Գրականութիւն կորուսեալ հայրենիքի մասին

բագրատ էսդուգեան

Հայոց մօտ անցեալի պատմութեան վե­րաբե­րեալ հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կուին մեծ թա­­փով։ Նա­­խորդ տա­­րուայ մէջ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան հա­­րիւ­­րա­­­մեակի առ­­թիւ բազ­­մա­­­թիւ հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­ներ յա­­տուկ ծրա­­գիր մշա­­կած եւ տա­­րուայ տե­­ւողու­­թեամբ զա­­նազան նոր գիր­­քե­­­րով ճո­­խացու­­ցած էին հայ­­կա­­­կան խնդի­­րի ձօ­­նուած մա­­տենա­­շարը։ Անոնց մէջ եր­­բեմն կը ներ­­կա­­­յանա­­յին Ռայ­­մոն Գէոր­­գ-

եանի «Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը»ի նման կո­­թողա­­յին նշա­­նակու­­թիւն ու­­նե­­­ցող ու­­սումնա­­սիրու­­թիւններ։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի 2016 թո­­ւակա­­նին ալ կը շա­­րու­­նա­­­կուի նոյն թա­­փը եւ իրա­­րու ետե­­ւէն գրա­­խանութնե­­րու մէջ կը յայտնո­­ւին տար­­բեր բնոյ­­թի նոր գիր­­քեր։

Ռա­­կըպ Զա­­րաքո­­լուի «Պել­­կէ» եւ հայ­­կա­­­կան հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը եղող «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­ները այս մա­­սին ամե­­նաբե­­ղուն ար­­տադրու­­թիւններ կա­­տարող­­ներ են։ Յատ­­կա­­­պէս «Արաս» Ռո­­պէր Քոփ­­թա­­­շի գլխա­­ւոր խմբագ­­րի պաշ­­տօ­­­նակո­­չու­­մէն ետք ալ աւե­­լի թափ տո­­ւած է նոր գիր­­քե­­­րու հրա­­տարա­­կու­­թեան։

Մա­­րեան հա­­րիւր տա­­րուայ հե­­ռան­­կա­­­րով

Այս տե­­սակի թարմ օրի­­նակ մըն է Մի­­շէլ Մա­­րեանի «Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւնը» ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը։ «Քա­­ղաքա­­կանու­­թեան մէջ ար­­դա­­­րու­­թեան, պատ­­մութեան մէջ բա­­րոյա­­կանին բա­­ժին տալ» են­­թա­­­խորա­­գիրը կու գայ սրբագ­­րե­­­լու ընդհա­­նուր խո­­րագ­­րին պատ­­ճա­­­ռած սխալ ըն­­կա­­­լու­­մը։ Ար­­դա­­­րեւ Մա­­րեան, իր այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ ոչ թէ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան գոր­­ծադրու­­թեան պատ­­կերներ կը նկա­­րագ­­րէ, այլ կը վեր­­լուծէ այս մեծ ոճի­­րին պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւննե­­րը։ Կրնանք ըսել որ հա­­րիւր տա­­րուայ հե­­ռաւո­­րու­­թե­­­նէ մը նա­­յելով կը մեկ­­նա­­­բանէ հա­­յոց, թուրքե­­րու եւ եւ­­րո­­­պացի­­ներու դե­­րակա­­տարու­­թիւնը ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան խնդրին մէջ։ Հե­­ղինա­­կը կը փոր­­ձէ ըն­­թերցո­­ղին ծա­­նօթաց­­նել եւ­­րո­­­պական կրթու­­թիւնով օժ­­տո­­­ւած Երիտ­­թուրքե­­րու 1908-ի յե­­ղափո­­խու­­թե­­­նէն ետք կա­­տարած բար­­բա­­­րոսու­­թիւնը եւ որ­­դեգրած ցե­­ղապաշտ գա­­ղափա­­րախօ­­սու­­թիւնը։ Իմաս­­տա­­­լից զու­­գա­­­հեռ­­ներ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ եր­­կու հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազմնե­­րու մի­­ջեւ։ Կը հաս­­տա­­­տէ թէ երկրոր­­դին ծագ­­ման պատ­­ճառնե­­րը ար­­դէն տե­­սանե­­լի էին առա­­ջինին աւարտման մի­­ջոցին տե­­ղի տո­­ւած ալե­­կոծու­­մին մէջ։ Եւ երկրորդ պա­­տերազ­­մի աւար­­տին, 1945 թո­­ւին Շա­­ւարշ Մի­­սաքեանի «Յա­­ռաջ»ի յօ­­դուած­­նե­­­րէն սկսեալ կը քննար­­կէ հա­­յոց մշա­­կած քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը։

