարակ­չա­տան։ Իսկ «Կէ­զի»ի դի­մադ­րութիւ­նը պատ­մող գիր­քին անունն է «Փէն՝ Պար­տէ­զին Մէջ»։

Փէ­նի պատ­մութիւ­նը

Փէն Ան­թարթի­քայի մէջ ապ­րող հե­տաքրքիր երի­տասարդ ան­թե­ւուկ մըն է։ Կ՚որո­շէ հե­ռու տե­ղեր ճամ­բորդել եւ նոր բա­ներ տես­նել։ Բա­ներ, որ իր ապ­րած տե­ղերը գո­յու­թիւն չու­նին։ Ծա­ռերը տես­նել կ՚ու­զէ օրի­նակի հա­մար։ Ծա­ռերով տեղ մը ճամ­բորդել ծրագ­րած պա­հուն յան­կարծ ու­րիշ ան­թե­ւուկնե­րու հետ միասին տու­փե­րու մէջ բան­տարկուեցաւ։

Տու­փե­րու մէջ սնունդի նե­ղու­թիւն չէին ապ­րեր, բայց բան­տարկուած էին։ Ի վեր­ջոյ Փէն օր մը յա­ջողե­ցաւ այդ բան­տարկուած տու­փէն դուրս գա­լու։ Հի­մա պի­տի աշ­խա­տէր միւս ան­թե­ւուկներն ալ ազա­տելու։ Այդ բո­լորէն ետք ալ սկսաւ իր ճամ­բորդու­թիւնը։ Աւար­տին հա­սաւ Իս­թանպուլ։ Հսկայ մոխ­րա­գոյն շէն­քե­րու մի­ջեւ բա­ւական թա­փառե­լէ ետք ծա­ռերով լե­ցուն տեղ մը գտաւ։ Որո­շեց մի­ջոց մը հոն ժա­մանակ անցնել։ Կ՚ու­սումնա­սիրէր ծա­ռերը եւ մար­դիկ։ Կը խոր­հէր թէ ինչպէս պի­տի յա­ջողի բան­տարկուած ան­թե­ւուկնե­րը փրկե­լու։ Յան­կարծ քան­դիչ մե­քենայ մը մտաւ զբօ­սայ­գի եւ փոր­ձեց ծա­ռերէն մէ­կը ար­մա­տախիլ ընել։ Բա­րեբախ­տա­բար մարդ մը իս­կոյն առաջ նե­տուե­ցաւ եւ ար­գելք եղաւ մե­քենա­յին ծա­ռը քան­դե­լուն։

Ծա­նօթա­ցում Չա­փու­լէթթա­յի հետ

Փէն այս պա­տահած­նե­րը հասկնա­լու կ՚աշ­խա­տէր եւ ծա­նօթա­ցաւ եղունգնե­րը կա­նան­չի ներ­կած կարմրա­հեր Չա­փու­լէթթա­յին հետ։ Ապա անոնց միացան եր­բեմնի էլի­տար, այժմ ինքնիշ­խան կա­տուն՝ Թրա­ֆօ եւ ոս­տի­կան­նե­րու հա­չելը սո­վորու­թիւն դար­ձուցած՝ Լու­քա­նիքոս։ Անոնցմէ լսեց որ հե­ռուստա­կայան­նե­րը այ­գիին մէջ պա­տահած­նե­րը ժո­ղովուրդէն գաղտնի պա­հելու հա­մար յա­ճախ ան­թե­ւուկներ ցոյց կու տան։ «Անոր հա­մար ան­թե­ւուկնե­րը տու­փե­րու մէջ կը բան­տարկեն»։ Յա­ջորդ օր բան­տարկուած ան­թե­ւուկնե­րը ազա­տելու հա­մար որո­շեցին հե­ռուստաըն­կե­րու­թեան դի­մաց բո­ղոքի ցոյց կա­տարե­լու։ Այսպէ­սով թէ ան­թե­ւուկնե­րը բան­տարկու­թե­նէ փրկուեցան եւ թէ հե­ռուստա­կայան­նե­րը ստի­պուե­ցան այ­գիի զար­գա­ցումնե­րը փո­խանա­կելու։

Բծախնդրու­թեամբ կի­րար­կե­ցին ծրագ­րուած նա­խագի­ծը։ Բան­տարկուած ան­թե­ւուկնե­րը ազա­տուե­ցան ու բռնե­ցին իրենց երկրի ճամ­բան։ Բայց Փէն որո­շեց մին­չեւ այ­գիի ազա­տագ­րումը ըն­կերնե­րուն հետ մնալ։ Հե­ռուստա­կայան­նե­րու հա­ղոր­դումէն ետք այ­գիին պաշտպան տղոց մայ­րերն ալ եկան դի­մադ­րութեան մաս­նակցե­լու։ Ան­կէ վերջ ին­չե՜ր չե­ղան որ։ Մէ­կը դաշ­նա­մու­րը բե­րաւ ու սկսաւ նուագել։ Ու­րիշ մէկն ալ ոս­տի­կան­նե­րուն ջուր սրսկող ինքնա­շար­ժե­րուն դի­մաց կի­թար նուագել սկսաւ։ Մար­դուն մէ­կը բան մըն ալ չը­րաւ։ Միայն ան­ձայն ու ան­շարժ կե­ցաւ։ Այդ ալ իր կար­քին նոր դի­մադ­րութեան եղա­նակ մը դար­ձաւ։ Կա­պոյտ թռչու­նը ընդմիշտ լու­րեր փո­խան­ցեց անոնց մի­ջեւ։ Ան­շուշտ պէտք չէ մոռ­նանք ան­թե­ւուկնե­րուն հետ նոյն գոյ­նե­րը կրող «Չար­շը» խումբը։

Գրող Ռա­շէլ Մէ­շէրի «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութիւ­նը ժա­մանա­կագ­րութեան բնոյ­թով եւ Փէ­նին աչ­քէն փո­խան­ցած է ըն­թերցո­ղին։ Ան­շուշտ սպա­սեցի որ միւս քա­ղաք­նե­րէն ալ բա­ներ մը լսեմ, բայց ի՞նչ կրնանք ընել, Փէ­նը Իս­թանպուլ էր եւ նոյն պա­հուն ու­րիշ տեղ չէր կրնար ըլ­լալ։

«Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի դի­մադ­րութեան ազ­դե­ցու­թիւննե­րը ամէն օր ձե­ւով մը կը յայտնուի։ Բո­լոր այդ ապ­րումնե­րը մա­նուկնե­րուն փո­խան­ցե­լու հա­մար շատ հա­ճելի մի­ջոց մըն է «Փէն՝ Պար­տէ­զին Մէջ» գիր­քը։

Հա­յերէն, թրքե­րէն, քրտե­րէն

Թէ «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի եւ թէ այս գիր­քի ոգին կը պա­հան­ջէ որ ան ծա­ւալուն ըլ­լայ եւ մատ­չե­լի բո­լորին հա­մար։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ այս գիր­քը եռա­լեզու լոյս տե­սած է։ Ամէն մէկ լե­զուն ու­նի իր երան­գը։ Այսպէսով գիրքը ալ աւելի հրապուրիչ է մանուկ ընթերցողի համար։

«Փէն՝ Պարտէզի Մէջ»
Ռաշէլ Մէսէրի
Թարգմանութիւններ՝ Քավա Նէմէրի, Մարալ Ուստա Պալ
«Հապիթուս Մինոր» հրատարակչատուն
Իսթանպուլ 2015

93 էջ