Ընտանեկան գաղտնիք չէ այլեւս

ռակըպ զարաքօլու

Արեւմտահա­յերէն ար­դի գրա­կանութեան ամե­նակա­րեւոր ներ­կա­յացու­ցի­չը կը հա­մարեմ սի­րելի Զահ­րա­տը։ Ան­գամ մը երբ կը հարցնէի նոր սե­րունդ յոյս ներշնչող անու­նը, առանց վա­րանու­մի Վեր­ճի­հան Զիֆ­լիօղ­լու ըսած էր։ Լե­զուա­բան­նե­րը կ՚ըսեն թէ մայ­րե­նիին լաւ տի­րապե­տողը միւս լե­զու­նե­րու մէջ ալ յա­ջող կ՚ըլ­լայ։ Վեր­ճի­հան ալ լրագ­րո­ղական առա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը ապ­րե­ցաւ «Մար­մա­րա», «Ժա­մանակ», «Նոր Սան»ի նման թեր­թե­րու եւ  պար­բե­րական­նե­րու էջե­րով։ Բա­րեբախ­տութիւն մըն էր արեւմտա­հայե­րէնի նուիրեալ վար­պետնե­րէն Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի հետ աշ­խա­տիլ։ Ան լա­ւագոյնս օգ­տուեցաւ այդ առի­թէն։ Ապա «Ակօս»ի հիմ­նադրու­թեան ալ մաս­նակցե­ցաւ։

Ափ­սոս որ հա­յերէն չգիտ­նա­լով չեմ կրցած համ­տե­սել իր քեր­թուած­նե­րը։ Բայց հե­տեւե­ցայ անոր շատ երի­տասարդ տա­րիքին սկսած լրագ­րո­ղու­թեան ոդի­սակա­նին։

Հա­ւատա­րիմ էր լրագ­րո­ղու­թեան սկզբունքնե­րուն։ Դժուար է կեդ­րո­նական մէ­տիայի կա­րեւոր միաւոր­նե­րէն հան­դի­ցանող «Հիւրրի­յէթ Տէյ­լի Նիվս»ի նման թեր­թի մը մէջ այդ սկզբունքնե­րը պա­հել ու պար­տադրել։ Թուրքիոյ դի­ւանա­գիտա­կան շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ ու­շադրու­թեամբ ըն­թերցուող այդ թեր­թի մէջ հե­տեւե­ցաւ շատ կա­րեւոր մա­մու­լի դա­տավա­րու­թիւննե­րու։

Մա­մու­լի աշ­խա­տող­նե­րուն են­թարկուած գոր­ծազրկու­թե­նէն ինք ալ բա­ժին ստա­ցաւ։ Հա­կասա­կան օրեր կ՚ապ­րինք։ Մէկ կող­մէ հայ ինքնու­թիւնը երեք կու­սակցու­թիւննե­րու մէջ ալ պատ­գա­մաւոր ըլ­լա­լով կը ներ­կա­յանայ, միւս կող­մէ կեդ­րո­նական մէ­տիան ալ աւե­լի ազ­գա­յին դի­մագիծ կ՚ստա­նայ։ Իր նման բազ­մա­թիւ տա­ղան­դա­ւոր լրագ­րողնե­րու ան­գործու­թիւնը Թուրքիոյ մա­մու­լին մէջ տի­րող անո­րակու­թեան եւ մի­ջակու­թեան ապա­ցոյցն է։

«Չկայ չա­րիք առանց բա­րիքի» կ՚ըսեն։ Զիֆ­լիօղ­լու ալ այս շրջա­նը ար­ժե­ւորեց գրա­կանու­թեան ուղղուելով։ Նա­խապէս «Արաս» հրա­տարակ­չութե­նէն լոյս տե­սած էր քեր­թուած­նե­րու երեք հա­տոր­ներ։ Կը լսեմ որ չոր­րորդը ըն­թացքի մէջ է։ Իսկ աժմ ան ըն­թերցող­նե­րուն կը ներ­կա­յանայ Թուրքիոյ ամե­նախրթին նիւ­թե­րէն իս­լա­մացուած հա­յերուն անդրա­դար­ձող ցնցիչ գիր­քով մը։

