Արգիլուած գիրքերու մատենաշար

մարգար չալըքեան

Հանրածանօթ մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլուի իր ողբացեալ կնոջ Այշէնուր Զարաքօլուի հետ հիմնած «Պէլկէ» հրատարակչատունը կը ձեռնարկէ նոր մատենաշարի մը։ Այս շարքէն ներս հրատարակուած առաջին գիրքը եղաւ Իլիաս Վենեզիսի «Նումերօ 31328, Բանուորներու Ջոկատը» անուն պատումը։

Յունարէն բնագրէն Էվտոքիա Վերիոփուլոյի կողմէ թարգմանուած այս հա­տորի մուտքի էջե­րուն վրայ Ռա­կըպ Զա­րաքօ­լու կը բա­ցատ­րէ նման մա­տենա­շարի մը դի­մելու դրդա­պատ­ճառնե­րը։ Այս յօ­դուա­ծին մէջ ան օրի­նակ­ներ թո­ւելով կը յի­շէ նաեւ Թուրքիոյ հան­րա­պետութեան պատ­մութեան մէջ գիր­քեր ար­գի­լելու սո­վորու­թիւնը։ Կաս­կած չի կայ որ Պէլ­կէ հրա­տարակ­չա­տու­նը եւ անոր հիմ­նա­դիր սե­բակա­նատէրերը յա­ճախա­կի կեր­պով խնդիր ու­նե­ցած են Թուրքիոյ պատ­ժա­կան օրէն­քին հետ իրենց հրա­տարա­կած գիր­քե­րուն պատ­ճա­ռաւ։ Ան­խուսա­բելի է այս, քա­նի որ հրա­տարակ­չա­տու­նը որ­դեգրած է ճիշդ ալ այդ ար­գելքնե­րուն դէմ պայ­քա­րիլ։ Նման պայ­քա­րը եթէ նիւ­թա­կան եւ բա­րոյա­կան մեծ վնաս­ներ պատ­ճա­ռած է իրենց, միւս կող­մէ բա­զում ան­գամներ գնա­հատո­ւած է «Հրա­տարա­կելու ազա­տու­թիւն» մրցա­նակով։

Յօ­դուա­ծը կար­դա­լով կը յի­շենք երկրի այն մութ օրե­րը եւ ձայ­նասփիւ­ռը լու­րե­րու հա­ղորդման մէջ յա­ճախ կը նշէր ար­գի­լուած գիր­քե­րը, իբ­րեւ յան­ցա­գոր­ծութեան պատ­ճառ։ «Անիշ­խա­նական­նե­րու տան մէջ կա­տարո­ւած խու­զարկումնե­րով գտնո­ւած է ատրճա­նակ մը, կազ­մա­կերպչա­կան փաս­տա­թուղթեր եւ մեծ քա­նակու­թեամբ ար­գի­լուած ձա­խակողմեան հրա­տարակ­չութիւն»։ Կա­ղապա­րուած նա­խադա­սու­թիւն մըն էր այս որուն յա­ճախա­կի կրկնու­թեան պատ­ճա­ռաւ շա­տեր սկսած էին կաս­կա­ծով նա­յիլ իրենց տան մէջ գտնո­ւող սա­կաւա­թիւ գիր­քե­րուն։ Ծի­ծաղա­շարժ երե­ւոյթներ ալ կը պա­տահէին այդ խու­զարկումնե­րու պա­հուն։ կը գտնը­ւէին տգէտ ոս­տի­կան­ներ, որոնք «Լա­րուս» հան­րա­գիտա­րանը բա­րական նմա­նու­թեամբ կը կար­ծէին ինչ որ մի ռու­սա­կան բան։ Գիր­քը ինքնին յան­ցանքի մը վե­րածո­ւած էր 1970-ական, 80-ական թո­ւական­նե­րուն։ Այդ տա­րինե­րուն բազ­մա­թիւ հայ ըն­տա­նիք­ներ ալ խրտչե­լով տի­րող մթնո­լոր­տէն, այ­րե­լով ոչնչա­ցու­ցին իրենց մօտ գտնո­ւած հա­յերէն գիր­քե­րը։ Նման ճա­կատագ­րի են­թարկո­ւեցան մեր դպրոց­նե­րու գրա­դարան­նե­րը։

