Մաղուած ինը պատումներ

բագրատ էսդուգեան

Հրատա­րակուեցաւ Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի բա­­նաւոր պատ­­մութեան մա­­տենա­­շարի Դ. հա­­տորը՝ «Իզ­­մի­­­թի Հա­­յերը Կը Խօ­­սին»։

«Լռու­­թեան Ձայ­­նը» ընդհա­­նուր խո­­րագ­­րի տակ նա­­խապէս լոյս տե­­սած էին «Թուրքիացի Հա­­յերը Կը Խօ­­սին», «Տի­­յար­­պէ­­­քիրի Հա­­յերը Կը Խօ­­սին», «Ան­­գա­­­րայի Հա­­յերը Կը Խօ­­սին» անուն գիր­­քե­­­րը։

Ինչպէս վե­­րեւի խո­­րագիր­­նե­­­րը կը վկա­­յեն, իւ­­րա­­­քան­­չիւր հա­­տոր ու­­ղուած է որոշ տա­­րած­­քաշրջա­­նի մը բնա­­կիչ­­նե­­­րուն յի­­շողու­­թիւննե­­րուն ար­­ձա­­­գան­­գե­­­լով, տուեալ վայ­­րի ան­­ցեալի հայ ապ­­րումնե­­րուն մա­­սին պատ­­կե­­­րացում մը գո­­յաց­­նե­­­լու։ 

Բա­­նահա­­ւաք­­նե­­­րու կող­­մէ կա­­տարուած հար­­ցազրոյցնե­­րու խմբագ­­րութեամբ պատ­­րաստուած մա­­տենա­­շարի առա­­ջին եր­­եք գիր­­քե­­­րը թարգմա­­նուած են անգլե­­րէնի։ Բա­­նաւոր պատ­­մութեան նրբու­­թիւննե­­րու մա­­սին յա­­տուկ ու­­սում ստա­­ցած բա­­նահա­­ւաք­­ներ ի պա­­հան­­ջեալ հար­­կին ճամ­­բորդած են ԱՄՆ, Հա­­յաս­­տան, Գա­­նատա, Եւ­­րո­­­պայի զա­­նազան եր­­կիրներ եւ Թուրքիոյ տար­­բեր քա­­ղաք­­ներ։ 

Իզ­­միթ ընդհա­­նուր անուանու­­մին մաս կը կազ­­մեն եր­­բեմնի Բիւ­­թանիա, Նի­­կոմի­­դիա, Ար­­մաշ, Կեյ­­վէ, Պար­­տի­­­զակ, Մեր­­տէ­­­կէօզի նման ան­­ցեալին հոծ բազ­­մութիւն հայ բնակ­­չութիւն ու­­նե­­­ցող բնա­­կավայ­­րեր։

Ան­­շուշտ որ տա­­րած­­քաշրջա­­նը հա­­յաթափ եղած է 1915-ին եւ Ա. Աշ­­խարհա­­մար­­տի տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին։ Բնակ­­չութեան բա­­ցակա­­յու­­թեան զու­­գա­­­հեռ ոչնչա­­ցուած է նաեւ անոնց հա­­սարա­­կապատ­­կան կա­­ռոյցնե­­րը՝ եկե­­ղեցի­­ներ, դպրոց­­ներ, գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­ներ ալ։ Հա­­յաթափ եղած այդ վայ­­րե­­­րը բնա­­կեցուած են պալ­­քա­­­նեան եր­­կիրնե­­րէ, յատ­­կա­­­պէս ալ Յու­­նաստա­­նէ գաղ­­թած իս­­լամներ եւ այսպէ­­սով հա­­սարա­­կական յի­­շողու­­թիւնն ալ ծած­­կուած է մո­­ռացու­­թեան թանձր փո­­շիով։

Ի դէմ պատ­­մութեան այս անխնայ ու­­րա­­­ցու­­մին, Իզ­­մի­­­թի եւ շրջա­­կայ­­քի շէն­­շող ան­­ցեալը քան­­դա­­­կուած է հայ մտա­­ւորա­­կան կու­­տա­­­կու­­մին մէջ։ Զա­­նազան պա­­տումնե­­րու մէջ յի­­շատա­­կուած են Ար­­մա­­­շու Դպրե­­վան­­քի կամ Պար­­տի­­­զակի Բարձրա­­գոյն Վար­­ժա­­­րանի նման մտքի տա­­ճար­­ներ։ Հա­­րուստ գրա­­կանու­­թիւն մը կ՚ան­­մա­­­հաց­­նէ Իզ­­մի­­­թի եւ շրջա­­կայ­­քի ու­­րախ օրե­­րը։ Այստեղ ակ­­նարկուածը լոկ անվտան­­գութեան պայ­­մաննե­­րուն ապա­­հովուած ու­­րա­­­խու­­թիւնն է։ Ապա ոչ հա­­նապա­­զօրեայ հա­­ցի խնդի­­րը ինչպէս հայ ժո­­ղովուրդի մե­­ծամաս­­նութեան, նոյնպէս պար­­տի­­­զակ­­ցիի հա­­մար ալ դժուար լու­­ծե­­­լի էր։ Այս դրախ­­տանման գիւ­­ղէն բազ­­մա­­­թիւ պար­­մա­­­նու­­հի իբ­­րեւ աղա­­խին կ՚աշ­­խա­­­տէին Պոլ­­սոյ հա­­րուստ հայ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու մօտ։