Մի­­շէլ Մա­­րեան 160 էջե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ յա­­տուկ են­­թա­­­խորագ­­րի մը ներ­­քեւ կը քննար­­կէ նաեւ Հրանդ Տին­­քի սպան­­նութիւ­­նը, իբ­­րեւ Փան­­տորրա­­յի տուփ, որ­­մէ դուրս եկած հսկայ իրո­­ղու­­թիւն մըն է իս­­լա­­­մացո­­ւած հա­­յերու խնդի­­րը։ Այս խնդի­­րը ամ­­բողջ հա­­յու­­թեան հա­­մար շատ կա­­րեւոր երե­­ւոյթ մը կը դառ­­նայ երբ այս վեր­­ջիններս կ՚ու­­զեն վե­­րադառ­­նալ իրենց նախ­­նեաց ազ­­գա­­­յին եւ կրօ­­նական ինքնու­­թեան։

Ինչպէս այս հա­­մառօտ ծա­­նօթագ­ը­րութիւնն ալ կը վկա­­յէ, Մա­­րեանի գիր­­քը ու­­նի այժմու խնդիր­­նե­­­րու մա­­սին հա­­րուստ շեշ­­տադրումներ որոնք խիստ կա­­րեւոր կը դարձնեն այս հրա­­տարա­­կու­­թիւնը։

