Երանի անտէր չմնայ

բագրատ էսդուգեան

Սովո­րաբար այս էջե­­րուն վրայ մե­­լան կը սպա­­ռենք հրա­­տարա­­կուած, յատ­­կա­­­պէս ալ նոր լոյս տե­­սած գիր­­քի մը մա­­սին։ Կը փոր­­ձենք այդ հրա­­տարա­­կու­­թեան բո­­վան­­դա­­­կու­­թե­­­նէն տե­­ղեակ պա­­հել «Ակօս Գի­­թափ/Գիրք» յա­­ւելո­­ւածի ըն­­թերցո­­ղը։ Նա­­խապա­­տուու­­թիւն կ՚ըն­­ծա­­­յենք հա­­յերէն գիր­­քե­­­րուն։ Սա­­կայն եր­­բեմն ալ կ՚անդրա­­դառ­­նանք թրքե­­րէնով գրո­­ւած բայց հա­­յոց վե­­րաբե­­րեալ նիւ­­թեր պա­­րու­­նա­­­կող գոր­­ծե­­­րուն։ 

Այս ան­­գամ բո­­լորո­­վին ան­­սո­­­վոր երե­­ւոյթ է։ Ծա­­նօթա­­ցած ենք հե­­ղինա­­կի մը հետ՝ Մեհ­­մետ Ալի Նի­­քապի, որ եկած է մե­­զի տե­­ղեակ պա­­հելու իր ան­­տիպ գոր­­ծէն։ Սե­­ւագ­­րութիւններ յանձնած է մեզ, որոնք թէեւ շատ ըն­­թեռնե­­լի, բայց մեզ հա­­մար ան­­հասկնա­­լի են։ Ան­­հասկնա­­լի են՝ քա­­նի որ այդ ըն­­թեռնե­­լի ձե­­ռագի­­րը արա­­բատառ է, թրքե­­րէն լե­­զուով։

Մեր հիւ­­րը՝ որ յայտնո­­ւեցաւ թե­­ւին տակ ու­­նե­­­նալով այդ ձե­­ռագիր էջե­­րը, կու գայ Ատրպա­­տակա­­նի Թաւ­­րիզ քա­­ղաքի հայ ապ­­րումնե­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու։

Իր տո­­ղերով ան ծնած է 1938 թո­­ւին Պարսկաս­­տա­­­նի Արե­­ւելեան Ատրպա­­տական նա­­հան­­գի Իզե­­հալիլ գիւ­­ղը։ Նա­­խակրթա­­րանի հինգ տա­­րուայ հիմ­­նա­­­կան ու­­սումը աւար­­տե­­­լով 1949-ին հօ­­րը հետ եկած է Կոս­­տանդնու­­պո­­­լիս, ար­­հեստ սո­­վորե­­լու։ «Այս գե­­ղեցիկ քա­­ղաքին մէջ 7-8 տա­­րի աշ­­խա­­­տեցայ -Անա­­տոլու Նրբանցք-ը Մէս­­յէօ Եանիի դեր­­ձա­­­կատու­­նը, Ան­­ժէ­­­լի ու Մի­­չոյի մօտ եւ ըն­­տե­­­լացայ շա­­պիկ կա­­րելու ար­­հեստին»։

