Հայրենիքը փնտռող շրջիկը

պէրք ճանքուրդ

«Հայրե­նիքս փնտռե­լու կ՚եր­թամ։ 70 տա­րուայ հե­ռացու­մէ ետք ճամ­բայ ելած ուխտա­ւոր մըն եմ։ 1906 թուին, Ապ­տիւլհա­միտի իշ­խա­նութեան տա­րինե­րուն բարձր լեռ­նե­րով, պու­րակնե­րով, ար­տե­րով շրջեզ­րուած Խո­տոր­ջուր գիւ­ղը ծնած եմ»։

Ման­կութիւ­նը 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան զու­գա­դիպող Ռա­ֆաէլ Ճա­նիկեան ինքնա­կեն­սագրու­թեան կը սկսի այս տո­ղերով։ Իբ­րեւ եղեռ­նա­զոհ սե­րունդի մը զա­ւակ, 1915-էն մին­չեւ 1919-ին Իս­թանպուլ հաս­նի­լը ան կը ճա­շակէ որ­բութեան, հա­րազատ­նե­րու կո­րուստին դառն փոր­ձութիւ­նը։ Այդ բո­լորը կը նկա­րագ­րէ ակա­նատե­սի ան­մի­ջակա­նու­թեամբ։ Կը խու­սա­փի զար­տուղի պա­տումնե­րէ։ Պատ­մա­բանի մը նման ան­պա­ճուճ ոճ մը ու­նի։ Այդ չորս տա­րինե­րու ըն­թացքին կեան­քը փրկե­լու հա­մար անու­նը եւ կրօ­նը փո­խած բազ­մա­թիւ հա­յերու ճա­կատա­գիրը կը բաժ­նէ։ Ման­կութիւ­նը եւ վաղ երի­տասար­դութիւ­նը կ՚անցնի զրկանքնե­րու, տան­ջանքնե­րու, ար­հա­մար­հանքնե­րու եւ նա­խատինքնե­րու մէջ։ Սա­կայն հա­ւատա­րիմ կը մնայ հօ­րը պա­տուէ­րին եւ ի դէմ բո­լոր չա­րիք­նե­րուն իր մէջ կը պա­հէ նե­րելու վե­հու­թիւնը։ Մար­դա­սիրու­թեան հա­մազօր յար­գանք ու­նի բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րու նկատ­մամբ։ Մենք իր այդ յատ­կութիւ­նը կը տես­նենք գիր­քին ամ­բողջու­թեան մէջ տա­րածուած բնու­թեան խնա­մեալ բնու­թագրումնե­րով։

«Խո­տոր­ջուրը» հրա­տարա­կու­թեան կը պատ­րաստէ Փիէտ­րօ Քիւ­չիւքեան։ Ան ձե­ռագի­րը կը բաժ­նէ երեք մա­սերու։ Առա­ջին բաժ­նին մէջ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ Իտա­լիա բնա­կելէ ետք կը պատ­մէ հե­ղինա­կին Թրիէս­տէի ճամ­բով նախ Եու­կոսլա­վիա, ապա Յու­նաստան եւ վեր­ջա­պէս Թուրքիա հաս­նե­լու ոդի­սակա­նը։ Ճա­նիկեան 60 տա­րուայ ընդհա­տու­մէ ետք եր­կիր վե­րադար­ձած է ըն­տա­նիքին գե­րեզ­մա­նը գտնե­լու հա­մար։ Այդ մի­ջոցին կը հան­դի­պինք բազ­մա­թիւ մարդկա­յին ող­բերգու­թիւննե­րու։ Ճամ­բու վրայ հան­դի­պած Եոզ­ղատցի հա­յու վիշ­տե­րով լե­ցուն ապ­րումնե­րը, Ճա­նիկեան­նե­րուն հա­մաքա­ղաքա­ցի կլա­յագործ Սէ­գօ Եէմիշ­ճեանի Եփ­րա­տի վրայ հա­րազատ­նե­րը կորսնցլեու դրուագը, -Պա­տուի խնդիր-ի հաշ­ւոյն զո­հուած Նա­նէի վիշ­տը… Ամէն մէ­կը յա­ւելեալ ծան­րութիւն մը կը բեռցնեն շա­րադ­րութեան։ Այդ բո­լորի վկա­յու­թիւնը պատ­կե­րացում մը կու տայ թէ դա­ժան պայ­մաննե­րու մէջ հա­յեր ինչպէս կրցան իրենց գո­յու­թիւնը շա­րու­նա­կել։

