Հայկական խնդիրը համաշխարհայնացնելու ջանք

էզկի պէրք

Վերջերս ըն­թերցե­ցի Գրի­գոր Զոհ­րա­պի «Մար­սէլ Լէար» ծած­կա­նու­նով հրա­տարա­կած փոք­րիկ գիր­քը։ Այս ըն­թերցու­մով դար­ձեալ գի­տակ­ցե­ցայ վկա­յու­թիւննե­րու կա­րեւո­րու­թեան։ Խիստ բա­ցատ­րա­կան, շատ պար­զունակ լե­զուով գրուած, եղե­լու­թիւննե­րը պար­զող եւ շատ ան­գամ ալ լու­ծումնե­րը առա­ջար­կող հե­ղինակ մըն է Գրի­գոր Զոհ­րապ։ Իր գլխա­ւոր մտա­հոգու­թիւնը եղած է Օս­մա­նեան Հա­յաս­տա­նի խնդիր­նե­րը։

Գրի­գոր Զոհ­րա­պի անու­նին հետ մտա­բերուած մտա­ւորա­կան մըն է Ռո­պէր Քոփ­թաշ, որ գիր­քին մէջ­տեղ կը գտնէ եր­կա­րաշունջ նե­րածա­կանով մը։ Այդ նե­րածա­կանի մէջ Քոփ­թաշ կը ներ­կա­յաց­նէ նաեւ Զոհ­րա­պի aկեն­սագրու­թիւնը։ Իրա­կանու­թեան մէջ այս կեն­սագրու­թիւնը բա­ցի Զոհ­րա­պի ուր ծնած ըլ­լա­լէն կամ որ դպրոց­նե­րը յա­ճախե­լէն, լայն տե­ղեկու­թիւն կու տայ նաեւ անոր քա­ղաքա­կան հա­կումնե­րուն մա­սին։

Գրի­գոր Զոհ­րապ Օս­մա­նեան Պե­տու­թեան յա­տուկ ծա­ռայու­թեան ոճ­րա­գործնե­րը կող­մէ սպա­նու­թե­նէն հա­զիւ եր­կու տա­րի առաջ ֆրան­սե­րէնով գրի առած «Փաս­տա­թուղթե­րու Լոյ­սին Տակ Հայ­կա­կան Խնդի­րը» գիր­քին կը սկսի հայ­կա­կան խնդրի հա­կիրճ պատ­մա­կանը նկա­րագ­րե­լով։ Կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղովուրդի մահ­մէ­տեկան ցե­ղախումբե­րու հետ շրջա­պատուած ապ­րե­լու պար­տադրու­թիւնը։ Կը խօ­սի այս պայ­մաննե­րուն ճնշու­մին տակ իս­լա­մացած հա­յերուն գո­յու­թեան մա­սին։ Կը վկա­յէ թէ հայ ժո­ղովուրդին պա­հան­ջը դա­րերէ ի վեր իր մատ­նուած դժուարու­թիւննե­րուն բա­րելա­ւու­մը եղած է միայն։ Սա­կայն այս պա­հան­ջը յա­րատե­ւօրէն մեր­ժուած է Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ։ Օս­մանցի­ներ մերթ ընդ մերթ պայ­մաննե­րու բե­րու­մով ստի­պուած մնա­ցած են բա­րեփո­խումներ կա­տարե­լու մա­սին խոս­տումներ տա­լու, սա­կայն եր­բեք չեն գոր­ծադրած այս խոս­տումնե­րը։ 1891 թուակա­նին հիմ­նուեցաւ Հա­միտեան գունդե­րը, որոնք հիմ­քը պի­տի կազ­մէին հո­ղի խնդրին։ 1894-1896 թուական­նե­րու մի­ջեւ կա­տարուեցաւ շրջա­նային կո­տորած­ներ որոնց հետ կա­յացաւ նաեւ հո­ղերու տա­րածքնե­րու բռնա­բարու­մը։ Սահ­մա­նադ­րութիւ­նը կը խոս­տա­նար քա­ղաքա­ցիական իրա­ւունքներ։ Բայց վրան հա­սաւ 1909-ին Ատա­նայի ջար­դե­րը, որու հե­տեւան­քով բա­ցի զո­հուած 20 հա­զար հա­յերը, հիաս­թա­փու­թիւն պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ հա­յու­թեան։

Հա­յերը այս պայ­մաննե­րու տակ իրենց յոյ­սը կա­պեցին օտար եր­կիրնե­րուն Օս­մա­նեան պե­տու­թեան վրայ ճնշում բա­նեց­նե­լու մի­ջոցին։ Զոհ­րա­պի այս գրքոյկն ալ այդ ջան­քի, ձայ­նը լսե­լի դարձնե­լու մար­մա­ջի օրի­նակ մըն է։