Այս հա­­կիրճ մուտքէն ետք ան կը խօ­­սի իր բնօր­­րա­­­նին մա­­սին։ «Մեր գիւ­­ղի բնակ­­չութիւ­­նը ատրպա­­տակա­­նի թուրքե­­րէ կը բաղ­­կա­­­նար։ Հա­­րեւան Շե­­պիս­­թեր գիւ­­ղա­­­քաղա­­քի մօ­­տակայ­­քը կար –Հա­­յոց լեռ- կո­­չուած փլուր մը։ Մին­­չեւ օրս չէ ու­­սումնա­­սիրո­­ւած այդ փլու­­րի անո­­ւանու­­մին գաղտնի­­քը։ Մոլ­­լա Հեֆ­­սի անուն գրո­­ղը Արե­­ւելեան Ատրպա­­տակա­­նի ծա­­նօթ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րուն անո­­ւանա­­ցան­­կը, անոնց շիր­­մա­­­քարե­­րը ու­­սումնա­­սիրած, ցան­­կագրած ու հրա­­տարա­­կած է։ Այդ գիր­­քին մէջ կը հան­­դի­­­պինք հե­­տեւեալ ծա­­նօթագ­­րութեան՝ -Ղար­­աբա­­­ղի քոֆ­­ֆարնե­­րու եւ Մու­­սուլման­­նե­­­րու մի­­ջեւ պա­­տերազմ ծա­­գեցաւ, որուն հե­­տեւան­­քով Մու­­սուլման­­նե­­­րը աւե­­լի կո­­տորո­­ւեցան- Ըստ իս, այստեղ նշո­­ւած քոֆ­­ֆարնե­­րը հա­­յեր են։ Պար­­սիկնե­­րը որ­­պէս Քրիս­­տո­­­նեայ ծա­­նօթ են միայն հա­­յերուն։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ Ատրպա­­տակա­­նի ժո­­ղովուրդը անգլիացին, ֆրան­­սա­­­ցին կամ ամե­­րիկա­­ցին ալ հայ կը կո­­չէ։ Օրի­­նակի հա­­մար լո­­լիկի հունտը ամե­­րիկա­­յէն եկած է, բայց այդ շրջան­­նե­­­րուն կ՚անո­­ւանո­­ւի –հա­­յու սմբուկ-»։

Մեհ­­մետ Ալի Նի­­քապի նա­­խապէս հրա­­տարա­­կած է 11 գիր­­քեր, որոնցմէ մի քա­­նին պարսկե­­րէն են, իսկ մնա­­ցեալը թրքե­­րէն։ Այս վեր­­ջին աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թեան մէջ կը նշէ Թաւ­­րիզ քա­­ղաքի հայ­­կա­­­կան դի­­մագի­­ծը։ Ծա­­նօթու­­թիւններ կը փո­­խան­­ցէ քա­­ղաքի ցարդ գոր­­ծող կամ լքեալ, աւե­­րուած, խո­­նար­­հած, մզկի­­թի վե­­րածո­­ւած եկե­­ղեցի­­ներուն մա­­սին։ Կը յի­­շէ Թաւ­­րի­­­զի դպրոց­­նե­­­րը, որոնցմէ առա­­ջինը եղած է պր. Մես­­րոպ Գալ­­պանտեանի կող­­մէ 1835-ին Արա­­մեան փո­­ղոցի վրայ հիմ­­նո­­­ւած վար­­ժա­­­րանը։ Իսկ 1879-ին Աւա­­րայ­­րեան ըն­­կե­­­րու­­թիւնը հիմ­­նած է աղջկանց դպրո­­ցը։ Մի այլ աղջկանց վար­­ժա­­­րան կա­­ռու­­ցո­­­ւած է վա­­ճառա­­կան Թու­­մա­­­նեան եղ­­բայրնե­­րուն կող­­մէ, իրենց մօր՝ Ան­­նա­­­յի յի­­շատա­­կին, Ան­­նաեան անու­­նով։ 1906-ին Արա­­մեան թատ­­րո­­­նի հա­­մալի­­րին մէջ գոր­­ծել սկսած է հայ­­կա­­­կան հա­­մալ­­սա­­­րանը։ Այս հաս­­տա­­­տու­­թիւնը այժմ գո­­յու­­թիւն չու­­նի։ Սո­­լաքեանի կտա­­կով իրենց պատ­­կա­­­նող տա­­րած­­քին վրայ հիմ­­նո­­­ւեցաւ հայ­­կա­­­կան քո­­լէժ մը, որ շա­­րու­­նա­­­կեց մին­­չեւ 1936։ Հայ­­կա­­­զեան կրթա­­կան հա­­մալի­­րը Իրան-Իրա­­քի պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքին ռմբա­­կոծո­­ւեցաւ։ Գիր­­քին մէջ կը նշո­­ւին կարգ մը հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւններ՝ «Հայ Կա­­նանց Օգ­­նութեան Միու­­թիւն»ը կամ «Արա­­րատ» ակումբը։ Այս վեր­­ջի­­­նը հիմ­­նո­­­ւած է 1944-ին Թէհ­­րա­­­նի մէջ ու ապա մաս­­նա­­­ճիւղ ու­­նե­­­ցած Թաւ­­րիզ։ Կը պատ­­մէ հայ ճար­­տա­­­րարո­­ւես­­տին այս քա­­ղաքին բե­­րած նպաստնե­­րը։ Յատ­­կա­­­պէս կ՚անդրա­­դառ­­նայ ճար­­տա­­­րապետ Աւե­­տիս Օհան­­ճա­­­նեանի գլուխ գոր­­ծոց շի­­նու­­թեան՝ Թաւ­­րի­­­զի քա­­ղաքա­­պետա­­րանի շէն­­քին։