Կո­­րու­­սեալ Հայ­­րե­­­նիք

Սո­­վորա­­բար բնօր­­րա­­­նի ու­­ղեալ գրա­­կանու­­թիւնը կը հիւ­­սո­­­ւի տո­­ւեալ տա­­րած­­քի բնա­­կիչի հայ­­րե­­­նաբաղ­­ցա­­­կան հո­­գեբա­­նու­­թ-եամբ։ Սար­­գիս Ոս­­կե­­­րիչեանի «Մեր Բաբերդցին»  այդ տե­­սակի օրի­­նակ մըն է, որուն պի­­տի անդրա­­դառ­­նանք աւե­­լի ետք։  Այժմ կը խօ­­սինք Յով­­սէփ Հայ­­րե­­­նիի հե­­ղինա­­կած «Վե­­րին Եփ­­րա­­­տի Հա­­յերը, 1915 եւ Տէր­­սիմ» ծա­­ւալուն ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մա­­սին։ Ահա­­ւասիկ այստեղ կը շե­­ղինք վե­­րոյի­­շեալ ընդհան­­րա­­­ցու­­մէն, քա­­նի որ հե­­ղինա­­կը՝ Յով­­սէփ Հայ­­րե­­­նի ծա­­գու­­մով տէր­­սիմցի մը չէ։ Ան բա­­զում իւ­­րա­­­յատ­­կութիւններ ու­­նե­­­ցող այս վայ­­րի նկատ­­մամբ հե­­տաքրքրու­­թիւն տա­­ծած է պար­­զա­­­պէս Տէր­­սի­­­մի ներ­­կայ հայ իրո­­ղու­­թեան մէջ պար­­զած եզա­­կի նշա­­նակու­­թիւննե­­րու բեր­­մամբ։ Չա­­փազան­­ցած չենք ըլ­­լար եթէ ըսենք թէ նոյ­­նիսկ Տէր­­սիմ տե­­ղանու­­նը շատ բան չէր նշա­­նակեր սո­­վորա­­կան հայ ան­­հա­­­տի հա­­մար։ Մինչդեռ այն շրջա­­պատո­­ւած է, նոյ­­նիսկ տեղ առ տեղ մաս կը կազ­­մէ հա­­յոց պատ­­մա­­­կան բազ­­մա­­­թիւ քա­­ղաք­­նե­­­րու, ինչպի­­սիք են Տիվ­­րի­­­ղի, Արաբ­­կիր, Խար­­բերդ, Երզնկայ, Չմշկա­­ծաք, Ակն եւլ։ Այս բաց­­թո­­­ղու­­մը Սար­­գիս Սե­­րով­­բեան կը բա­­ցատ­­րէր «Տէր­­սիմ պատ­­մութեան ոեւէ շրջա­­նին մաս չէ կազ­­մած Արեւմտեան Հա­­յաս­­տա­­­նին» հաս­­տա­­­տու­­մով։ Ան կ՚ընդգծէր այս լեռ­­նաշխար­­հի ժո­­ղովուրդին ինքնիշ­­խան վար­­քը։ «Կա­­րելի չէ եղած տէր­­սիմցին հպա­­տակաց­­նել որե­­ւէ իշ­­խա­­­նու­­թեան։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ տե­­ղացին իր բնօր­­րա­­­նը կ՚իւ­­րացնէ իբ­­րեւ ինքնու­­թիւն։ Ան հայ, քիւրտ, ալէ­­վի, ղը­­զըլ­­պաշ, քրիս­­տո­­­նեայ կամ իս­­լամ չէ՝ այլ տէր­­սիմցի» կը պատ­­մէր Սե­­րով­­բեան, աւելցնե­­լով թէ վե­­րեւ նշո­­ւած­­նե­­­րու մէկ մասն ալ կու գան այդ ինքնու­­թեան վրայ աւել­­նա­­­լու։ Ու­­րեմն այս երե­­ւոյթն ալ կրնայ ապա­­ցու­­ցել որ ին­­չո՞ւ հա­­մար տէր­­սիմցին ան­­տե­­­սուած է ու­­րիշնե­­րու կող­­մէ։ Ոչ քրիս­­տո­­­նեաներ, ոչ իս­­լամներ, ոչ հա­­յեր եւ ոչ ալ քիւրտեր իրենց հա­­րազատ դա­­տած են տէր­­սիմցին։ Փո­­խադար­­ձա­­­բար տէր­­սիմցին ալ խնդիր ու­­նի այս բո­­լորին հետ։ Օրի­­նակի հա­­մար ան հայ քրիս­­տո­­­նեան կը մե­­ղադ­­րէ հե­­թանոս հա­­ւատ­­քի մե­­ծագոյն սրբու­­հին՝ Անա­­հիտը ուրա­­­նալուն հա­­մար։ «Դուք հա­­յերուդ սրբապղծու­­թիւնը ան­­նե­­­րելի է, Անա­­հիտի մե­­հեանը կոր­­ծա­­­նեցիք ու տե­­ղը եկե­­ղեցի կա­­ռու­­ցե­­­ցիք» կ՚ընդվզի տէր­­սիմցի ալե­­ւին Գէորգ Հա­­լաճեանի գիր­­քին մէջ։ Հին սրբու­­թիւննե­­րու կող­­քին բնու­­թա­­­պաշ­­տութիւնն ալ իր ամե­­նավառ դրսե­­ւորումնե­­րով կը շա­­րու­­նա­­­կուի այս առեղ­­ծո­­­ւածա­­յին երկրին մէջ։ Իս­­լա­­­մի, մա­­նաւանդ ալ սիւննիադա­­ւան իս­­լա­­­մի դէմ դշնա­­մու­­թիւնը բա­­ցի կրօ­­նական պատ­­մութիւ­­նով ժա­­ռան­­գո­­­ւածը, ալ աւե­­լի կը սաստկա­­նայ Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թեան շրջա­­նին գոր­­ծադրո­­ւած զան­­գո­­­ւածա­­յին սպանդնե­­րու բեր­­մամբ։