Իզ­­մի­­­թի հա­­յոց ան­­ցեալին վրայ լու­­սարձակ բռնող պա­­տումնե­­րու այս հա­­ւաքա­­ծոն յա­­ռաջա­­բանով մը ըն­­թերցո­­ղին կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան խմբա­­գիր Ֆեր­­տա Պա­­լան­­ճար։ Ապա Ռայ­­մոն Գէոր­­գեանի նե­­րածա­­կանը կու գայ բա­­ցատ­­րութիւն տա­­լու Բիւ­­թանիոյ հա­­յոց ար­­մատնե­­րուն մա­­սին։ «Ինչպէս Թրա­­կիոյ հա­­մայնքնե­­րը, Բիւ­­թա­­­նիոյ հայ հա­­մայնքներն ալ կազ­­մուած են 1590-1608 թուական­­նե­­­րու մի­­ջեւ Ակն, Արաբ­­կիր, Սե­­բաս­­տիա, Կա­­մախ եւ Կա­­րինի հայ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու զան­­գուածա­­յին գաղ­­թով»։ Գէոր­­գեան այս հաս­­տա­­­տու­­մէն ետք կը նշէ նաեւ թէ այդ գաղ­­թի հո­­սան­­քը հաս­­տա­­­տուած է Սեւ Ծո­­վու արեւմտեան ափե­­րէն Նի­­քոմի­­տիոյ եւ Բիւ­­թա­­­նիոյ վրա­­յէն մին­­չեւ Պրու­­սա հաս­­նող տա­­րած­­քի մը վրայ։ «Պա­­տերազ­­մի նա­­խօրէին Իզ­­մի­­­թի մու­­թա­­­սարի­­ֆու­­թեան սահ­­մաննե­­րու 42 բնա­­կավայ­­րե­­­րու մէջ 61 հա­­զար 675 հա­­յեր կ՚ապ­­րէին։ Ու­­նէին 51 եկե­­ղեցի, վանք մը եւ 53 դպրոց­­ներ»։

Այս աշ­­խա­­­տու­­թեան շրջագ­­ծով կա­­տարուած 30 տե­­սակ­­ցութիւննե­­րէն ինը հա­­տը տե­­ղադ­­րուած են գիր­­քին մէջ։ «Փո­­խան Վեր­­ջա­­­բանի» խո­­րագ­­րով Քո­­ճաէլի Հա­­մալ­­սա­­­րանի փի­­լիսո­­փայու­­թեան բաժ­­նի գի­­տաշ­­խա­­­տող Է. Արաս Էր­­կիւնէշ կը վեր­­լուծէ կա­­տարուած տե­­սակ­­ցութիւննե­­րու բո­­վան­­դա­­­կու­­թիւնը, բաղ­­դա­­­տու­­թիւններ ընե­­լով իր ալ մաս կազ­­մած աշ­­խա­­­տախումբի յայտնա­­բերումնե­­րուն հետ։

«Լռու­­թեան Ձայ­­նը» մա­­տենա­­շարի այս չոր­­րորդ գիր­­քը օղակ մը եւս կ՚աւելցնէ կո­­րու­­սեալ մշա­­կոյ­­թի մը հետ­­քե­­­րը որո­­նող բա­­նաւոր պատ­­մութիւննե­­րու շար­­քին։