Ապա ու­­շագրաւ վկա­­յու­­թիւններ կը բե­­րէ իր կեան­­քէն։ «Նոր ամուսնա­­ցած էի եւ խնա­­յողու­­թիւն ընե­­լով յա­­ջողե­­ցայ ռա­­տիօ ըն­­կա­­­լուչ մը գնե­­լու։ Սա­­կայն մեր տան­­տէ­­­րը սաս­­տիկ բո­­ղոքեց, ըսե­­լով թէ ռա­­տիոյի ներ­­կա­­­յու­­թեամբ չի կրնար իր ամե­­նօրեայ պաշ­­տա­­­մուն­­քը՝ նա­­մազը կա­­տարել։ Այս լսե­­լով որո­­շեցինք Հա­­յաս­­տան փո­­խադ­­րո­­­ւիլ»։ Իմ շո­­ւարումս, դէմ­­քիս յայտնո­­ւած զար­­մանքը նկա­­տելով իս­­կոյն վրայ բե­­րաւ։ «Քա­­ղաքի հայ­­կա­­­կան թա­­ղամա­­սը թէեւ Պար­­նա­­­ւագ կը կո­­չուի, բայց մենք տե­­ղացի­­ներս աւե­­լի յա­­ճախ կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծենք -Հա­­յաս­­տան- բա­­ռը, այդ թա­­ղը նշե­­լու պա­­հուն»։

Գա­­լով հե­­ղինա­­կի այս 12-րդ գիր­­քի ան­­տիպ մնա­­լու ոդի­­սակա­­նին, կը լսենք իրա­­պէս ալ տխուր պատ­­մութիւն մը։ «Ատրպա­­տակա­­նի թուրք հրա­­տարա­­կիչ­­նե­­­րը չու­­զե­­­ցին հրա­­տարա­­կել այս աշ­­խա­­­տու­­թիւնս, քա­­նի որ ան կը պատ­­մէր Թաւ­­րի­­­զի հայ կեան­­քը։ Իսկ հայ հրա­­տարա­­կիչ­­ներ ալ ան­­տարբեր մնա­­ցին իմ՝ թուրք հե­­ղինա­­կիս գրա­­կանու­­թեան հան­­դէպ»։

Մենք շա­­հեկան գտանք այս պատ­­մութիւ­­նը եւ ու­­զե­­­ցինք «Ակօս Գի­­թափ/Գիրք»ի այս հա­­մարին մէջ ըն­թերցո­ղին ծա­նօթաց­նել ան­տիպ գործ մը, որ կը մնայ մեր դա­րակին մէջ ըն­թեռնե­լի արա­բատառ ձեռագիրով։