Սա­­կայն Յով­­սէփ Հայ­­րե­­­նիի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը իր ծա­­ւալով շատ աւե­­լի ար­­մա­­­տական բնոյթ ու­­նի։ Ան իր պա­­տումնե­­րուն կը սկսի Ար­­շա­­­կու­­նի­­­ներու հարստու­­թեան ժա­­մանակ­­նե­­­րէն եւ տա­­րած­­քաշրջա­­նի ապ­­րած բո­­լոր գլխա­­ւոր վե­­րիվայ­­րումնե­­րու անդրա­­դառ­­նա­­­լով կը հաս­­նի 1895, 1908, 1909, 1915 եւ վեր­­ջա­­­պէս 1938 թո­­ւական­­նե­­­րուն։ Այս գրա­­րումնե­­րով մերթ ալ աւե­­լի կը շեշ­­տո­­­ւին, մերթ ալ ի հի­­մանէ կը կոր­­ծա­­­նին բազ­­մա­­­թիւ առաս­­պելներ։ Ի վեր­­ջոյ ալե­­ւի ղը­­զըլ­­պաշ պատ­­մակրօ­­նական մշա­­կոյ­­թը զուրկ ըլ­­լա­­­լով գրա­­կան աւան­­դութիւ­­նէ, բազ­­մա­­­դարեան ամ­­բողջ պատ­­մութիւն մը մին­­ջեւ օրս փո­­խան­­ձո­­­ւած է բա­­նաւոր աւան­­դութեան մի­­ջոցաւ։ Հայ­­րե­­­նի մա­­նաւանդ վեր­­ջին հա­­րիւր տա­­րինե­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րու բաղ­­դա­­­տական քննար­­կումով կը հաս­­նի իր եզ­­րա­­­կացու­­թիւննե­­րուն։  Եզ­­րա­­­կացու­­թիւններ՝ որոնք ապա­­գային պի­­տի դի­­տուին իբ­­րեւ փաս­­տա­­­ցի աղ­­բիւր եւ որոնց վրայ պի­­տի գայ աւել­­նա­­­լու նո­­րանոր աշ­­խա­­­տու­­թիւններ։

Յով­­սէփ Հայ­­րե­­­նիի ու­­սումնա­­սիրու­­թիւնը շատ կա­­րեւոր պա­­կաս մը կը լրաց­­նէ եւ այս հան­­գա­­­ման­­քով ալ ար­­ժա­­­նի է շու­­տա­­­բոյթ կեր­­պով հա­­յերէ­­նի թարգմա­­նուե­­լու։ Կը տես­­նենք թէ հա­­սած ենք այնպի­­սի ժա­­մանակ­­նե­­­րու, ուր հա­­յոց պատ­­մութեան մէջ խո­­րանա­­լու հա­­մար բա­­ցի արա­­բատառ օս­­մա­­­ներէն բազ­­մա­­­թիւ փաս­­տա­­­թուղթե­­րէ, անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը կ՚ապ­­րինք ար­­դի թրքե­­րէնէ կա­­տարո­­ւելիք թարգմա­­նու­­թիւննե­­րուն։

Տա­­սը տա­­րինե­­րու յա­­մառ աշ­­խա­­­տու­­թիւնով լոյս տե­­սած այս հա­­յապա­­տու­­մը տա­­կաւին չէ հա­­սած իր աւար­­տին։ Այնտեղ տա­­կաւին անդրա­­դարձ մը չէ կա­­տարո­­ւած Ար­­մե­­­նակ Պա­­քըր­­ճեանի, տէր­­սիմցիի հա­­րազատ հե­­րոս Օր­­հան Պա­­քըրի։

Մեր Բա­­բեր­­դը

Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի մէջ 1956-ին «Հայ­­պետհրատ»ի մա­­տենա­­շարէն լոյս տե­­սած Բա­­բեր­­դի յու­­շագրու­­թիւնը այս առա­­ջին հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն շուրջ 60 տա­­րի ետք Ժիլ­­տա Արաք­­սի Էօզույկու­­նի թարգմա­­նու­­թ-
եամբ կը մա­­տու­­ցո­­­ւի թրքա­­խօս ըն­­թերցո­­ղի ու­­շադրու­­թեան։