Ըն­­թերցո­­ղը թղթա­­տելով այս ինը յու­­շագրու­­թիւննե­­րը, կը գի­­տակ­­ցի պատ­­մա­­­գիտու­­թեան ոլոր­­տի մէջ բա­­նաւոր պատ­­մութեան ներ­­կա­­­յացու­­ցած շատ կա­­րեւոր յատ­­կութեան։ Ինչպէս ծա­­նօթ է, դա­­սական ու­­ղիով աշ­­խա­­­տող պատ­­մա­­­բան­­ներ որ­­դեգրած են փաս­­տաթղթա­­պաշտ ու­­ղին։ Անոնց հա­­մար պա­­տահած պե­­տական պաշ­­տօ­­­նեայի գրած, ստո­­րագ­­րած ու կնքած թուղթի կտո­­րը խոր իմաստ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ, իսկ որե­­ւէ պաշ­­տօն կամ կո­­չում չու­­նե­­­ցող սո­­վորա­­կան մար­­դու վկա­­յու­­թիւնը կամ յի­­շողու­­թեան փո­­խան­­ցումը, ոչինչ։

Եր­­ջանկու­­թեամբ կրնանք ըսել որ ան­­ցած է այդ մգլո­­տած պատ­­մա­­­գիտու­­թեան շրջա­­նը եւ այ­­սօր ըն­­կե­­­րու­­թիւնը շատ աւե­­լի ու­­շա­­­դիր է բա­­նաւոր պատ­­մութեան ներ­­կա­­­յացու­­ցած գի­­տելիք­­նե­­­րուն հան­­դէպ։ Այս դրու­­թեան մէջ պատ­­մա­­­բանին կը մնայ այդ ան­­հա­­­տական պա­­տու­­մի բաց­­թո­­­ղումնե­­րը յայտնա­­բերե­­լով փո­­խան­­ցուածը վե­­րածել պատ­­մա­­­կան ճշմար­­տութեան։ Կամ ալ հա­­կասու­­թիւննե­­րը մատ­­նա­­­ցոյց ընե­­լով զգու­­շա­­­նալ հա­­ւանա­­կան սխալ­­նե­­­րէ։ Ի վեր­­ջոյ այս պա­­տումնե­­րէն ներշնչուած վի­­պագիր­­ներ, դա­­տերա­­գիր­­ներ, շար­­ժանկա­­րի բե­­մադ­­րիչներ շատ աւե­­լի մեծ զան­­գուած­­նե­­­րու պի­­տի մա­­տու­­ցեն այս սո­­վորա­­կան մարդկանց ապ­­րումնե­­րը, որոնք ար­­ժա­­­նի են ու­­րիշնե­­րու կող­­մէ լսե­­լի դառ­­նա­­­լու։

Ցա­­ւալի է այն իրո­­ղու­­թիւնը որ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին տի­­րող վախ ու սար­­սա­­­փը շատ ան­­գամ կը կղպէ այդ պա­­տումնե­­րը հա­­ղոր­­թե­­­լու կա­­րողու­­թիւն ու­­նե­­­ցող­­նե­­­րու շուրթնե­­րը։ Մար­­դիկ անտրա­­մաբա­­նական ու ան­­հասկնա­­լի զգու­­շութեամբ կը խու­­սա­­­փին իրենց ապ­­րա­­­ծը կամ գիտ­­ցա­­­ծը փո­­խան­­ցե­­­լէ։ Մէ­­կը կը խօ­­սի այդ ըսած­­նե­­­րը յետ մա­­հու հրա­­պարա­­կելու պայ­­մա­­­նաւ։ Ու­­րիշ մը մտա­­հոգ է իր մա­­հէն ետ­­քի ժա­­մանակ­­նե­­­րուն հա­­մար ալ։ Մի ու­­րի­­­շը բա­­ցի իր­­մէ, կը տան­­ջուի նաեւ իր հա­­րազատ­­նե­­­րուն մատ­­նուելիք դժուարու­­թիւննե­­րը նկա­­տի ու­­նե­­­նալով։ Ու­­րեմն կ՚ար­­ժէ գիտ­­նալ թէ վե­­րեւ նշուած 30 պատ­­միչնե­­րը շատ աւե­­լի բազ­­մա­­­թիւ վե­­րապ­­րողնե­­րէն մա­­ղուած են։ Ափ­­սոս է որ հա­­մամարդկա­­յին առու­­մով կո­­րուստ մըն է այս լռու­­թիւնը, որուն ձայն տա­­լու հա­­մար կը պայ­­քա­­­րին Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի բա­­նաւոր պատ­­մութեան նա­­խագ­­ծի հա­­մակար­­գողնե­­րը՝ Էմի­­նէ Գո­­լիվար, Ֆեր­­տա Պա­­լան­­ճար եւ Գա­րուն Էօզ­չէլիք։ 

Իզմիթի Հայերը Կը Խօսին
Խմբագիր՝
Ֆերտա Պալանճար

Հրատարակութիւն՝
Հրանդ Տինք Հիմնարկ

Իսթանպուլ, 2015   

233 էջ