Վախ ու սար­սա­փի այդ տա­րինե­րուն վկա­յու­թիւնը այժմ կը վե­րակեն­դա­նանայ այս նոր մա­տենա­շարի մի­ջոցաւ։ Թուրքիոյ հան­րա­պետու­թեան հիմ­նա­քարը եղած է սուտ ու կեղ­ծի­քը։ Պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րը հիւ­սած են յե­րիւ­րա­ծոյ պատ­մութիւն մը եւ փոր­ձած են սե­րունդներ դաս­տիարա­կել այդ արաս­պե­լով։ Բնա­կան է որ այդ կեղ­ծի­քը հեր­քող ամէն խօսք սպառ­նա­լիք մը ըլ­լա­լով պի­տի ըն­դունո­ւէր իրենց կող­մէ։ Իբ­րեւ խոս­տո­վանանք նշենք որ մեծ մա­սամբ յա­ջողած են իրենց ձեռ­նարկին մէջ։ Յա­ջողած են, քա­նի որ լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ծրա­գիր մըն է գոր­ծադրո­ւածը, ապա­հովո­ւած է յա­տուկ օրէնքնե­րով եւ պատ­ժա­միջոց­նե­րով։ Սկսե­լով դպրո­ցական դա­սագիր­քե­րէ, մին­չեւ ակա­դեմա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւններ, բո­լոր գոր­ծօննե­րը լծո­ւած են այս սու­լը հա­մոզիչ դարձնե­լու։ Բայց որ­քան ալ յա­ջող ծրագ­րո­ւած ըլ­լայ, վերջ ի վեր­ջոյ իրա­կանու­թիւնն է որ յաղ­թա­նակ պի­տի տա­նի սու­տի դէմ։ Ներ­կայ դրու­թիւնով թոյզն իսկ դա­տելու կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող ան­հա­տը վե­րապա­հութեամբ եւ կաս­կա­ծով կը մօ­տենայ ամ­բողջ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին ի գործ դրո­ւած այդ քա­րոզ­չա­կան գրա­կանու­թեան։

Քա­նի մը տող գիր­քին մա­սին

1920-ական թո­ւական­նե­րու Եգէակա­նի յու­նաց տա­րագ­րութեան մա­սին թուրքիացի ըն­թերցո­ղը խիստ յու­զող երկ մը եղաւ Տի­տօ Սո­թիրիուի «Ինձմէ բա­րեւ խօ­սէ Անա­թոլիային» անուն յու­շագրու­թիւնը։ Հե­ղինա­կը իր պա­տումնե­րուն մէջ եր­բեք չէր մատ­նո­ւած ատե­լու­թեան։ Ընդհա­կարա­կը, մեծ բա­րեկա­մու­թեամբ դի­տած էր իր եր­բեմնի հա­րեւան­նե­րը, հա­րազատ ժո­ղովուրդին են­թարկո­ւած տա­ռապան­քը վե­րագ­րե­լով չար կա­մաց։ Թե­րեւս միամիտ մեր­ձե­ցում մը, բայց իրա­ւացի։ Չա­րագործնե­րու ձեռ­քին գոր­ծիք դար­ձողնե­րը շատ ան­գամ հա­սարա­կու­թեան այն խաւն են որ նոյն հե­ռաւո­րու­թեան վրայ են չա­րիքի ու բա­րիքի մի­ջեւ։ Եւ բո­լոր պա­տերազմնե­րու յատ­կութիւնն է ճշգրիտ ռազ­մա­վարու­թիւնով մը այս խա­ղաղ բնա­կիչ­նե­րը գա­զանի վե­րածել։

Իլիաս Վե­նեզիս ալ վա­ւերագ­րա­կան ոճով կը ներ­կա­յաց­նէ ըն­տա­նեզուր մնա­ցած յոյն գիւ­ղա­ցինե­րուն ապ­րած ող­բերգու­թիւնը։ Վե­նեզիս ինք եւս կը կա­րեւո­րէ ատե­լու­թե­նէ հե­ռու պատ­մե­լաոճը։ «Գիրքս զա­նազան եր­կիրնե­րու մէջ թարգմա­նաբար հրա­տարա­կուե­ցաւ։ Ես այդ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու մէջ միայն մէկ յատ­կութիւ­նով է որ պար­ծանք կը զգամ։ Բո­լոր գրագննա­դատ­նե­րը զար­մա­նալով կը հաս­տա­տէին թէ տա­ռապանքներ պատ­մող այս գիր­քը եր­բեք ատե­լու­թիւն չէ սեր­մա­նած»։

Այժմ մե­զի կը մնայ Պէլկէ հրատարակչութիւնը ողջնել իր այս նոր մատենաշարին համար եւ անհամբեր սպասել յաջորդ գիրքերը։   

«Նումերօ 31328, Բանուորներու Ջոկատը»
Իլիաս Վենեզիսի
Պէլկէ հրատարակչատուն
264 էջ