Սար­­գիս Ոս­­կե­­­րիչեան հա­­ւատա­­րիմ կը մնայ հայ գրա­­կանու­­թեան մէջ նման բնոյ­­թի պատ­­մե­­­լաոճին։ Նախ հա­­մառօտ կը նկա­­րագ­­րէ հայ­­րե­­­նի երկրի, Բա­­բեր­­դի պատ­­մութիւ­­նը ու աշ­­խարհագ­­րութիւ­­նը։ Ապա կը խօ­­սի հան­­րա­­­ծանօթ դէմ­­քե­­­րու եւ ըն­­տա­­­նիք­­նե­­­րու մա­­սին։ Վեր­­ջա­­­պէս գիր­­քին ամե­­նատը­­խուր էջե­­րը կը կազ­­մեն բնօր­­րա­­­նէ հե­­ռանա­­լու տե­­սարան­­նե­­­րը։ Ի վեր­­ջոյ ըն­­թերցո­­ղը պի­­տի անդրա­­դառ­­նայ թէ այստեղ մար­­դը պո­­կուե­­լով իր ծննդա­­վայ­­րէն, ար­­մա­­­տախիլ կ՚ըլ­­լայ։ Կը կորսնցնէ այն հա­­րազատ հո­­ղը, որուն վրայ ու­­նի բազ­­մա­­­դարեան ան­­ցեալ եւ կեր­­տած է հա­­րուստ մշա­­կոյթ։ Նոյ­­նիսկ որ յա­­ջողի կեան­­քը փրկել, պի­­տի չյա­­ջողի թա­­փարած օտար ափե­­րուն վրայ այդ մշա­­կոյ­­թին յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ապա­­հովել։ Այդ է պատ­­ճա­­­ռը որ Բա­­բեր­­դը միայն քա­­ղաք, տուն, արտ կամ պար­­տէզ չէ։ Այս բո­­լորին կա­­րելի է տի­­րանալ աշ­­խարհի ոեւէ մէկ ան­­կիւնին։ Բայց երբ կոր­­սո­­­ւածը հայ­­րե­­­նիք է, ահա այդ մէ­­կը փո­­խարի­­նող հա­­մապա­­տաս­­խան ոչ մէկ բան կայ այս աշ­­խարհի վրայ։ Այդ պա­­հուն շատ բնա­­կան է, որ օտա­­րի հա­­մար նշա­­նակու­­թիւն չու­­նե­­­ցող տա­­րածքնե­­րը իր հա­­րազատ բնակ­­չին դրախտ կը թո­­ւին։ Դրախտ՝ որ ան­­փո­­­խարի­­նելի է եւ ան­­մո­­­ռանա­­լի։ 

Եւ աւե­­լին, աւե­­լին

Նշե­­լու ար­­ժա­­­նի եր­­կու գիր­­քեր եւս կան մեր ձեռ­­քին մէջ, որոնց ման­­րա­­­մաս­­նութիւ­­նը պի­­տի թո­­ղունք «Գի­­թափ/Գիրք» յա­­ւելո­­ւածի Փետ­­րո­­­ւարի հա­­մարին։ Այ­­սօր գո­­հանանք նշե­­լով որ անոնցմէ առա­­ջինը գրի առ­­նո­­­ւած է Լէ­­վէնթ Տու­­մա­­­նի կող­­մէ եւ կը պատ­­մէ Ալէք­­սանտրէթ եւ Ան­­տիոք քա­­ղաք­­նե­­­րը նե­­րառ­­նող Հա­­թայ նա­­հան­­գի ֆրան­­սա­­­ցինե­­րու ձե­­ռամբ Թուրքիոյ մա­­տու­­ցումը։ Հա­­յոց դէմ ֆրան­­սա­­­կան այս վեր­­ջին դա­­ւադ­­րութիւ­­նը վեր­­ջա­­­կէտը եղաւ նաեւ Կի­­լիկիոյ հա­­յու­­թ-
եան վեր­­ջին մնա­­ցոր­­դա­­­ցին ալ հայ­­րե­­­նազրկու­­թեան։ «Իլէ­­թիշիմ» հրա­­տարա­­կու­­թ-
եան այս նոր գիր­­քին մա­­սին Էմ­­րէ Ճան Տաղ­­լըօղ­­լու «Ակօս»ի թրքե­­րէն էջե­­րուն մէջ ստո­­րագ­­րած է բո­­վան­­դա­­­կալից գրա­­խօսա­­կան մը։

Երկրորդ գիր­­քը՝ որուն ծա­­նօթագ­­րութիւ­­նը կը թո­­ղունք յա­­ջորդ հա­­մարին, կը պատ­­կա­­­նի Քա­զըմ Կիւնտո­ղանի, որ նիւթ կ՚ու­նե­նայ Տէր­սիմ, Հալվորիի Սուրբ Կարապետ Վանքի քահանային եւ իր ընտանիքի բեկորներուն պատմութիւնը։