Գիր­քի երկրորդ բաժ­նին մէջ Զոհ­րապ Օս­մա­նեան երկրի հա­յու­թեան բնակ­չութեան, տնտե­սական տուեալ­նե­րու, ար­տադրու­թիւննե­րու կա­րողու­թիւննե­րու եւ կրթա­կան հա­մակար­գի մա­սին ու­սումնա­սիրու­թիւններ եւ փաս­տա­թուղթեր կը ներ­կա­յաց­նէ։

Եր­րորդ բա­ժինը կը վե­րաբե­րի թուրք կա­ռավա­րու­թեան բա­րեփո­խումնե­րէ խու­սա­փելու պատ­ճառնե­րուն։ Են­թա­խորա­գիր­նե­րոգ կը քննար­կէ քա­ղաքա­կան, տնտե­սական, հա­սարա­կական եւ կրօ­նական գոր­ծօննե­րը։ Կ՚անդրա­դառ­նայ ար­շա­ւան­քի հաս­կա­ցողութեան թուրքե­րուն մօտ որ­քան տա­րածուն ըլ­լա­լու փաս­տին։ Կը հաս­տա­տէ որ այդ հաս­կա­ցողու­թեան հե­տեւան­քով հո­ղագոր­ծութիւ­նը եւ ար­հեստնե­րը աւան­դա­կանօ­րէն վի­ճակած են ոչ իս­լամնե­րուն։ Իսկ քիւրտ ցե­ղապետ­ներ իս­լա­մու­թեան շնոր­հած ան­պատժե­լիու­թեան հե­տեւան­քով տի­րացած են գիւ­ղե­րու եւ հօ­տերու։

Չոր­րորդ բաժ­նի մէջ Զոհ­րապ առա­ջարկներ կը ներ­կա­յաց­նէ։ Կ՚առա­ջար­կէ որ լիազօ­րուած եւ­րո­պացի կու­սա­կալ Օս­մա­նեան Հա­յաս­տա­նի մէջ հե­տապնդէ շրջա­նային վար­չութեան գոր­ծադրու­թիւնը եւ հա­յերու պե­տական պաշ­տե­լիու­թեան մաս­նակցու­թիւնը։ Զոհ­րապ կը մեկ­նա­բանէ նաեւ այս առա­ջարկնե­րուն տե­ղի տա­լիք դժգո­հու­թիւննե­րը եւ անոնց հա­մար ալ լու­ծումներ կը ներ­կա­յաց­նէ։ Կը նշէ նաեւ կայսրու­թեան Արե­ւելեան Եւ­րո­պայի տա­րած­քին մատ­նուած պար­տութիւննե­րը եւ զան­գուածա­յին գաղ­թե­րը, որոնք իս­լամ հա­սարա­կու­թեան մօտ կը գո­յաց­նեն վրի­ժառու­թեան զգա­ցու­ներ։

Հին­գե­րորդ եւ վեր­ջին բաժ­նին խո­րագիրն է «Եւ­րո­պա եւ հա­յերը»։ Այս բաժ­նին մէջ ան կը շեշ­տէ Օս­մա­նեան Հա­յաս­տա­նի ռազ­մա­վարա­կան դիր­քը, դի­տել կու տայ հայ ժո­ղովուրդի թէ հնա­մենի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան մը ներ­կա­յացու­ցի­չը ըլ­լա­լով հան­դերձ արեւմտեան աշ­խարհին մաս կազ­մե­լու յատ­կութիւ­նը։ Վեր­ջին տո­ղերուն մէջ ան կար­ծես թէ տե­սած ըլ­լար եր­կու տա­րի ետք պա­տահե­լիք աղէ­տը։ «…Հայ­կա­կան քա­ղաք­նե­րուն ներ­կայ վի­ճակին քա­նի մը տա­րի եւս շա­րու­նա­կուե­լու պա­րագա­յին արե­ւելեան սահ­մա­նին մէջ ան­նա­խատե­սելի ցնցումներ պի­տի պա­տահին»։

Այս գիր­քի Ֆրան­սա­յի մէջ հրա­տարա­կու­թե­նէն եր­կու տա­րի ետք հայ ժո­ղովուրդի գող­գո­թան ապ­րուեցաւ։ Իսկ Եւ­րո­պա այդ գոր­ծընթա­ցի մէջ ականջնե­րը փա­կած էր թրքա­հայու­թեան աղա­ղակ­նե­րուն։

Զոհրապի այս վերջին ջանքերը կարդացած պահուս յաճախ տարուեցայ մերօրեայ ապրումներու հետ նմանութիւններուն։ Զոհրապին 100 տարի առաջ գրածները այսօր ալ կը շարունակէ ուսուցողական մնալ։

Մարսէլ Լէար (Գրիգոր Զոհրապ)
Փաստաթուղթերու լոյսին տակ հայկական խնդիրը
Իլէթիշիմ հրատարակչութիւն
142 էջ
Իսթանպուլ 2015