Գիր­քը իր անու­նով ար­դէն որոշ պատ­գամ մը կը փո­խան­ցէ։ Կը պատ­մուի ոչ Քրիս­տո­սի ոչ ալ Մու­համմէ­տի հա­մար հա­ճելի եղող խմբա­կի մը տխուր պատ­մութիւ­նը։ Ֆէթ­հի­յէ Չէ­թիինի «Մեծ մայրս» գիր­քը այս նիւ­թին մէջ շատ կա­րեւոր զար­թօնք մը ապա­հովեց։ Այս առա­ջին գիր­քին ար­ձա­գանգնե­րով Չէ­թին Այ­շէ­կիւլ Ալ­թը­նայի հետ խմբագ­րեց երկրորդ գիրք մը՝ «Թոռ­նե­րը»։ Նա­խապէս Պա­րան Ֆունտեր­մա­նին «Կյա­վուր Էլօ», Սար­գիս Սե­րով­բեանի ջան­քե­րով հրա­տարա­կուած Լե­ւոն Խա­չիկեանի «Համ­շե­նի գաղտնի­քը» այս նիւ­թով նա­խափոր­ձեր են։ Նշենք որ Թուրքիոյ Պատ­մութեան Կա­ճառի նա­խորդ վա­րիչ­նե­րէն Եու­սուֆ Հա­լաճօղ­լու ցե­ղաս­պա­նու­թեան փաս­տը ու­րա­նալու, յատ­կա­պէս ալ զո­հուած­նե­րու թի­ւը նուազեց­նե­լու հա­մար պնդած էր որ բո­լոր ալե­ւի քիւրտե­րը հայ ծա­գում ու­նին, կամ գո­նէ խառ­նա­ծին են։

Բնակ­չութեան ճար­տա­րագի­տու­թիւն մըն էր իթ­թի­հատա­կան­նե­րուն ձեռ­նարկած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը եւ սահ­մա­նած էր բո­լոր քա­ղաք­նե­րէ ներս հա­յերու բնակ­չութիւ­նը հինգ տո­կոսով։ Ար­դա­րեւ երբ 1916-ին Հա­լէպի հա­յու­թիւնը գե­րազան­ցեց այդ հինգ տո­կոսը, Տէր Զօ­րի մէջ գոր­ծադրուեցաւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան երկրորդ փու­լը։

Հրանդ Տինքն ալ իր ելոյթնե­րէն մէ­կուն Թուրքիոյ տա­րած­քին ծպտեալ ապ­րող հա­յերու կամ խառ­նա­ծին հա­յերու թի­ւը են­թադրած էր աւե­լի քան 1 մի­լիոնով։

Այս պատ­մութիւննե­րը շատ ան­գամ ըն­տա­նեկան գաղտնիք մը ըլ­լա­լով մնա­ցին։

Գաղտնի­քը զգու­շութեաամբ պա­հուե­ցաւ երկրորդ սե­րունդնե­րէ, բայց միշտ հրա­պարա­կող հա­րեւան մը գտնուեցաւ։ Այս երե­ւոյ­թը ի զօրու էր բազ­մա­թիւ յոյ­նե­րու եւ ասո­րինե­րու հա­մար ալ։

Նոյ­նիսկ օրը հինգ ան­գամ նա­մազով երկրպա­գեն, իս­լամնե­րու հետ ծոմ պա­հեն, Մէք­քէ ուխտագ­նա­ցու­թեան եր­թան, նոյ­նիսկ իմամ դառ­նան, անոնց բուն ինքնու­թիւնը ցան­կագրուեցաւ գաղտնի տո­մար­նե­րու մը մէջ։

Երբ այ­լա­խոհ մը կամ ընդդի­մադիր մը սպան­նուի, առա­ջին գոր­ծը կ՚ըլ­լայ ստու­գել թէ թլփա­տուա՞ծ է, թէ ոչ։

Մար­դու ամե­նահիմ­նա­կան իրա­ւունքնե­րէն է իր ար­մատնե­րով պա­տիւ զգա­լը։ Պե­տու­թիւնը այդ թա­քուն իրո­ղու­թիւնը շա­խագոր­ծեց մար­դոց վրայ ճնշե­լու հա­մար։ Բայց ալ վե­րացած է այդ շրջա­նը։

Կը մնայ լրագ­րո­ղական այս յա­ջողութեան համար ողջունել Վերճիհան Զիֆլիօղլուն։