Երբ հե­ղինա­կի ճամ­բորդու­թիւնը կ՚աւար­տի Քի­սակ, ըն­տա­նիքին գե­րեզ­մա­նէն մնա­ցորդնե­րուն հաս­նե­լով, ըն­թերցողն ալ կը հաս­նի առա­ջին բաժ­նի աւար­տին։ Երկրորդ բաժ­նին 1915-ի Օգոս­տո­սին Խո­տոր­ջուրէն տա­րագ­րեալ­նե­րու 850 հո­գինոց խումբով կը բռնենք աք­սո­րի ճամ­բան։ Նե­րառեալ ճամ­բորդու­թեան դա­ժան պայ­մաննե­րը ամիս­նե­րու ըն­թացքին հա­րիւ­րա­ւոր զո­հեր տա­լով Ճա­նիկեան եւ իր հա­մաքա­ղաքա­ցինե­րը մա­հացու ճնշումնե­րու, բռնու­թեան եւ տան­ջանքնե­րու դէմ կը պայ­քա­րին։ Եր­րորդ եւ վեր­ջին բա­ժինը հայ­րը եւ գրե­թէ բո­լոր ազ­գա­կան­նե­րը կորսնցու­ցած Ռա­ֆաէլին գո­յապայ­քարն է։

Յե­տադարձ ակ­նարկնե­րով հիւ­սուած այս կեն­սագրու­թեան կ՚ըն­կե­րակ­ցին Ճա­նիկեանի ըն­տա­նեկան ար­խի­ւէն ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րինե­րուն լու­սանկար­նե­րը։ 1977-ի ետ­դարձին ինք եւս նկա­րած է բազ­մա­թիւ լու­սանկար­ներ։ Անոնցմէ մէ­կուն մէջ կը հան­դի­պինք Ճո­րոխ գե­տի ափին մա­զերը սափ­րուած մա­նու­կի մը, որ խիստ նմա­նու­թիւն ու­նի հե­ղինա­կին այդ տա­րինե­րու նկա­րին հետ։

Ճա­նիկեան իր պա­տումնե­րը հա­յերէ­նով գրա­ռած ու ապա իտա­լերէ­նի թարգմա­նելով հրա­տարա­կած է։ Ինքնա­կեն­սագրու­թեան իտա­լերէ­նը լոյս տե­սած է «Viaggio di un pellegrino alla ricerca della sua Patria» խո­րագի­րով։ Այստեղ յի­շուած «pellegrino» բա­ռը իտա­լերէ­նի մէջ եր­կու նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Թէ պան­դուխտի իմաստ կու տայ եւ թէ ուխտագ­նա­ցի։ Բա­ռին այս յատ­կութիւ­նը հրա­շալիօրէն կը պատ­շա­ճի Ճա­նիկեանի ապ­րումին։ Խո­տոր­ջուր անոր հա­մար եր­կար տա­րիներ հե­ռու մնա­ցած սրբա­վայր մըն է։

Վեր­ջա­պէս նշենք որ գիր­քը Փիէտ­րօ Քիւ­չիւքեանի կող­մէ են­թա­խորա­գիր­նե­րով դա­սաւո­րուած եւ ծա­նօթագ­րութիւննե­րով հարստա­ցուած է։ Սեր­հան Ատա­յի թարգմա­նու­թիւնն ալ ար­ժա­նի է գնա­հատան­քի։ Ծա­նօթագ­րութեան բնոյ­թով երկու նախաբաններն ալ ընթերցողը կը պատրաստեն այս գրական գործին աւելի լաւ թափանցելու համար։ Ճանիկեանի ինքնակենսագրութիւնը անշուշտ որ շատ կարեւոր է իր մերձաւորներուն համար, բայց նոյնքան կարեւոր է պատմագրութեան իմաստով։

Խո­տոր­ջուր
Ռա­ֆաէլ Ճա­նիկեան
Թարգմանութիւն՝
Սերհան Ատա
Իլէթիշիմ Հրատարակչութիւն
225 էջ