Վերապրողի մը յուշերը

մահիր էօզքան

Գիր­քի խմբա­­գիրը Ռոպէր Քոփթաշ վե­­րապ­­րող կը կո­­չէ այս ցնցիչ յու­­շագրու­­թեան հե­­րոսը։ Հար­­ցը միայն ակա­­նատես եղած­­նե­­­րուն պատ­­ճա­­­ռած ցնցու­­մը չէ, այլ պատ­­մե­­­լաոճի պար­­զունա­­կու­­թիւնը։ Հե­­ղինա­­կը այս պա­­տումնե­­րը գրա­­կան ոճով մը փո­­խան­­ցե­­­լը կը թո­­ղու Ուիկ­­թոր Հու­­կո­­­յի, Ալէք­­սանդր Տու­­մա­­­յի նման վի­­պագիր­­նե­­­րու։ Ինք կը բա­­ւարա­­րուի տե­­սած ապ­­րածնե­­րը գրի առ­­նե­­­լով։ Հա­­մոզուած է որ ներ­­կայ ժա­­մանակ­­նե­­­րուն տա­­րեց մար­­դու մը այս տե­­սակի յու­­շե­­­րը հե­­տաքրքրա­­կան չեն ոչ ոքի հա­­մար։ Նոյ­­նիսկ ամե­­նամօ­­տերը պի­­տի չու­­զեն կար­­դալ եւ իրա­­ւացի են։ «Մար­­դիկ ող­­ջե­­­րուն հո­­գերով իսկ զբա­­ղելու ժա­­մանակ չու­­նին։ Ուր մնաց որ մե­­ռած գա­­ցածի մը գրա­­ռումներ ըն­­թերցեն։ Մնաց որ այս վի­­ճակը մեղք ալ չի հա­­մարուիր»։ Այս նա­­խադա­­սու­­թիւննե­­րը կար­­դա­­­լով կը զգամ որ կեան­­քի ու մար­­դու մա­­սին հիմ­­նա­­­կան վեր­­լուծումնե­­րը ըրած աւար­­տած եւ իրո­­ղու­­թեան հետ հա­­մերաշխ մէ­­կու հետ դէմ­­յանդի­­ման կը գտնուիմ։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւննե­­րու կամ կո­­տորած­­նե­­­րու մա­­սին պատ­­մութիւննե­­րը առօ­­րեայ ան­­ցուդար­­ձե­­­րու մէջ չա­­փազան­­ցութիւն մը կը ներ­­կա­­­յաց­­նեն։ Այդ գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը կա­­տարող­­նե­­­րը հետզհե­­տէ առար­­կա­­­յի մը կը վե­­րածուին։ Վտան­­գա­­­ւոր է այս զար­­գա­­­ցու­­մը։ Սպա­­նուե­­լու կամ սպան­­նե­­­լու երե­­ւոյթնե­­րը այնքան յա­­ճախա­­կի կը դառ­­նան որ հետզհե­­տէ զգա­­ցակա­­նու­­թիւնը կը կորսնցնեն։

Այս գիր­­քին մէջ Աբրահամ Քա­­սապեանի կեր­­պա­­­րով մենք կը հե­­տեւինք 1902-էն մին­­չեւ այս գիր­­քի գրուած 1969 թուականին եր­­կա­­­րող մարդկա­­յին ապ­­րումներ։ Քի­­լիսի գա­­ւառա­­պետ Ալի Իհ­­սա­­­նի ջան­­քե­­­րով մա­­հէ կը փրկուին։ Կարգ մը ազ­­գա­­­կան­­նե­­­րու օգ­­նութեան առա­­ջարկնե­­րը կը մեր­­ժեն, պար­­զա­­­պէս իրենց ապա­­գայի նկատ­­մամբ վստա­­հու­­թիւն չու­­նե­­­նալ­­նուն բեր­­մամբ։ Կը հան­­դի­­­պինք տա­­րագ­­րութեան օրե­­րուն գիւ­­ղե­­­րէն գնած­­նե­­­րը ճամ­­բա­­­րի թա­­փառո­­ղաց վա­­ճառող­­նե­­­րուն։ Կը հան­­դի­­­պինք մու­­րացկան­­նե­­­րուն կամ ալ մու­­րա­­­լը իր կամ­­քին հա­­կառակ հա­­մարող­­նե­­­րուն։ Կա­­շառա­­կեր­­նե­­­րուն կը հան­­դի­­­պինք, կամ ու­­նե­­­ցած փո­­ղին շնոր­­հիւ կեն­­դա­­­նի մնա­­ցող­­նե­­­րուն։ Այդ պայ­­մաննե­­րուն մէջ շա­­տեր հա­­մոզուած են որ մա­­հը փրկու­­թիւն է։ Այդ պատ­­ճա­­­ռով ալ չեն ցա­­ւիր մա­­հացո­­ղին ետե­­ւէն։ Վեր­­ջա­­­պէս ան մա­­հանա­­լով դուրս մնա­­ցած է այս դա­­ժան ար­­հա­­­ւիր­­քէն։

Մա­­հը յաղ­­թա­­­հարե­­լէ ետք ապ­­րածներն ալ դա­­ժան են Քա­­սապեանին։ Հոս դար­­ձեալ կը տես­­նենք կեան­­քի կառ­­չե­­­լու, կեան­­քը վերստին կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լու գեր­­մարդկա­­յին ջան­­քի պատ­­կերներ։ Կը փոր­­ձէ ար­­հեստ սոր­­վիլ։ Աշ­­խա­­­տելու հա­­մար Ֆրան­­սա կ՚եր­­թայ։ Մի­­ջոց մը ետք կը վե­­րադառ­­նայ հոն մնա­­ցած ըն­­կերնե­­րուն քննա­­դատու­­թեան ար­­ժա­­­նանա­­լով։ Բայց աւե­­լի ետք անոնք ալ պի­­տի հա­­մոզուին ետ­­դարձի գա­­ղափա­­րին։ Զա­­նազան գոր­­ծե­­­րու կը դի­­մէ, գոր­­ծընկեր­­ներ կ՚ու­­նե­­­նայ եւ յե­­տոյ նոր մէ­­կը եւ նոր մէ­­կը…։ Ճիշդ յա­­ջողու­­թիւնը ձեռքբե­­րած պա­­հուն կը մատ­­նուի ձա­­խողու­­թեան, բայց կրկին կը գտնէ վե­­րականգնե­­լու եղա­­նակը։ Քա­­սապեանի յու­­շագրու­­թիւնը կար­­դա­­­լով կը վեր­­յի­­­շեմ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին կարգ մը իրո­­ղու­­թիւննե­­րը։ Օրի­­նակի հա­­մար Պատ­­մութեան պաշ­­տօ­­­նական տե­­սու­­թիւնը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը կ՚ար­­դա­­­րաց­­նէ Ա. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին Պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն արե­­ւելեան նա­­հանգնե­­րուն հա­­յոց ապստամ­­բութեան պատ­­ճա­­­ռելիք վտանգնե­­րով։ Մինչդեռ Քա­­սապեան­­նե­­­րու ըն­­տա­­­նիքը այդ ժա­­մանակ կը բնա­­կէր հա­­յաշատ Ռո­­տոս­­թօ քա­­ղաքին մէջ։ Քա­­ղաք մը՝ ուր ար­­դէն բա­­ւակա­­նին հե­­ռու է ռու­­սա­­­կան ճա­­կատէն, բայց այդ քա­­ղաքի բնա­­կիչ­­ներն ալ կ՚են­­թարկուին անխնայ տա­­րագ­­րութեան։ Կ՚աք­­սո­­­րուին Ռո­­տոս­­թո-Իս­­թանպուլ-Նի­­քօմի­­տիա-Պի­­լէճիք-Քո­­նիա-Փո­­զան­­թը-Դար­­սոս-Օս­­մա­­­նիէ-Իս­­լա­­­հիէ-Ազի­­զիէ եւ Քի­­լիսի ճամ­­բով։ Այս ուղղու­­թիւնը իսկ կը փաս­­տէ թէ ան­­հիմն է պե­­տու­­թեան որ­­դեգրած բա­­ցատ­­րութիւ­­նը։ Նպա­­տակը ու­­րիշ եղած է։ Նաեւ կը յի­­շեմ թէ Թուրքիոյ հան­­րա­­­պետու­­թեան պատ­­մութեան ըն­­թացքին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գոր­­ծօ­­­նը շա­­րու­­նա­­­կուած է տար­­բեր երե­­ւոյթնե­­րով։ 20 դա­­սակար­­գի զի­­նուո­­րահա­­ւաքը, ու­­նե­­­ւորու­­թեան տուրքը, 6-7 Սեպ­­տեմբե­­րի աւա­­զակու­­թիւնը միշտ նոյն նպա­­տակին ուղղուած են։ Ին­­չու չէ իմ սե­­փական կեան­­քի մէջ ալ կը հան­­դի­­­պիմ այս բո­­լորը յի­­շեց­­նող եղե­­լու­­թիւննե­­րու։ Մայրս՝ որ համ­­շէնցի մահ­­մե­­­տական մըն էր, մեր ծագ­­ման մա­­սին յա­­մառ հար­­ցումնե­­րուս դի­­մաց ի վեր­­ջոյ կ՚ըսէր «Գէ­­նայ էմէն տաղ Էր­­մէ­­­նի իմ ասա ու քե­­զի կետ­­րին» (Գնայ ամէն տեղ հայ եմ ըսէ, որ քեզ կտրեն)։ Մօրս այս խօս­­քը կ՚ապա­­ցու­­ցէ Քա­­սապեանի յու­­շագրու­­թեան մին­­չեւ օրս գաղտնի մնա­­լուն պատ­­ճառն ալ։ Այժմ կ՚ապ­­րինք ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան մա­­սին որոշ նիւ­­թե­­­րու հետզհե­­տէ ար­­տա­­­յայ­­տուելու շրջա­­նը։ Թե­­րեւս ալ այդ շրջա­­նի հե­­տեւանքն է որ վե­­րահա­­սու եղանք Քա­­սապեանի յու­­շագրու­­թեան։ Բայց նո­­րէն ալ երկրին մէկ երե­­սը կը բո­­ցավա­­ռուի, իսկ միւս երե­­սին մէջ ան­­փոյթու­­թիւնը կը տի­­րէ։ Յոյ­­սը կա­­պած ենք ինքնա­­խաբէու­­թեան մը հա­­մոզուելով, թէ այս բա­­ները ան­­գամ մըն ալ չեն պա­­տահիր։ Մինչդեռ պա­­տահելն ու չպա­­տահե­­լը կա­­խեալ է մեր կամ­­քէն։

Քա­­սապեանի ման­­կութեան վե­­րաբե­­րեալ առա­­ջին յի­­շածն է 1908 թուակա­­նի Ազա­­տութեան Օրը։ Իսկ գիր­­քը կ՚աւար­­տէ «շատ լաւ գի­­տեմ որ ոչ ոք պի­­տի կար­­դայ այս տո­­ղերը» նա­­խադա­­սու­­թիւնով։ Քա­­նի որ սկսած ենք «ոչ ոք պի­­տի կար­­դայ» ըսուած տո­­ղերը կար­­դա­­­լու, ու­­րեմն ժա­­մանակն ալ եկած է Ազա­­տութեան Օրե­­րը դէ­­պի ապա­­գայ փո­­խանցելու։     

Քանի՞ հոգի էք Պօղոս Էֆէնտի՝ 1902-1969
Հայու մը յուշատետրը Աբրահամ Քա­­սապեան
Արաս Հրատարակչատուն
Թարգմանութիւն՝ Էօժէնի Հէօլլիւքսէվէր
Իսթանպուլ, 2015  
128 էջ